ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ՄԵՐԺԵՑ ԱՅՑԵԼԵԼ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second

Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան ներկայացուցիչ Վահան Յովհաննիսեան« յայտնեց թէ իր ղեկավարած խմբակցութիւնը, մտադրած է չտեսակցիլ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ, այն պատճառով որ եւրոպական մարմին մը ներկայացնող, այս թուրք քաղաքագէտը մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը այցելել:
«Մենք հրաժարւում ենք այդ հանդիպումից: Եթէ նա այստեղ ներկայացնում է ոչ թէ Եւրախորհուրդը« այլ Թուրքիան« ապա սա բոլորովին այլ իմաստ է ստանում: Պէտք է ասեմ« որ մենք չենք մասնակցի որեւէ հանդիպման ընդհանրապէս: Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովում հայաստանեան պատուիրակութեան կազմում Դաշնակցութեան ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանն ալ չի մասնկացիր Չաւուշօղլուի հետ հանդիպման: Մեզ համար յստակ է« որ մեր իշխանութիւնները պէտք է աւելի բարձր դասէին իրենց արժանապատուութիւնը« քան որեւէ շարքային այցելութիւն»: ըսաւ Վահան Յովհաննիսեան:
Այս գծով, Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը իր դիրքորոշումը գրաւոր ներկայացուցած էր, Չաւուշօղլուի ժամանումէն օր մը առաջ, Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանին: Փաստաթուղթին մէջ, յստակօրէն նշուած էր թէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան խմբակցութիւնը տեղեկացած է այն մասին, որ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու ցանկութիւն յայտնած է հանդիպելու Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան հետ: Գրութեան մէջ կը նշուի թէ Հ.Յ.Դ. ստոյգ աղբիւրներէ տեղեկացած է թէ Չաւուշօղլու հրաժարած է Ծիծեռնակաբերդի Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձան կատարուելիք արարողակարգային այցելութենէն, ինչ որ, անյարիր է հեղինակաւոր միջազգային կազմակերպութեան մը ղեկավարին: Նախապէս Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ղեկավարութեան ներկայացուցիչները երբեք իրենք իրենց թոյլ չեն տուած նման անարգական վերաբերում՝ անկախ այն բանէն, թէ անոնց երկիրները ճանչցա՞ծ են, թէ՞ չեն ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը: Բողոք գրութեան մէջ, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը հաստատած էր թէ Չաւուշօղլու չի թաքցներ, որ Հայաստան կþայցելէ ոչ թէ° իբրեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ, այլ իբրեւ թուրք քաղաքական գործիչ: Եզրակացութեան մէջ նշուած էր թէ այս պայմաններուն մէջ, Հ.Յ.Դ. խմբակցութիւնը նպատակայարմար չի գտներ հանդիպիլ անոր հետ:
Վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան դաշնակցական անդամ, Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու մնայուն յանձնախումբի նախագահ Արմէն Ռուստամեան նոյնպէս հրաժարեցաւ Չաւուշօղլուի եւ վեհաժողովին մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան հանդիպման մասնակցելէ:
Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ Մեւլութ Չաւուշօղլու Երեւան ժամանած էր, Չորեքշաբթի Մայիս 12-ին, աշխատանքային այցելութեամբ:Ան հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեանի եւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանի վեհաժողովին ընթացքին հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Դաւիթ Յարութիւնեանի հետ:
Այցելութեան ընթացքին Չաւուշօղլու արծարծեց նաեւ Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ Արցախի հարցով ենթայանձնախումբի վերաբացման հարցը: Վեհաժողովի գարնանային նստաշրջանին ընթացքին այդ հարցին կապակցութեամբ վերջնական որոշում չէ տրուած եւ եղած են բացասական արձագանգներ. մասնաւորաբար Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարար Միշլին Քալմի-Ռէյ եւ Եւրոպական խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար Թորպիոռն Եակլանտ յայտարարած են, որ Արցախեան հիմնահարցով կը զբաղի Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խմբակը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles