
ՊՐԱԹԻՍԼԱՒԱ (“ԱրմիաՆաու“, “Երկիր“) .- Սլովաքիոյ Գերագոյն դատարանի նախագահ, փոխ վարչապետ Շթեֆան Եարապին, յայտնեց թէ, Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքին նախագիծը, զոր ան տարիներ առաջ ներկայացուցած էր Ազգային խորհուրդ, արդէն հաստատուած է եւ նոյնիսկ ստացած օրէնքի ուժ:
Իբրեւ փոխվարչապետ եւ Արդարադատութեան նախարար, երկու տարի առաջ Հայաստան իր պաշտօնական այցելութեան ընթացքին, Եարապին յայտարարած էր, որ ան պատրաստած է հրէական Ողջակիզումը մերժողներուն նկատմամբ քրէական պատիժի կիրառման օրէնք մը, որ պիտի ընդգրկէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման պարագան:
Հայոց Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, որ վաւերացուած էր Սլովաքիոյ Ազգային խորհուրդին կողմէ 2004ին, հնարաւորութիւն կու տայ որ վերոյիշեալ օրէնքը կիրառուի նաեւ Ցեղասպանութիւնը ուրացողներու եւ մերժողներու նկատմամբ:
“Անոնք, որոնք հրապարակայնօրէն կ՛արդարացնեն միջազգային քրէական դատարանի 6, 7 եւ 8րդ յօդուածներունհամապատասխան գործողութիւնները, որոնք կը համապատասխանեն ցեղասպանութեան յարկանիշներուն, կը համարուինյանցագործներ եւ այդ յանցագործութիւնը կատարող անձը կամ անձերու խումբը կը պատժուի բանտարկութեամբ` մէկ–երկու տարուանժամկէտով:
Եթէ այդ յանցագործութիւնը կատարուի յատուկ նպատակներով կամ միտումնաւոր, ապա յանցագործութիւն կատարող անձը կըպատժուի 2-5 տարուան բանտարկութեամբ“:
Եարապին յայտնած է թէ Փետրուար 2012ին, Եւրոպայի Հայկական Միութիւններու Հիմնարկի նախագահ Աշոտ Գրիգորեանի հետ գործակցաբար, վերոնշեալ նիւթին շուրջ գիտաժողով մը պիտի կազմակերպէ, որուն մասնակցելու համար արդէն հրաւէր ստացած են Հ.Հ. վճռաբեկ դատարանի նախագահ Արման Մկրտումեան եւ Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան: Այսպէս, եթէ ոեւէ անձ Սլովաքիոյ մէջ, օտար թէ տեղացի, կամ Սլովաքիոյ ոեւէ քաղաքացի` աշխարհի որեւէ երկրի մէջ, հանդէս գայ Ցեղասպանութիւնը մերժող յայտարարութեամբ, ապա պիտի ենթարկուի 2-5 տարուայ ազատազրկման: