
ՊԱՔՈՒ (Ա.Փ.Ա.).- Սեպտեմբեր 16-ին, Սուրիոյ մէջ կատարուած բախումներուն, սպաննուած է ազերի իսլամ ծայրայեղականներու առաջնորդ Ապու Եահիա Ալ Ազերին: Նշենք թէ, վերջերս վերլուծաբան Արիֆ Եունէսը, իր մէկ յօդուածին մէջ յայտարարած էր, որ Սուրիոյ, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի մէջ կը կռուին երեք հարիւրէ աւելի ազերի զինեալներ, որոնցմէ հարիւրը` Սուրիոյ մէջ: Ազերի զինեալներու առաջնորդ Ապու Եահիան սպաննուած է Համա-քաղաքին մօտ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին, օդային յարձակման ընթացքին: Ցարդ, բախումներու ընթացքին սպաննուած ատրպէյճանցի զինեալներու թիւն է երեսուն:
Այս զինեալները Սուրիա եկած են Ատրպէյճանէն, Աֆղանիստանէն (թալիպան ազերիներ), Ռուսաստանէն (Հիւսիսային Կովկաս) եւ այլ երկրիներէ: Այս զինեալներու մեծ մասը “Ժէյշ ալ-Մուհաճիրին Ուալ-Անսար“ խմբաւորման անդամներ են: