Լրահոս
ՊՈՍԹԸՆԻ ՄԷՋ․- Հ.Ե.Դ.-Ի ՈՂԻՄՊԻԱԿԱՆ ԽԱՂԵՐ

Հինգշաբթի, Օգոստոս 28-ին, Պոսթընի Hilton Park Plaza պանդոկին մէջ մեկնարկը տրուեցաւ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան 91-րդ ողիմպիական խաղերուն։
Հ.Ե.Դ.-ի «Նժդեհ» մասնաճիւղին կողմէ կազմակերպուած են այս տարուայ ողիմպիական խաղերը, որոնք նաեւ մարզական մրցումներու կողքին, կ՛ընդգրկեն գեղարուեստական յայտագիրներ եւ երաժշտական համերգներ։
Ոչ թէ՛ միայն Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի, այլ ընդհանրապէս ամերիկահայ համայնքի ամենէն սիրուած, ժողովրդականութիւն վայելող ու բազմամարդ ձեռնարկներէն մէկն է այս հաւաքը, որ կը կազմակերպուի տարեկան դրութեամբ, աշխատաւորներու օրուան զուգադիպող շաբաթավերջին։ Ողիմպիականը պիտի աւարտի Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 1-ին։

