
Նորահաստատ hybooksonline.com հրատարակչատունը, որուն առաքելութիւնը ելեկտրոնային գիրքերու լոյս ընծայումն է, Յունիս 17, 2012-ին լոյս ընծայած է Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի անգլերէն լեզուով “Nowhere, a Story of Exile“ յուշագրութիւնը:
Հեղինակը կը նկարագրէ իր մանկութիւնը: Ան իր մանկութիւնը կորսնցուցած է 1988-ին, Խորհրդային Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքու քաղաքին մէջ:
Ոեւէ աղջնակի նման, ան ունեցած է իր երազներն ու ձգտումները: Սակայն անոր կեանքը գլխիկոր դարձած է երբ ազերիները ձեռնարկած են ահաբեկչութեան եւ բռնի միջոցներով հայերու տեղահանութեան: Աննային ընտանիքը պարտադրուած է փախուստ տալ եւ ապաստանիլ Հայաստան, որ այդ ժամանակ կգած էր երկիրը հարուածած աղէտալի երկրաշարժին հետեւանքով եւ ի վիճակի չէր ընդունելու ազրպէյճանական փոկրոմներու հետեւանքով տեղահանուած հարիւր հազարաւոր հայերը: Հայաստան հասնելէ ետք, ջերուցումէ զուրկ նկուղի մը մէջ հաստատուած ու շրջափակուած երկրի մը պարտադրուած դժուարագոյն պայմաններուն մէջ ապրելով, Աննան դարձեալ ինքզինք կը գտնէ “դրսեցի“ի կարգավիճակին մէջ, այս անգամ‘ ի՛ր իսկ ժողովուրդին մօտ ընդունելութիւն չգտնելով:
“Nowhere, a Story of Exile“ հատորը սրտաճմլիկ վաւերագրութիւն մըն է, որ գրուած է պատանի աղջնակի մը պահած յուշագրութիւններուն ընդմէջէն: Յուշեր‘ որոնք կը նկարագրեն Պաքուի հակահայ կազմակերպուած ահաբեկչութիւնը, փախստականի իր կեանքը եւ ինքնութեան փնտռտուքի պայքարը. այս բոլորը կը զարգանան մինչ փուլ կու գայ Խորհրդային Միութիւնը:
Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթի այս յուշագրութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Ատրպէյճանի հայութեան ապրած ահեղ ողբերգութիւնը, որուն մասին հազուադէպօրէն կը խօսուի Արեւմուտքի մէջ: Իսկ Աննային ապրած անձնական ողբերգութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ ամբողջ աշխարհի տարածքին ցեղային զտումի զոհ երեխաներու տառապանքը:
Աննա Աստուածատուրեան-Թըրքոթը Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է 1992-ին, որպէս Պաքուէն փախած հայ ապաստանեալ: Ան Ամերիկայի քաղաքացի դարձած է 1997-ին: Իրաւաբանութիւն ուսանելով, Աննան մաս կազմած է ամերիկացիներու առաջին խմբակին, որոնք աշխատած են Լա Հէյի Ոճրադատ Միջազգային Ատեանէն ներս. Աննան ատեանին ծառայած է որպէս քարտուղար: Աւելի կանուխ, ան որպէս դիտորդ ներկայ գտնուած է Մ.Ա.Կ.-ի նիստերուն, որոնց ընթացքին հիմնադրուած է յիշեալ ատեանը:
Աննան ներկայիս կը բնակի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ եւ կ՛աշխատի ֆինանսական ծառայութիւններու մարզէն ներս: Ան ամուսնացած է եւ ունի երկու երեխայ:
“Nowhere, a Story of Exile“ գիրքը կարելի է ստանալ $9.99-ի Amazon.com եւ hybooksonline.com կայքէջերէն: