ԳլխաւորԿիզակէտ

«ՍՈՒԼԹԱՆ ԷՐՏՈՂԱՆ» ՏԱՊԱԼԵԼՈՒ ԿՈՉՈՒԱԾ ԲՆԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԴԱՇՏ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան ու կուսակիցները երեւակայելի ու աներեւակայելի բոլոր միջոցներուն դիմեցին, որպէսզի նախագահին իրաւասութիւնները անսահման կերպով ընդարձակող օրէնքին մասին Կիրակի, 16 Ապրիլի հանրաքուէն յաղթանակ բերէ նախագահին։ Եւ ինքզինք քաղաքակիրթ ու ժողովրդավարութեան դրօշակիր դասող աշխարհը անգամ մը եւս հանդուրժողութեամբ դիտեց Էրտողանի յելուզակութիւնը, տեղ մը ողջունելով արդիւնքը, իսկ տեղ-տեղ ալ բաւականանալով կրաւորականութենէ անդին չանցնող քննադատութիւններով։ Եւ ահա, Էրտողանի դիմաց բացուեցաւ բռնատէր սուլթան դառնալու վերջին դուռը, որուն մասին երազած ու գործած էր ան շուրջ 15 տարիէ ի վեր։
Ներքին ու արտաքին աղբիւրներէ քաղելով՝ արձանագրենք քանի մը փաստացի տուեալներ, որոնք ցոյց կու տան, թէ ինչպիսի՛ մեքենայութեան մը հետեւանքն էր Էրտողանի ի նպաստ «այո»ն։
Տարակարծութիւն չկայ, թէ Էրտողան միշտ ալ խարդախութեան դիմած է քուէներ ապահովելու համար, սակայն այս անգամ գերազանցեց իր նախորդ մրցանիշները։ Հանրաքուէին արդիւնքը ցոյց կու տայ, որ Էրտողանի ծրագիրը ապահոված է քուէներուն միայն 51.4 առ հարիւրը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Թուրքիոյ բնակչութեան մօտաւորապէս կէսը դէմ էր այդ ընտրանքին։ Նախագահին պահանջին դէմ քուէարկած է Թուրքիոյ մեծագոյն քաղաքներուն բնակչութեան մեծ մասը։ Քուէարկութիւնը տեղի ունեցած է հսկող աչքերէ հեռու. Էրտողան չարտօնեց, որ եւրոպացի դէտեր հետեւին քուէարկութեան, զանոնք հռչակելով Թուրքիոյ ներքին գործերուն միջամտող ահաբեկիչներ։ Իսկ անոնք, որոնք յաջողած են հետեւիլ «աճպարարութեան», կը հաւաստեն, որ 1.5-էն մինչեւ 2.5, իսկ ըստ ընդդիմադիրներու՝ մինչեւ 5 միլիոն քուէներու զեղծում եղած է. օրինակ, քուէարկութեան հսկելու պատրուակով շրջագայող ոստիկան խումբեր քուէարկած են մէկէ աւելի կեդրոններու մէջ, չկնքուած պահարաններով մեծ թիւով քուէներ նետուած են տուփերու մէջ, որովհետեւ քուէարկութեան կեդրոններու պատասխանատուներուն հրահանգ ուղղուած է, որ արտօնեն նաեւ նման քուէներ, «որովհետեւ երբ ժողովուրդը քուէ տալու եկած է եւ կնքուած պահարան չկայ, կարելի չէ քուէի իրաւունքէ զրկել ոեւէ մէկ, հոգ չէ թէ սա անկանոնութիւն է», յոխորտացած է Էրտողանի կուսակցութեան մէկ բանբերը։ Տակաւին, ընդդիմադիրները արձանագրած են, որ շուրջ հազար կեդրոնէ հաւաքուած տուփերու մէջ, միայն «այո» քուէներ գտնուած են։ Ու եթէ նկատի ունենանք, որ Էրտողան շահած է շուրջ 1.2 միլիոն քուէի առաւելութեամբ, յստակ կþըլլայ, թէ իսկապէս ի՛նչ էր հանրաքուէին արդիւնքը։
Ահա այսպիսի պայմաններու մէջ էր որ Էրտողան օրինականութեան կնիքը դրաւ հանրաքուէի արդիւնքին վրայ, պաշտօնապէս գողնալով ժողովուրդին կամքը։
Կարգ մը մեկնաբաններու նկատողութենէն չի վրիպիր, որ Էրտողանի կորզած արդիւնքը միայն Կիրակի, 16 Ապրիլի խաղքութիւններուն հետեւանքը չէր, այլ սուլթանցուն այս նպատակին հասնելու համար կþաշխատէր աւելի քան 10 տարիէ ի վեր։ Շղթային վերջին օղակները կազմուեցան Կիւլէնի վերագրուած յեղաշրջական փորձէն (անցեալ ամառ) ետք ծայր տուած բռնադատութիւններով. աւելի քան 100,000 պետական «անվստահելի» պաշտօնեաները գործազրկուեցան, 40,000 ընդդիմադիրներ կը մնան կալանքի տակ, անոնց շարքին՝ շուրջ 150 լրագրողներ ու խմբագիրներ, շուրջ 180 պատկերասփիւռի կայան, թերթ ու տեղեկատու այլ աղբիւրներ փակուեցան, քիւրտերու դէմ հալածանքներն ու բռնադատութիւնները նուաճեցին քաղաքական ու զինուորական դաշտերը…։ Աւելի ետ երթալով, յիշեցում կատարուեցաւ, որ շուրջ 10 տարի առաջ, Էրկենեքոնի մասին տեղին ու անտեղի հալածանքները խորքին մէջ ջուր բերած են բանակայիններ ու ապակրօնականները չէզոքացնելու իսլամական Էրտողանի ծրագիրներուն, որոնք օրին լայնատարած բազուկներով դիմաւորուած էին ներսէն ու դուրսէն։

«Այո» քուէն խլելէ ետք, Էրտողան կը խոստանայ «յաւելեալ բարեկարգումներ» կատարել, սկսելով դատարանային կալուածէն։ Նոր դրութիւնը նախագահին իրաւունք կու տայ ըստ կամս հրամանագիրներ արձակելու, նախարար նշանակելու ու վար առնելու, խորհրդարանը իրողական խրտուիլակի վերածելու, ստիպողական վիճակի դրութիւն յայտարարելու եւ մահապատիժ կիրարկելու, որպէսզի քիւրտեր, ընդդիմադիրներ եւ այլախոհներ չէզոքացնէ առանց հաշուետուութեան։ Սա արդէն Եւրոպայի մէջ որոշ ահազանգեր հնչեցուցած է։ Ան նաեւ կրնայ օրէնքները այնպիսի «բարելաւումներու» ենթարկել, որ կարենայ նախագահական, ներողութի՜ւն՝ սուլթանական աթոռին վրայ մնալ մինչեւ… 2034։
Մէկ խօսքով, Սուլթան Համիտն ու անոր վերջին ժառանգորդները պատմութեան անցընելէ մօտաւորապէս 100 տարի ետք, Էրտողան վար կþառնէ թրքական «ժողովրդավարութեան» վերջին դիմակը, աշխարհին ցոյց տալու համար, որ Մուսթաֆա Քեմալի հրապարակած ապակրօնական եւ ժողովրդավարական ծածկոյթը քուրջի կտոր է եղած միայն, աշխարհը խաբելու դրօշակ մը…։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button