ՌՈՒՊԻՕ ԵՒ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑԻՆ «ԹՐԻՓՓ»-Ի ՆԱԽԱԳԻԾԸ

ԵՐԵՒԱՆ․- Ա.Մ.Ն.-ի պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան նախաստորագրեցին Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ «Թրամփի ուղի յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» («ԹՐԻՓՓ») նախագիծին վերաբերող ռազմավարական համագործակցութեան շրջանակային համաձայնագիրը։
Ստորագրուեցան նաեւ Հայաստան-Ա․Մ․Ն․ համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւնը, ինչպէս նաեւ կարեւոր հանքանիւթերու եւ հազուագիւտ հանածոներու արդիւնահանման ու մշակման ոլորտին մէջ, մատակարարման ապահովման վերաբերող շրջանակային յուշագիրը։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց․ «Քիչ առաջ մեր ռազմավարական գործընկերութիւնը բարձրացուցինք նոր մակարդակի՝ զայն վերանուանելով համապարփակ ռազմավարական գործընկերութիւն»։
Մարքօ Ռուպիօ իր կարգին ըսաւ․ «Մեր համագործակցութիւնը միայն TRIPP-ով չի սահմանափակուիր։ Մենք կը շարունակենք զարգացնել մեր գործակցութիւնը բազմաթիւ ուղղութիւններով։ Մենք նաեւ ստորագրեցինք համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան կանոնադրութիւն մը, որ կը սահմանէ մեր երկկողմ յարաբերութիւններու շրջանակը եւ նոր ուղի կը բանայ, որմէ պիտի օգտուին թէ՛ հայերը եւ թէ՛ ամերիկացիները»։
Ա․Մ․Ն․-ի պետական քարտուղարը Երեւան ժամանած էր իր կնոջ հետ։ Երկկողմ փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութենէն առաջ տեղի ունեցաւ ընդլայնուած կազմով հանդիպում մը։ Բանակցութիւնները կայացան օդակայանին մէջ, իսկ Ա․Մ․Ն․-ի պետքարտուղարի կարճատեւ այցելութիւնը Երեւան տեւեց մօտաւորապէս մէկ ժամ։

