ԳլխաւորԼրահոս

Պելճիքայի Մէջ.- Արցախի Հետ Բարեկամութեան Խումբերու Ստեղծում`

ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Հոկտեմբեր 20-ին, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, Վալոնիոյ խորհրդարանին մէջ Արցախի հետ 16 ֆրանսախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ կազմուած բարեկամութեան խումբ մը հիմնուեցաւ: Երկու օր առաջ,  գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը, բաղկացած 11 հոլանտախօս քաղաքագէտներէ եւ քաղաքացիական անձնաւորութիւններէ,  հիմնուած էր  ֆլամանտական խորհրդարանին մէջ:

Երկու արարողութիւններուն ներկայ էին Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի եւրոպական հարցերու պատասխանատու Հեղինէ Էվինեան եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

Կարապետեան անդրադառնալով այս մեծ յաջողութեան ըսաւ. «Շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել բոլոր ֆրանսախօս եւ հոլանտախօս պելճիքացի քաղաքական գործիչներուն, որոնք  Արցախի Հանրապետութեան հետ ստորագրեցին համագործակցութեան այս հռչակագիրները: Այս երկու բարեկամութեան խումբերու ստեղծումը կը վկայէ պելճիքական ամբողջ քաղաքական դասի ցանկութիւնը Արցախի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ մասնակից դառնալու Արցախի ժողովուրդին ատրպէյճանական մեկուսացումէն դուրս հանելու հոլովոյթին: Ֆրանսայէն ետք, ուր նոյնանման բարեկամութեան խումբ մը  գոյութիւն ունի 2013-էն սկսեալ, Արցախի ժողովուրդի ձայնը այլեւս աւելի բարձր լսելի պիտի դառնայ նաեւ Պելճիքայի մէջ: Կը շնորհաւորեմ նախագահ Սահակեանն ու Արցախի իշխանութիւնները եւ վստահ եմ, որ այս հռչակագիրը շուտով կը թարգմանուի գործնական եւ արդիւնաւէտ աշխատանքներու` զանազան բնագաւառներու մէջ: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը պիտի աջակցի բարեկամութեան այս խումբերուն` անոնց աշխատանքները յաջողութեան հասցնելու համար»:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button