ՊԱՏՌԵՑԷ՛Ք ԴԻՄԱԿՆԵՐԸ
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
«Կան մարդիկ, որոնք կը կարծեն, թէ իշխանութիւնը հոն՝ վերերն է. անոնք չեն նկատեր, որ անիկա իսկապէս որ լայն զանգուածներու սիրտերուն մէջ է»։
Խոսէ Մուխիքա (Ուրուկուայի նախկին նախագահ, 1935-2025)
Կեղծ է անոնց կերպարանքը: Արուեստական դէմքեր են անոնք: Դիմակնե՛ր…
Անոնք՝ այդ դիմակաւորները՝ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան զինուորագրեալներն են, շատ աւելի ծանօթ ԱԱԾ կրճատումով: Եթէ դատենք իրենց ըրածներով, դժուար չէ տեսնել, թէ կը գործեն… վարձկանի պէս: Զարմանալի է. անոնք սկսած են շարունակ դիմակաւոր դառնալ: Արդեօք մի՞շտ այդպէս եղած է:
Բարդ կառոյց մըն է այս ԱԱԾ-ը, որ յայտնապէս կ՛ընդգրկէ քիչ մը ամէն բան: Մայրաքաղաք Երեւանի կողքին՝ մարզային վարչութիւններ, պետական պահակութեան ծառայութիւնը, սահմանադրական կարգի պահպանութիւնը, սահմանապահ զօրքերը, հետախուզութիւնը, հակահետախուզութիւնը, տնտեսական անվտանգութեան եւ փտածութեան դէմ պայքարող մարմինը, ահաբեկչութեան դէմ պայքար իրականացնող մարմինը, եւ… շարքը երկար է:
Հ.Հ. կառավարութեան կողքին՝ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն, որ կը մշակէ կառավարութեան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ ազգային անվտանգութեան մարմիններու կառավարումը։ Անիկա կը համարուի Հայաստանի գլխաւոր յատուկ ծառայութիւնը։ Շատեր զանոնք կը համեմատեն տխրահռչակ «Չեկա»-ին…
Եւ այս բոլոր պարտականութիւնները կատարողները, գործնական գետնի վրայ՝ այդ դիմակաւորներն են: Ընդհանրապէս հուժկու, վիթխարի, ռամպոյական մկաններով օժտուած եւ անշուշտ ամէն բան կատարելու կանաչ լոյս ստացած այս դիմակաւորներն են, որոնք ստանձնած են երկրին «լինել-չլինելու» բանալին: Իսկ ո՞վ է բանալին յանձնողը…
Յստակ է. «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ետք բազմաթիւ անձեր նշանակուած, հեռացուած, հրաժարած, եւ նոր դերակատարներ կարճ ժամանակաշրջանի համար պաշտօն ստանձնած են այս կառոյցին մէջ… ընդհանրապէս անդիմակ:
Այնքան ատեն, որ մեքենան «ազգընտիր վարչապետ»ին քմայքներուն համաձայն կ՛ընթանայ, ոչ մէկ մտահոգութիւն կը ստեղծուի: Իսկ անգամ մը որ վարչապետին անմիջական գործունէութեան դաշտը ապահով է, մնացեալը երկրորդականէ՛ ալ անկարեւոր է:
Վերը նշեցինք ԱԱԾ-ի գործունէութեան դաշտէն ներս ընդգրկուած առաջնահերթութիւններու երկար շարք մը, որոնց կարգին սահման, սահմանապահ զօրքեր՝ իսկական ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԴԱՇՏ մը: Միթէ այսօր Տաւուշէն Սոթք, կամ Գորիսէն Կապան նոյնքան զօրաւոր ներկայութի՞ւն է ԱԱԾ-ը: Հոն ալ դիմակաւորներու վոհմակներ կա՞ն: Չկան: Եթէ չկան…ինչո՞ւ չկան: Արդեօք ներթափանցող ու կրակող ազերիները վտանգ չե՞ն ներկայացներ…
Յստակ է, թէ իրենց համար միակ կիզակէտը վարչապետն է եւ իր անմիջական միջավայրը: Երկրին սահմանն իսկ նոյնինքն վարչապետն է: Իսկ այդ սահմանները քայլ առ քայլ կը նեղնան…
Դիմակաւորնե՛ր… ժամանակն է, որ դիմակազուրկ ըլլաք եւ ցոյց տաք ձեր դէմքը՝ իսկական քաջութիւնը: Չէ՞ք տեսներ, որ ձեզ այս զազրելի դերին մէջ նետողը ամէն օր կը խայտառակէ ձեզ, կը դարձնէ զանգուածին ատելութեան թիրախը: Չէ՞ք տեսներ, որ ձեր ձեռքով կատարուած ձերբակալութիւնները վերջ կը գտնեն մէկը միւսէն աւելի մեծ խայտառակութեամբ: Նորագոյն օրինա՞կը. քանի մը օր առաջ, իբրեւ թէ յեղափոխութիւն, պետական հարուած պատրաստելու մեղադրանքով ձերբակալուածները ազատ արձակուեցան, որովհետեւ փաստուեցաւ, որ ձեր արարքը որեւէ հիմք չունէր: Խայտառակուեցաք, որովհետեւ խաղալիք զէնքեր եւ արտօնեալ հրացաններ ունեցողներ ձերբակալած էիք անիմաստ կերպով, պարզապէս նոր վառելանիւթ հայթաթեցիք ձեզ իբրեւ վարձկան գործածող վարչախումբին քարոզչութեան, մասնակից դարձաք, անգամ մը եւս, հայրենիքի կորուստին դէմ ձայն բարձրացնողներու անմարելի աղաղակները խեղդելու դաւադրութեան, որ խորքին մէջ սարքուած է ու թելադրուած՝ թշնամիին կողմէ…
Պատմութիւն կերտած՝ Ուրուկուայի վերոյիշեալ նախագահ Մուխիքայի խօսքերը յստակ են. եւ դո՛ւք, դիմակաւորնե՛ր, շատ բան ունիք սորվելիք այս ուղղամիտ հերոսէն, որ քաջատեղեակ էր, թէ իշխանութիւնը՝ արդարութիւն պահանջող զանգուածներու սրտին մէջ է:
Դիմակաւորնե՛ր, վա՛ր առէք, պատռեցէ՛ք ձեր դիմակը: Ձեր պարտականութիւնն է ծառայել երկրի՛ն, եւ ո՛չ թէ վարչամեքենայի ղեկին վրայ գտնուող եւ աթոռին կառչած անձին եւ վատարի գործակիցներուն։ Դերասանութեան ժամանակը չէ: Աւելի՛ն, դուք պարտաւոր էք դիմակազերծ ընել թուրք-ազերիական դիմակով օժտուած մարդիկը, որոնք Ազգային Ժողովը վերածած է հտպիտային ձախաւեր կրկէսի, ժողովրդավարութեան անունով սուտ ու պատիր շքանշաններ կը մուրան զիրենք այլազան դիմակներով եւ Հայաստանի ու հայութեան շահերուն դէմ գործելու մղող հովանաւորներէ: Մի՛ մոռնաք, որ դուք ալ ունիք ընտանիք ու հարազատներ, որոնց աչքերուն պէտք է նայիք բաց ճակատով, առանց դիմակի:

