ՊԱՏՇԱՃՕՐԷՆ ՆՇԵՆՔ ԵՒՐՈԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ ՈՐԴԵԳՐԱԾ ԲԱՆԱՁԵՒԸ
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Ապրիլ 21, 2015
Կարելի չէ հպանցիկ ձեւով մօտենալ, Ապրիլ 15-ին, Եւրոխորհրդարանի միաձայնութեամբ որդեգրած Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւին:
Հաւանաբար, ,ֆէթիշե թուականէն՝ Ապրիլ 24-էն քանի մը օր առաջ ըլլալով եւ այդ ալ բազմաթիւ երկիրներու Խորհրդարաններէն (Աւստրիա, Չեխիա, Կիպրոս, եւ այլք) ներս, առնուած կամ առնուելիք ի նպաստ Հայոց Ցեղասպանութեան որոշումներու արդիւնք:
Թէ՛ թրքական եւ թէ՛ հայկական մամուլը լուսանձքային ոճով անդրադարձան այս կարեւոր որոշումին առնչութեամբ, որուն համար վստահաբար Եւրոպայի հայութիւնն ու Հայ Դատը իրենց նիւթաբարոյական լուման տրամադրած էին:
Այս գծով եթէ հասկնալի է նկատել Թուրքիոյ մամուլին…լուրը ,ծածկելուե աշխատելաձեւը, անհասկնալի եւ դերի է՝ հայ մամուլին եւ քարոզչական մամուլին կատարած ,կարճ ու կտրուկե անդրադարձը:
Ճիշտ է որ նմանօրինակ որոշումներ եւ բանաձեւեր որդեգրուած էին նախապէս Աշխարհի հին ցամաքամասէն ներս՝ Յունիս 18, 1987-ին եւ Սեպտեմբեր 28, 2005¬ին, սակայն այս մէկը իր պայմաններով եւ ,թայմինկեով ունի իր կարեւորութիւնը:
Գրեթէ ամիս մը առաջ, Եւրոխորհրդարանը, մարդկանց իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ զեկոյցին մէջ հաստատած էր թէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, Եւրոպական Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն կոչ կ’ուղղուի` ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, եւ Եւրոպական Միութեան հաստատութիւններուն կը խրախուսէ նպաստելու Ցեղասպանութեան ճանաչման:
,Հայաստանի Եւրոպացի Բարեկամներե կազմակերպութիւնն ալ հրապարակած էր յայտարարութիւն մը` ողջունելով Եւրոպախորհրդարանի այս մօտեցումը, եւ այս կազմակերպութեան ղեկավար Էտուարտօ Լորենսօ Օչոան օրին յայտնած էր թէ երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Եւրոխորհրդարանը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, դարձեալ հաստատելով, որ Ցեղասպանութիւնները եւ անոնց ժխտումը պէտք է դիտարկուին մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս:
Կարեւոր է շեշտելը թէ, Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ որդեգրուած բանաձեւը առնուեցաւ միաձայնութեամբ եւ պարզումէկին կոչ ուղղուեցաւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու խորհրդարաններուն եւ կառավարութիւններուն` Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման համապատասխան բանաձեւեր որդեգրելու եւ որոշումներ տալու:
Այո՛…Երրորդ անգամն է որ, Եւրոխորհրդարանը Ապրիլ 24-ը կը հռչակէր Եւրոպական Միութեան մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր` սակայն հարիւրամեակի սեմին առնուած այս որոշումը տեղին է պատշաճօրէն եւ խոշորացոյցով նշել:


