
ԼԱ ՓԱՍ.- Պոլիվիոյ խորհրդարանը միաձայնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող, յանցագործութիւնը դատապարտող եւ հայ ժողովուրդին զօրակցութիւն յայտնող բանաձեւ մը որդեգրեց:
Ծերակոյտի նախագահ Սոնիա Կուարտիա Մելկար «Փրենսա Արմենիա» հայկական լրատուամիջոցին յայտնեց, որ միաձայնութեամբ հրապարակուած բանաձեւը ընդունուած է ինչպէս Ներկայացուցիչներու տան, նոյնպէս ալ Ծերակոյտին կողմէ` նախապէս արժանանալով արտաքին գործոց նախարարութեան համաձայնութեան: «Մենք մեր անվերապահ աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը կը յայտնենք հայ եւ քիւրտ ժողովուրդներուն, որովհետեւ մեր պետական սահմանադրութիւնը` օրէնքներուն օրէնքը կը մերժէ խտրականութիւնը, մարդու իրաւունքներու խախտումը եւ ցեղասպանութիւնները», ըսաւ ան:
Բանաձեւին ամբողջական յօդուածը հետեւեալն է`«Պոլիվիոյ Օրէնսդիր ժողովը կը կիսէ եւ կը զօրակցի հայ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին` յանուն մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան, ճշմարտութեան եւ արդարութեան հաստատման: Ան կը յայտարարէ իր զօրեղ յանձնառութիւնը մարդու իրաւունքներու ու արդարութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ եւ կը դատապարտէ հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ցեղասպանութեան ու կրած տառապանքներուն ժխտման քաղաքանութիւնը»:
Սոնիա Կուարտիա Մելկար շեշտեց թէ նկատի առնուած է 1915-1923 թուականներուն հայերուն դէմ թրքական պետութեան գործած յանցանքը: Պոլիվիոյ կողքին, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս դատապարտած են նաեւ Ուրուկուէյը եւ Արժանթինը: