
Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Համազգայինի 37-րդ պատգամաւորական ժողովը տեղի ունեցաւ Պոսթընի Բաբգէն Սիւնի ակումբի ժողովասրահէն ներս, Մայիս 5-ին, մասնակցութեամբ մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն եւ հիւրաբար հրաւիրուած ներկաներու:
Բանաւոր պատճառներով, բացակայ էին Ֆիլատելֆիոյ ներկայացուցիչները: Մնացեալ մասնաճիւղերը` Տիթրոյթ, Շիքակօ, Ուաշինկթըն, Նիւ Եորք, Նիւ Ճըրզի, Փրովիտենս եւ հիւրնկալ Պոսթըն, ներկայ էին իրենց ներկայացուցիչներով: Կեդրոնական Վարչութիւնը կը ներկայացնէր Վիգէն Եագուպեան:
Քննուեցաւ նախանցեալ Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը, նաեւ կատարուեցան առաջարկներ: Շրջանային Վարչութեան անդամ ընտրուեցան.-
Տիգրան Գազանճեան (Ուաշինկթըն – ատենապետ), Յասմիկ Աբրահամեան (Նիւ Ճըրզի – ատենադպիր), Արաքսի Խաչիկեան (Ուաշինկթըն – գանձապահ), Նարինէ Գրիգորեան (Շիքակօ – հաշուապահ), Ալին Պաղտասարեան (Ուաշինկթըն – փոխ ատենապետ), Արեւիկ Գաբրէլեան (Նիւ Եորք – խորհրդական) եւ Մարթին Յարութիւնեան (Պոսթըն – խորհրդական): Նշենք թէ, այս առթիւ կատարուեցաւ համախմբումը, որուն ընթացքին յանձնուեցան մրցանակներ, կատարուեցաւ ճաշկերոյթ ընթրիք եւ համերգ, մասնակցութեամբ Աննա Մայիլեանի: Յետագային, այս հանդիսութեան մասին, յատուկ թղթակցութիւն մը պիտի կատարուի: