ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻ ՈՒԽՏԻ ՕՐՈՒԱՆ ՆՇՈՒՄ

Օգոստոս 16-ին Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին նշեց Սուրբ Մարիամ Աստուածածնի Վերափոխման տօնը։
Միածնաէջ Մայր Տաճարին մէջ մատուցուեցաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռի միաբան Գերաշնորհ Տ. Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանը։
Ներկայացնելով տօնին խորհուրդը՝ պատարագիչ Սրբազանը խօսեցաւ Սուրբ Կոյսի աւետարանական կերպարին մասին։
Սուրբ Պատարագի աւարտին եկեղեցականներու թափօրը Մայր Տաճարէն ուղղուեցաւ դէպի Սուրբ Տրդատի բաց խորանը, ուր, հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, կատարուեցաւ «Խաղողօրհնէքի» հանդիսաւոր կարգը։
Օրհնութեան արարողութեան աւարտին Վեհափառ Հայրապետն իր օրհնութեան խօսքը ուղղեց հաւատաւոր ժողովուրդին, որմէ ետք ներկաներուն բաժնուեցան օրհնուած խաղողի ողկոյզներ։
Միւս կողմէն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնն ալ նշեց այս տօնը Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ: Հազարաւոր ուխտաւոր հայորդիներ, Շաբաթ, 15 Օգոստոսի երեկոյեան, հաւաքուած էին Սուրբ Աստուածածին Վանքի համալիրին մէջ՝ մասնակցելու ուխտի Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին եւ խաղողի ու մատաղի օրհնութեան, որոնց հանդիսապետեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Հայրապետը։ Օրուան պատարագիչն էր Մայր Տաճարի լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Սիփան Արք. Քէչէճեան։ Սուրբ Պատարագի գեղեցիկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ Հոգեշնորհ Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի խմբավարութեամբ։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Վեհափառ Կաթողիկոսը, բարձրաստիճան միաբան հայրերու ուղեկցութեամբ, բարձրացաւ խորան եւ կատարեց խաղողօրհնէք ու մատաղօրհնէք։ Ապա, ան յղեց իր հայրապետական պատգամը։ Նորին Սուրբ Օծութիւնը ըսաւ. «Մեր ժողովուրդի կեանքին լայն չափով ծանօթ ըլլալով, խոր մտահոգութեամբ կը հաստատենք, որ, որպէս ազգ, հայրենիք ու եկեղեցի, կ՚ապրինք դժուար պայմաններու մէջ. կը շարունակենք դիմագրաւել ներքին թէ՛ արտաքին մարտահրաւէրներ ու տագնապներ։ Այս կացութեան դիմաց, մեր ինքնութեան ողջ պահպանումը եւ մեր գերագոյն ու ընդհանրական իտէալներու ու արժէքներու շուրջ ազգին համախմբումը մեզի համար կը մնայ առաջնահերթ»։
Այս ահազանգին դիմաց Հայրապետը թելադրեց ունենալ մեր դիրքորոշումն ու մօտեցումը, մանաւանդ ներկայ յարափոփոխ աշխարհին մէջ. «Եկեղեցին չի կրնար անտարբեր ըլլալ մեր ժողովուրդը յուզող խնդիրներուն ու շրջապատող տագնապներուն նկատմամբ». ան դիտել տուաւ, որ Եկեղեցին ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ գոյութիւն մը չէ, այլ դէպի ժողովուրդ ուղղուած առաքելութիւն է, որ կ՚առաջնորդուի Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւններով ու սկզբունքներով։ «Եկեղեցւոյ դերը հրահանգել չէ, այլ՝ ծառայել, վկայել, ուսուցանել, օժանդակել, յիշեցնել եւ, անհրաժեշտութեան պարագային, Քրիստոսի ներկայութեամբ հզօրացած՝ առաջնորդել», ընդգծեց Հայրապետը, որ իր պատգամը եզրափակեց՝ ըսելով. «Արժէք, աւանդութիւն, ընտանիք։ Ահաւասիկ մեր ազգի ինքնութեան ամուր պահպանման ու յաւերժութեան երթին հզօրացման զօրեղ կառոյցները։ Մնանք հաւատարիմ մեր պատմութեան կողմէ մեզի ժառանգուած մեր ինքնուրոյն գոյութեան այս հիմնասիւներուն»։
Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի օրը աւարտեցաւ Տէրունական Աղօթքի եւ «Կիլիկիա» օրհներգի երգեցողութեամբ։ Ապա, Հաւատացեալները Սուրբ Հաղորդութիւն եւ օրհնուած խաղող ու մատաղ ստացան։

