ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Յունուար 15-ին, Հ.Յ.Դ. Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը այցելեց Պելճիքայի մէջ Զուիցերիոյ մշտական եւ լիազօր դեսպան Պենետիքթ Տը Սերժայի, ներկայութեամբ նաեւ կցորդ տիկին Ուրսինա Էկենշուիլերի, դիմելով, որ դեսպանը փոխանցէ Զուիցերիոյ կառավարութեան` Եւրոպական Մարդկային իրաւանց դատարանի Դեկտեմբեր 17-ի Փերինչեք – Զուիցերիա վճռին դէմ բողոքելու:
Պելճիքայի Հայ Դատի յանձնախումբը, դեսպան Տը Սերժայի, Փերինչեք – Զուիցերիա դատավարութեան հիմնական կէտերը եւ վճռին հիմնաւորումները ներկայացուց: Դեսպանը իր հարցադրումներով, տեղեակ պահուեցաւ հարցին ընդհանուր հանգամանքներուն, եւ հայութեան դիրքորոշումներուն ու Զուիցերիոյ կողմէ որոշումին դէմ բողոքարկման անհրաժեշտութեան: Նաեւ ներկայացուեցաւ Փերինչեքի նախամտածուած մարտահրաւէրը Զուիցերիոյ դէմ, Ցեղասպանութեանց մերժման քրէականացման օրէնքին նկատմամբ:

