Յօդուածներ

Չարչարանքի Շաբաթը Եւ Մենք

Գէորգ Պետիկեան

Դարձեալ «Աւագ Շաբաթ»-ը կը մօտենայ եւ կամ…: Ու ի՜նչ տխուր է աշխարհը, երբ զայն կը դիտենք մեր սեփական աչքերով, Քրիստոսի ծնունդէն երկու հազար տարի ետք: Մէկ խօսքով, խտացած դժբախտութիւն մը, որ սարսափ կ՛ազդէ ե՛ւ դիտողին, ե՛ւ ապրողին:
Ի՜նչ տարօրինակութիւն եւ միաժամանակ ի՜նչ գեղեցկութիւն:
Այս վիճակին մէջ տակաւին ոմանք, ապագային նկատմամբ լաւատես են. ո՛չ յուսահատութիւնը եւ ոչ ալ փլատակ տեսարանները չորցուցած են իրենց եռանդը:
Երբեմն ես ինծի հարց կու տամ, արդեօք նորութիւն մը պիտի գտնե՞մ, երբ այսօր վերստին փորձեմ Ս. Գիրքը կարդալ:
Ու անկեղծօրէն նաեւ կը մտածեմ, թէ այս օրերուն Քրիստոս ինչպէ՞ս կրնայ ներկայանալ մարդոց: Արդեօք պիտի կարենա՞յ զարմացնել բոլորս՝ հաւատացեալ կամ անհաւատ:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ հոգեվիճակը այն մարդուն, որ տակաւին անտեղեակ է Յիսուսի գոյութենէն եւ կամ անոր՝ որ յուսախաբ է անոր էութեամբ: Արդեօք նոյն այդ ադամորդին պիտի մտահոգուի՞, թէ՞ պիտի սփոփուի:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email
Back to top button