Արուեստ Եւ Մշակոյթ

Չարենցեան Յիշողութիւնը՝ Նիւ Եորքէն Երեւան

Օգոստոս 27-ին Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արեւիկ Գաբրիէլեան (Նիւ Եորք), Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան, Համազգայինի վաստակաշատ անդամ Տիգրան Ճինպաշեան (Լիբանան) եւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեան այցելեցին Երեւանի մէջ գործող Եղիշէ Չարենցի տուն-թանգարան։

Այցը խորհրդանշական էր յատկապէս այն իմաստով, որ տեղի ունեցաւ մեծանուն բանաստեղծին ծննդեան 130-ամեակին ընդառաջ եւ իր հետ բերաւ ոչ միայն անցեալի յիշողութիւնը, այլեւ մշակութային ժառանգութեան պահպանման ու փոխանցման կարեւոր խորհուրդը։

May be an image of one or more people and people smilingԱրեւիկ Գաբրիէլեան իր ընտանիքին անունով թանգարանին նուիրեց 1997 թուականի Սեպտեմբեր 7-8-ին Նիւ Եորքի Գոլոմպիա համալսարանին մէջ կայացած «Եղիշէ Չարենցը եւ խորհրդահայ բանաստեղխութիւնը» խորագրով գիտաժողովի ազդագիրը։

May be an image of one or more people, monument and textԳիտաժողովը, որուն մասնակցած էին ժամանակի երեւելի մտաւորականներ եւ Չարենցագիտութեամբ ու խորհրդահայ պոեզիայի ուսումնասիրութեամբ զբաղող գիտնականներ, կարեւոր հարթակ էր Չարենցի ստեղծագործութեան, անոր գրական ժառանգութեան եւ խորհրդահայ պոեզիայի զարգացման տարբեր հարցերու քննարկման համար։

Գիտաժողովի զեկուցաբերներէն մէկն ալ Եղիշէ Չարենցի դուստրն էր՝ գրականագէտ Անահիտ Չարենցը։

Advertisement Donate Today

Նիւ Եորքի մէջ պահպանուած այդ փոքրիկ, սակայն պատմական արժէք ունեցող փաստաթուղթը այսօր իր հանգրուանը գտաւ՝ դառնալով թանգարանի հաւաքածոյին կարեւոր մէկ մասնիկը։

May be an image of textՆուէրը յանձնելու ընթացքին Արեւիկ Գաբրիէլեան խօսեցաւ Չարենցի՝ ժամանակն ու տարածութիւնը յաղթահարող ներկայութեան մասին՝ ընդգծելով, որ գրողին ժառանգութիւնը միայն անցեալի յիշողութիւն չէ, այլ կենդանի մշակութային կապ մը, որ սերունդները կը շարունակէ միացնել Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք։ Ան կարեւորեց նաեւ այն հանգամանքը, որ ընտանիքին մէջ պահպանուած այս նմոյշը այժմ կը վերադառնայ իր բնական միջավայրը՝ Չարենցի տուն-թանգարան, հասանելի դառնալով հետազօտողներուն, այցելուներուն եւ ապագայ սերունդներուն։

Թանգարանի տնօրէն Ժաննա Մանուկեան շնորհակալութիւն յայտնեց նուիրատուութեան համար՝ յատկապէս կարեւորելով այն փաստը, որ Չարենցի կեանքին եւ ստեղծագործութեան առնչուող նմանատիպ նիւթերը կը շարունակեն իրենց ճանապարհը դէպի տուն-թանգարան։ Անոր խօսքով՝ իւրաքանչիւր նման նուիրատուութիւն կը համալրէ թանգարանի հաւաքածոն ոչ միայն իբրեւ փաստական նիւթ, այլեւ իբրեւ ժամանակի ու մարդոց միջեւ ստեղծուած կենդանի կապի վկայութիւն։

Այցի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ Համազգայինի՝ հայ գրականութեան, մշակոյթի եւ ազգային յիշողութեան պահպանման ու տարածման միտուած գործունէութեան։

May be an image of studying, diary, book and textՀանդիպման ընթացքին Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան թանգարանի գրադարանին նուիրեց  միութեան Հայաստանի գրասենեակին կողմէ հրատարակուած գիրքերէն՝ համալրելով թանգարանի գրական ֆոնտը եւ եւս մէկ անգամ ընդգծելով Համազգայինի ու հայ մշակութային կարեւոր օճախներու միջեւ համագործակցութեան արժէքը։

May be artՉարենցի տուն-թանգարան կատարուած այս այցելութիւնը դարձաւ իւրայատուկ կամուրջ մը՝ Նիւ Եորքէն Երեւան, յիշողութենէն՝ ներկային, իսկ անցեալէն՝ ապագայ։

Մեծ գրողին 130-ամեակին ընդառաջ այս նուիրատուութիւնը իր փոքրիկ, բայց նշանակալից պատմութիւնը կ՚աւելցնէ Չարենցի մեծ պատմութեան։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button