Լրահոս

ՊԱՔՈՒԻ ԲՈՂՈՔԸ.- ԼԱԹՎԻՈՅ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒՆ ԱՐՑԱԽ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ ԱՌԹԻՒ

p1 latvia  ՊԱՔՈՒ.- Լաթվիոյ խորհրդարանի Լաթվիա-Արցախ բարեկամութեան խմբակի պատուիրակութեան այցելութիւնը Արցախ խոր դժգոհութիւն յառաջացուցած է Պաքուի քաղաքական շրջանակէն ներս: Այսպէս, Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը բողոքած է այս այցին դէմ՝ Լաթվիոյ իշխանութիւններէն, յաւելեալ բացատրութիւն պահանջելով այդ մասին:

Լաթվիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը պատասխանած է, թէ այցելութիւնը կատարուած է խորհրդարանականներու անձնական նախաձեռնութեամբ եւ չունի պաշտօնական բնոյթ, միաժամանակ նշելով, թէ երկրի պաշտօնական դիրքորոշումը՝ Արցախի հիմնահարցի եւ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն վերաբերեալ, կը մնայ անփոփոխ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Սեպտեմբեր 1ին ընդունած էր պատգամաւորական բարեկամութեան խմբակի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ կարեւոր համարելով խմբակի գործունէութիւնը՝ Արցախի եւ Լաթվիոյ միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման առումով:
Հանդիպման ընթացքին քննուած են նաեւ բարեկամութեան խմբակի որոշ գործնական ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններն ու հեռանկարները:
Կարէն Միրզոյեան անդրադարձած է հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացի ներկայ փուլին, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ վերջին շրջանին արձանագրուած ձեռքբերումներուն:

Advertisement Subscribe Today
Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button