Գլխաւոր
Ռոպերթ Քոչարեան Եւ Աւագ Որդին՝ Սեդրակը Ձերբակալուած
ԵՐԵՒԱՆ.- Երեքշաբթի 25 Օգոստոս-ին, ձերբակալուած են Հ.Հ. երկրորդ նախագահ Ռոպերտ Քոչարեանն ու անոր աւագ որդին՝ Սեդրակ Քոչարեանը։
Իրաւապահները խուզարկութիւններ եւ այլ քննչական գործողութիւններ կը կատարեն քանի մը տասնեակ հասցէներու վրայ։ Գործողութիւններ կը կատարուին նաեւ «Օրանժ Ֆիթնես» ակումբին եւ «Փլէյ Սիթի» զուարճանքի կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց տնօրէններու բնակարաններուն մէջ։
Քննութեան շրջանակին մէջ ընդհանուր առմամբ վեց անձ ձերբակալուած է։

