ՈՒՍՏԸՐ.- ՏԱՆ ԿԱՐԳ ԵՒ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ ՀՈԳԵԼՈՅՍ Տ. ՎԱԶԳԷՆ Ա. ՔՀՆ. ՊԷՔԻԱՐԵԱՆԻՆ 

0 0
Read Time:1 Minute, 59 Second

ՈՒՍՏԸՐ (Մասաչուսէց)․- Ուրբաթ, Յուլիս 30-ին, նախագահութեամբ Ա․Մ․Ն․ արեւելեան թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք․ Դանիէլեանի եւ մասնակցութեամբ Էջմիածնական Թեմի Առաջնորդական փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ․ Սիմէոն Ծ․ Վրդ․ի եւ թեմի հոգեւորականաց դասուն, տեղւոյն Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգելոյս Տ. Վազգէն Ա. Քահանայ Պէքիարեանի թաղման արարողութիւնը։ Տան կարգի արարողութեան աւարտին, Հայր Սիմէոն փոխանցեց Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Դանիէլ Եպիսկոպոսի ցաւակցութիւնը, յայտնելով, թէ հոգելոյս Տէր Հայրը իր նկարագրով մօտիկ եղած է բոլոր հոգեւորականներուն, եւ անխտիր կը վայելէր անոնց սէրն ու յարգանքը։ Անուշաւան Սրբազան, յանուն թեմի կրօնական դասուն, շնորհակալութեամբ ընդունեց Դանիէլ Սրբազան Հօր ցաւակցական եւ եղբայրական սիրոյ արտայայտութեան պատգամը։ Հոգելոյս Տէր Հօր ընտանիքին փոխանցուեցաւ Արամ Ա․ Կաթողիկոսի ցաւակցութիւնը եւ հայրական ջերմ ողջոյնը, աւելցնելով, որ Վեհափառ Հայրապետը քաջածանօթ ըլլալով հանգուցեալին՝ անոր Դպրեվանք մուտք գործելէն ի վեր, բարձրօրէն գնահատած էր անոր հաւատարմութեան եւ ծառայասիրութեն ոգին։

Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ սիրոյ սեղանի շուրջ, ներկաները իրենց ցաւակցութիւնն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին հոգելոյս Տէր Հօր ընտանիքի անդամներուն, որոնք ժամանած էին Ամերիկայի տարբեր նահանգներէ, ինչպէս նաեւ Գանատայէն։

Հ. Սիմէոն Ծ. Վրդ. կը փոխանցէ Էջմիածնական թեմի առաջնորդ Դանիէլ Եպիսկոպոսի ցաւակցութիւնը

Շաբաթ, Յուլիս 31-ին, հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին կը յորդէր հոգեւոր հովիւներով ու հաւատացեալներու խուռներամ բազմութեամբ։ Վերաբերումէն անմիջապէս ետք եւ «Ողջոյն»-էն առաջ տեղի ունեցաւ Օծման յուզիչ կարգը։ Սրբազան Հայրը սուրբ միւռոնով օծեց հանգուցեալ Տէր Հօր ճակատը եւ աջ ձեռքը։

Տան կարգի արարողութիւն
Կարգ օծման

Ներկայ հոգեւոր եղբայրներու երգակցութեամբ, հոգելոյս Տ. Վազգէն Աւագ Քահանան հրաժեշտի ողջոյնը ուղղուեցաւ Սուրբ Եկեղեցւոյ, Սուրբ Խորանին եւ հոգեւորականաց դասուն, որմէ ետք Սրբազան Հայրը դամբանականով դրուատեց Քրիստոսի անխոնջ ծառային վաստակը։ «Ողջոյն»-ին, ներկայ հոգեւորականները համբուրեցին առ Քրիստոս ճանապարհորդող իրենց եղբօր ճակատն ու աջը։

Անուշաւան Արքեպիսկոպոս կը մխիթարէ երէցկին Անահիտ Պէքիարեանը

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Եկեղեցւոյ դասին մէջ տեղի ունեցաւ նախաթաղման կարճ արարողութիւն մը, որմէ ետք ներկաները ուղղուեցան Ուստըրի Hope գերեզմանատունը եւ հողին յանձնեցին Տէր Հօր մարմինը։

Հոգեճաշին, Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տէր Սահակ Ծ․ Վրդ․, յատուկ աղօթքով օրհնեց սեղանը, իսկ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քահանայ՝ թեմի կրօնական ժողովի ատենապետը, ընտանիքին փոխանցեց հոգեւորականաց դասուն սրտազգաց ցաւակցութիւնը, իր խօսքը համեմելով երիցագոյն հոգեւոր եղբօր հետ ունեցած անցեալի քաղցր յուշերով։ Հոգելոյս Տ. Վազգէն Աւագ Քահանայի քառասունքը պիտի կատարուի Կիրակի, Սեպտեմբեր 5-ին, Ուստըրի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

 

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles