
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, ԵՐԵՒԱՆ․- Հոկտեմբեր 30-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան ընդունեց Պելճիքայի ներկայացուցիչներու տան երեսփոխան Ժորժ Տալմանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:
Նախագահ Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց պելճիքացի երեսփոխանին` արցախահայութեան համար պատերազմական ծանր ժամանակահատուածին Արցախ այցելելու եւ տեղւոյն վրայ անձամբ իրավիճակին ծանօթանալու համար: Հանրապետութեան նախագահին համաձայն, շատ կարեւոր է, որ քաղաքակիրթ մարդկութիւնը ոչ միայն տեղեակ ըլլայ առարկայական իրականութենէն, այլեւ յստակ միջոցներու ձեռնարկէ շրջանին մէջ ռազմական գործողութիւնները կանխելու եւ նախայարձակ կողմի նկատմամբ համապատասխան պատժամիջոցներ կիրարկելու ուղղութեամբ:
«Դժբախտաբար, մենք կը տեսնենք, որ Հարաւային Կովկասի մէջ թուրք-ազրպէյճանական դաշինքին կողմէ նախաձեռնուած այս պատերազմը, որուն մէջ ներգրաւուած են նաեւ ահաբեկչական տարբեր խմբաւորումներ, կը ծաւալի արդէն դէպի Եւրոպա, եւ ֆրանսական քաղաքներուն մէջ օրերս տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ատոր վառ վկայութիւնն են», յայտնեց Յարութիւնեան եւ աւելցուց, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ միջազգային հանրութեան անտարբերութիւնը որեւէ ձեւով արդարանալի չէ:
Պելճիքայի ներկայացուցիչներու տան երեսփոխան Ժորժ Տալման շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահին ջերմ ընդունելութեան համար եւ նշեց, որ ցնցուած է իր տեսածով, թէ ի՛նչ վայրագութիւններ կ՛իրականացուին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի խաղաղ բնակչութեան ուղղութեամբ:
Հանդիպումին, որուն կը մասնակցէին Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի հաղորդակցութեան եւ հանրային կապերու պատասխանատու Յարութ Շիրինեան, Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի Միջին Արեւելքի հետ կապերու պատասխանատու Պետրոս Պետրոսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր, քննարկուած են նաեւ տագնապի խաղաղ լուծման վերաբերող շարք մը հարցեր:
Այցելութեան ընթացքին պելճիքացի երեսփոխանը հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանի եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեանի հետ:
Օր մը ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց Ժորժ Տալմանը:
Պելճիքացի խորհրդարանականը Հայաստանի նախագահին տեղեկացուց, որ վերջին օրերուն գտնուած է Արցախի մէջ, եղած է մայրաքաղաք Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ, ականատես եղած է Ատրպէյճանի կողմէ շարունակուող հրետակոծութիւններուն, ներառեալ քաղաքացիական ենթակառոյցներուն եւ խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորումը:
Զրուցակիցները մտահոգութիւն յայտնած են Արցախի հանդէպ սանձազերծուած ազրպէյճանաթրքական նախայարձակումի եւ ատոր հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակին, Ատրպէյճանի կողմէ զինադադարը չպահպանելու, շարունակուող ռազմական գործողութիւններուն եւ ատրպէյճանական բանակին կողմէ վարձկան ահաբեկիչներու մասնակցութեան առնչութեամբ:
Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի վրայ ատրպէյճանական յարձակումները եւ ռմբակոծութիւնները յատկապէս բուռն էին պատուիրակութեան` այնտեղ գտնուելու ընթացքին: Մասնակիցները ականատես եղան ատրպէյճանական բանակին կողմէ գործուած ռազմական յանցագործութիւններու պատճառով մարդկային եւ նիւթական վնասին, յատկապէս Ստեփանակերտի ծննդատան վրայ անմարդկային հրետակոծութենէն ետք:
Մեկնաբանելով այցելութիւնը` Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակի ներկայացուցիչ Յարութ Շիրինեան նշեց. «Մենք շնորհակալ ենք այս պատուիրակութեան մասնակիցներուն, որոնք վճռականօրէն որոշեցին պատերազմի ժամանակ Արցախ գալ, որպէսզի բարձրաձայնեն Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան սպառնացող օրհասական վտանգին մասին: Այսօր Արցախի հերոսական ժողովուրդը հակահարուած կու տայ թուրք սուլթան Էրտողանի համաթրքական յաւակնութիւններուն եւ Ատրպէյճանի բռնապետ Ալիեւին: Այս պայմաններուն մէջ Արցախի բնակչութեան ֆիզիքական անվտանգութիւնը պաշտպանելու միակ ընդունելի լուծումը Արցախի Հանրապետութեան ճանաչումն է, որ այլընտրանք չունի»: