ԳլխաւորԼրահոս

Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան Արտաքին Յարաբերութեանց Յանձնախումբը Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութեան Բանաձեւ

p1

ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Պելճիքայի Ներկայացուցիչներու Տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբը, Յուլիս 7-ին որդեգրեց տեղւոյն կառավարութեան կողմէ ներկայացուած` Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւը:
Որդեգրուած բանաձեւին նախագիծը կը ճանչնայ եւ կը դատապարտէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կոչ կ՛ուղղէ` հաշտեցման եզրեր փնտռելու, եւ կը դրուատէ Պելճիքայի վարչապետ Շարլ Միշելի այն յայտարարութիւնը, թէ .- «Մեր դիրքորոշումը միշտ յստակ եղած է: Հայոց Ցեղասպանութիւնը կատարուած է: Այդ հարցին մէջ երկու կարծիք չի կրնար ըլլալ»:
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի մամլոյ պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան կը նշէ թէ, ցարդ Ներկայացուցիչներու Տան քուէարկութեան օրը կը մնայ անորոշ:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button