
Սեպտեմբեր 30-ին, Ախալքալաքի հայաբնակ Գումբուրդօ գիւղի բնակչութիւնը թոյլ չտուաւ 974 թուականին կառուցուած հայ քաղկեդոնական ճարտարապետութեան լաւագոյն կոթողներէն մէկուն` Սուրբ Համբարձման եկեղեցւոյ բակը տեղափոխել, պողումներու արդիւնք՝ յայտնաբերուած խաչքար մը:
Այս պատճառով, տեղի ունեցաւ բախում, տեղւոյն ոստիկանութեան եւ բնակչութեան միջեւ: Բախումները սաստկացան, երբ եկեղեցի այցելեց ներքին գործոց նախարար Կիորկի Մղերպիշվիլի:
Այս առթիւ, Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ Քարթլիի հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդը հաղորդագրութիւն մը լոյս ընծայած է, որուն մէջ կը տեղեկացնէ.- «Ջաւախքի հայութիւնը մշտապէս յարգել է վրաց պետականութիւնը եւ իր կողքն ապրող եղբայրակիցների ստեղծած արժէքները, միաժամանակ` անհանդուրժող է գտնուել իր հանդէպ դրսեւորուող անարդարութիւնների նկատմամբ: Վերջապէս ժամանա՛կն է գիտակցելու այս անշրջելի իրողութիւնը: Ըստ այդմ` խորհուրդը պահանջում է վրաց աշխարհիկ եւ հոգեւոր իշխանութիւններից` զերծ մնալ տասնամեակներով որդեգրուած եւ Ջաւախքի ազգաբնակչութեան շրջանում ծայրայեղ դժգոհութիւններ առաջացնող ցանկացած գործողութիւնից, աշխուժօրէն բանակցել գումբուրդոցիների հետ` հասնելու համար երկու կողմերի համար ընդունելի եւ փոխշահաւէտ լուծման, ինչը եւ կարող է լաւագոյնս կանխել ապագայի անցանկ