
Read Time:21 Second
Ամերիկահայ հանրածանօթ երգիչ Սերժ Թանքեան,Օգոստոս 12ին ելոյթ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Համերգը կատարուեցաւ «Կարէն Տէմիրճեան» անուան մարզահամերգային համալիրէն ներս:
Լեցուն սրահը. ամէնայն խանդավառութեամբ հետեւեցաւ այս ելոյթին: Թանքեան մեծամասնութեամբ իր վերջին խտասալիկին՝ «Imperfect Harmonies» երգերը ներկայացուց:
Այս միեւնոյն յայտագիրը պիտի ներկայացուի Եւրոպական կարգ մը քաղաքներու մէջ, որոնց կարգին՝ Պուքրէշ (Ռումանիա), Պուտափեշթ (Հունգարիա), Լոնտոն (Անգլիա), եւայլն:
Համերգի անակնկալներէն մէկն էր «Այո, սա Ցեղասպանութիւնն է» երգը՝ հայերէն լեզուով: