
Աշխատանքի երթ ու դարձի ճամբուս վրայ, կայ վառելանիւթի կայան մը, զոր ես ինծի համար ցուցանիշ ճշդած եմ սակերու ելեւէջին (խայտաբղէտ կայաններու սակացոյցերն ալ խայտաբղէտ են. կրնա՞ս բոլորին ելեւէջներուն հետեւիլ): Անցեալ ամիսներուն, անոր ցուցատախտակին վրայ հետեւած եմ սակերու արագ վերելքին:
Նկատեր էի, թէ ինչպէ՛ս` սկզբնական շրջանին, քանի մը օրը անգամ մը սակերը կը մագլցէին դանդաղօրէն: Յետոյ, մագլցումը թափ ստացաւ. եղան օրեր, երբ սակացոյցը վերելք ցոյց տուաւ թէ՛ երթիս, թէ՛ դարձիս:
Պաշտօնական այս կողոպուտը շարունակուեցաւ մինչեւ անցեալ շաբաթ, երբ յանկարծ, Նիւթընի Ձգողութեան Օրէնքը սկսաւ իր ներգործութիւնը ունենալ ցուցատախտակին վրայ. սակերը բաւական անկում կրած են հիմա:
Կը մտածեմ. հաւանաբար քարիւղի ընկերութիւնները ինքնաբերաբար խղճի եկած են եւ որոշած են կողոպուտը մեղմել: Փաստօրէն, ոչ ոք գանգատեցաւ սակերու բարձրացման դէմ (եթէ տունը, կամ` բարեկամներու հետ զրոյցի պահուն գանգատեցաք, դո՛ւք ալ գիտէք, թէ այդ գանգատները լսող ականջներու չեն հասնիր): Միջին Արեւելքը եռեւեփող ցոյցերուն պէս արարքներ տեղի չունեցան, ոչ ալ իշխանութեան տապալումի սպառնալիքներ:
Սակերու անկումը, ինչպէս նախընթաց շաբաթներուն արձանագրուած բարձրացումները, տրամաբանական բացատրութիւն չունին, ինչպէս որ անբացատրելի են… անոնց հանդէպ կրաւորական հանդիսատեսութիւնը:
Եթէ մօտիկ անցեալին բարձրացումները կը դիտուէին մտահոգ աչքերով, նուազումը վստահաբար կը դիտուի այն գոհունակութեամբ, որ կը բացատրուի հայկական հետեւեալ առածով.- »Եթէ Աստուած ուզէ աղքատը ուրախացնել, նախ էշը կորսնցնել կու տայ, յետոյ` գտնել կու տայ«:
Կրաւորականութեան պատճառները կարելի է փնտռել շատ տեղ, օրինակի համար` ելեւէջներուն մասին լրատու միջոցներու բացարձակ անտարբերութեան մէջ: Արդեօք զանգուածային մամուլը երբեւիցէ հաղորդե՞ց, որ տակառ մը քարիւղի արտադրութեան սակը շուրջ 20 տոլար է, իսկ միջազգային սակարանին մէջ` 110 տոլար…: (Բայց ատիկա… մեզի՞ ինչ):
Հիմա հաւատա՞նք, որ մարդիկը խղճի եկած են ու սպառողին հանդէպ սէր-գուրգուրանք կը տածեն (անշուշտ ոչ` իրենց գրպաններուն չափ), թէ՞ եղածը պարզապէս միջնարար մըն է, աչքի փոշի ցանելու պէս բան մը:
Ս. Մ.