
Պոլսոյ մէջ, Մայիս 28, 2013-ը յիշատակելի օր մը եղաւ եւ ապագային ալ կրնայ նկատուիլ, նոյնքան անկիւնադարձային, որքան Դեկտեմբեր 18, 2010 (Թունուզի յեղափոխութիւն) կամ Յունուար 25, 2011 (Եգիպտոսի յեղափոխութիւն) թուականները:
Դէպքը սկսաւ, պարզ բողոքի ցոյցով մը, երբ բնութեան պաշտպան կազմակերպութիւններու պատկանող կարգ մը խմբակցութիւններ, հաւաքուեցան “Կեզի“ Հանրային պարտէզին շուրջ, բողոքելով պետութեան այն որոշումը թէ, այդ հողաշերտը պիտի վերածուի առեւտրական արդի համալիրի:
Ցուցարարներու թիւը բազմապատկուեցաւ եւ փոխադրուեցաւ մօտակայ “Թաքսիմ“ հրապարակ: Հակառակ կատարուած միջամտութիւններուն, ցուցարարներ չհեռացան հրապարակէն, նոյնիսկ ըմբոստանալով ոստիկաններուն դէմ: