ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՍ

0 0
Read Time:4 Minute, 58 Second

Ա.Ա.

Ուսուցիչներու տօնն է։ Առիթ մըն է տեղատարափի մը գովերքի եւ գնահատանքի՝ անոնց հասցէին։ Մանաւանդ՝ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն։ «Հայ ուսուցիչը մոմ է, որ կը հալի՝ իր շուրջի խաւարը լուսաւորելով», «հայ ուսուցիչը մարդակերտման եւ հայակերտման ռահվիրան է», «հայ ուսուցիչն է գլխագիր մարդու տիպարը»։ Խօսքեր ու խօսքեր, որոնք ամէն տարի կը հասցէագրուին հայ ուսուցչին՝ զայն հեքիաթի մը հերոսի վերածելով։ Հեքիաթ, որ սակայն իրականութեան մէջ տագնապներու, խնդիրներու եւ գլխացաւերու ամբողջութեան մը իւրայատուկ սենարիօ մըն է, որովհետեւ երբ խօսքը կը վերաբերի հայ գրականութիւն, լեզու եւ հայոց պատմութիւն դասաւանդելու «արկածախնդրութեան» նետուած ողջ նահատակին, գնահատականներու տարափը կայ, բայցեւայնպէս խնդիրները կը յամենան, հարցերը առաւել կը կնճռոտին, կացութիւնները ժամանակին հետ աւելի ու աւելի անհանդուրժելի կը դառնան։
Առիթներ տակաւին կրնան ներկայանալ հայագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներուն դիմագրաւած խնդիրները եւ ամէն օր ու վայրկեան ապրած տագնապները լուսարձակի տակ առնելու համար։ Սակայն նախընտրեցի ուսուցիչներէս երկուքին մասին յիշողութիւններ եւ տպաւորութիւններ պատմել՝ երկու պատճառով։ Նախ գրի առնելու եւ տեղ մը արձանագրելու յիշողութիւններ մարդոց մասին, որոնք ուսուցչական ասպարէզին մէջ գործելով՝ մեր կեանքի պատանեկան շրջանին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցան։ Երկրորդ պատճառը այս ուսուցիչներուն հետ մեր ապրած առօրեայէն պատառիկներուն ներկայացմամբ, անոնց կերպարը վերակենդանացնելու փորձ մըն է, որ կը հաւատամ, թէ բնաւ ամբողջական չէ, որովհետեւ մեր ուսուցիչները, մանաւանդ անոնք, որոնք Գլխագիր ուսուցիչներ էին, կարելի չէ տողերու եւ նախադասութիւններու մէջ սեղմել։
Վստահ եմ,որ բոլորս ալ ունինք ջերմ յիշողութիւններ մեր աշակերտական եւ ուսանողական տարիներէն։վարժարանի շէնքերը, անոնց կողքի փողոցները,դասարանները, բակերը, քաֆեթերիաները, գրադարանները, տարրալուծարանները, սրահները։ Նաեւ՝ դասընկերներ եւ դասընկերուհիներ,ուսուցիչներ։ Նոյնիսկ մայրիկներ եւ դպրոցին պահակները։ Բոլորը։ Ասոնք կը կազմեն ամբողջութիւնը այն իրավիճակներուն, որոնք մեր աշակերտական եւ ուսանողական տարիներուն մեր կեանքին առանցքներն էին, ուր երազներ կը հիւսուէին։
Երկու ուսուցիչներու մասին պիտի պատմեմ։ Եթէ բոլոր ուսուցիչներուս կապուած յիշողութիւններս գրեմ, յօդուածի մը սահմաններէն դուրս պիտի գայ։
Ահա բակ մտաւ ուսուցիչ մը։ Բայց…. պատմութիւնը այսպէս սկսիլը ճիշդ չէ։ Աւելի լաւ է տալ անունը ուսուցչին եւ պատմել։
Վարուժան Ճինպաշեան։ Պուրճ Համուտի Նոր Մարաշ թաղի Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարան։ Չորրորդ դասարան։ 1973։ Այս պարոնը դասարան կը խուժէր, բառին ամբողջական իմաստով։ Հայոց պատմութիւն կը դասաւանդէր եւ ամբողջ պահը կը վերածուէր պատերազմական դաշտի մը, որովհետեւ պատմութիւնը պատմելու ընթացքին կը պոռար, կը քալէր, դասարանին ետեւի շարքերը նստած աշակերտները ուշադրութեան հրաւիրելու համար, գրեթէ վազելով՝ կ՛երթար ու կու գար։ Նոր դասը պատմելէ առաջ, պատահական շարքով մը աշակերտներ դասի կը հրաւիրէր։ Կը կանգնէինք գրատախտակին առջեւ՝ մեր դէմքերը մեր դասընկերներուն։ Ինք կը նստէր ամպիոնին վրայ դրուած սեղանին ետին եւ կը հարցնէր։ Կը պատմէինք։ Ինչ որ գոց սորված էինք։ Խորհրդաւոր նայուածքով մը կը դիտէր իր շուրջը, ափովը մատիտը ծածկելով՝ նիշը կը գրէր։ Իրենց ափով կը ծածկէին մատիտը, որովհետեւ մեր մասնագիտութիւնն էր կռահել նիշը՝ մատիտին շարժումին հետեւելով։ Վարուժան ճինպաշեան մեր վրայ ձգած էր խիստ ուսուցչի մը տպաւորութիւնը, որովհետեւ յանկարծ կրնար բռնկիլ ու աջ ու ձախ ապտակներ իջեցնել։
Օր մըն ալ Աւետիս հօրեղբօրս կինը՝ Լուսինը, միջնեկ աղջիկը՝ Սեդան, նշանածը՝ Արան եւ անոր մայրը, այսինքն չորս հոգի Պէյրութ- Դամասկոս մայրուղիին վրայ զոհ գացին ինքնաշարժային արկածի մը։ Նոր Սիս կը բնակէր հօրեղբօրս ընտանիքը եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ամբողջ Պուրճ Համուտը ոտքի ելաւ, որովհետեւ այդ օրերուն շատ հազուադէպ էր չորս դագաղներու՝ երկուքը ճերմակ, երկուքը սրճագոյն, թափօրը։ Քանի մը օր ետք մեզ դպրոց ղրկեցին։ Ուրիշ Պարոն Ճինպաշեան մը կար հոն։ Հոգատար, հեզահամբոյր, սրտցաւ անձ մը, որ չէր գիտեր ինչպէս պիտի սփոփէր հօրեղբօրորդիներս։ Տարիները սահեցան եւ մնաց յիշողութիւնը այս ուսուցչին  ։Դասարանին մէջ անձ մը, որ կը սարսափեցնէ։ Դասարանէն դուրս բոլորովին այլ անձ մը։
Օրիորդ Սիրանուշ։ Քարանթինա կ՛ապրէր։ Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչի հիմնադիրներէն մին։ Եղած էր մօրս ուսուցչուհին՝ Հայ Աւետարանական Շամլեան- Թաթիկեան վարժարանին մէջ։ Եղբօրս եւ իմ ուսուցչուհին ալ եղաւ։
Յիշողութեանս մէջ պահը անջնջելիօրէն դրոշմուած է։ Երկրորդ էինք։ Ութ ինը տարեկան աշակերտներ եւ աշակերտուհիներ։ Այդ ժամանակ կէսօրին տուն կը վերադառնայինք ճաշի։ Կէսօրէ ետք երեք պահ կ՛ունենայինք։ Մեր դասարանը Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ երկու դարպասներէն մէկուն վրայ գտնուող պատշգամով սենեակն էր։ Օրիորդ Սիրանուշ անգլերէն կը դասաւանդէր եւ տեսողութիւնը այնքան տկարացած էր, որ մեզ կը ճանչնար մեր ձայներէն։ Եթէ ջղայնանար, մեզ «կօշկակարի լակոտներ» կը կոչէր եւ մեր ծնողները ասիկա շատ լաւ գիտէին, բայց ոչ ոք կը գանգատէր, որովհետեւ դասարանէն դուրս օրիորդ Սիրանուշ այլ անձ մըն էր։ Ամսականէն բաժին կը հանէր չքաւորներու, կարգադրութիւններ կը կատարէր, որպէսզի կրթաթոշակներու զեղչ կատարուի։ Կը տեսնէինք, որ իր մօտ կը կանչէր չքաւոր ընտանիքներու զաւակներ եւ ձեռնապայուսակէն «բան» մը կը հանէր եւ կու տար։ Ճիշդ է, որ այս ուսուցչուհիին համար կօշկակարի լակոտներ էինք։ Բայց, այնքան հոգատարութիւն եւ սէր կը ցուցաբերէր, որ ոչ ոք կ՛ազդուէր նման անուանումէ մը։
Ուրեմն։ Օր մը եկեղեցւոյ զանգերը սկսան տխուր կշռոյթով հնչել։ Գիտցանք,որ թաղում կար։ Ժիպէյլի ծովափը խեղդուած էին երկու անձեր։ Երիտասարդ մը եւ երիտասարդուհի մը, որոնք նշանուած էին։ Երբ լացուկոծի, վայնասիւնի եւ ողբի ձայնը շատ մօտեցաւ, ձգեցինք մեր գրասեղանները եւ պատշգամ վազեցինք, որպէսզի դիտենք։ Երկու հատ ճերմակ դագաղ։Մենք պատշգամէն կը դիտէինք ամբողջ տեսարանը։ Դագաղները բաց էին։ Այդ ժամանակ սովորութին էր երիտասարդ անձերու դագաղները բաց փոխադրել։ Տեսարանը այնքան տրամաթիք էր, որ ոչ ոք կը լսէր օրիորդ Սիրանուշին պոռչտուքը։ «Կօշկակարի լակոտներ, մարդ պիտի չըլլաք, հոս եկէք։Ներս մտէք»։ Երբ դագաղները անցուցին մեր դասարանին պատշգամին տակէն եւ եկեղեցի մտան, մենք ալ վերադարձանք մեր գրասեղանները։ Օրիորդ Սիրանուշ սկսաւ աջ ու ձախ հարուածել՝ գաւազանով։ Դասընկերներէս մին կը կակազէր, մանաւանդ երբ վախնար կամ ջղայնանար։ Այդ իրարանցումին մէջ ան յանկարծ պոռաց….«Օրրր..րրր…իո…րրր…դ»։Քար լռութիւն տիրեց, որովհետեւ նոյնիսկ օրիորդ Սիրանուշ շշմեցաւ։Յետոյ գոռաց«ինչ է ծօ»։ «Տաաա….տաաա..րո….սսսը…. ձե…..զի»։ Հահահա։ Աստուած իմ։ Այդ համարձակութիւնը ինչպէս ունեցաւ չեմ գիտեր։ Վստահ եմ, որ վախի արդիւնք էր….. Ահա վայնասիւն, պոռչտուք, հարուածներ աջ ու ձախ։ «Շունշանորդի մեռնիլս կ՛ուզե՞ս կոր»։ Բոլորս ալ մեր գրասեղաններուն տակն էինք։
Մեր սերունդը բախտաւոր է, որովհետեւ ունեցանք իսկապէս նուիրեալ ուսուցիչներ, որոնք մեր երկրորդ ծնողներն էին։ Մեզ կը ծեծէին։ Հոգ չէ։ Ոչ ալ կը գանգատէինք, որովհետեւ մեր մայրերը դպրոց չէին վազեր՝ գանգատելու համար։ Հազուագիւտ պարագաներու միայն գանգատներ կը ներկայացուէին։ Մեր ուսուցիչները, շնորհիւ իրենց նուիրումին, մեր ծնողներուն ամբողջական վստահութիւնը շահած էին եւ բոլորն ալ համոզուած էին, որ իրենց զաւակները ապահով ձեռքերու մէջ կը գտնուէին։ Եթէ թուեմ անունները սիրելի ուսուցիչներուս, շարքը երկար պիտի ըլլայ։ Նաեւ կրնամ սխալիլ՝ մէկու մը անունը չարձանագրելով։ Հետեւաբար՝ վստահ ըլլալով, որ բոլորս ալ հիանալի եւ զուարճալի յիշողութիւններ ունինք մեր սիրելի ուսուցիչներէն, կ՛եզրակացնեմ։ Մեր ուսուցիչները,անշուշտ ոչ բոլորը, մեր երկրորդ ծնողներն էին։ Ոմանք ալ՝ աւելին։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
100 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՍ

  1. Պրաւօ ԱԱ ին: Շատ լաւ ձեվով գրած է, խնդալիքը եւ լալիքը միասին: Ես ալ ասանկ յիշատակներ ունիմ իմ օրիորդներէս եւ պարոններէս: Երանի թէ ասանկ բաներ շատ գրվին: Մեզի աղուոր բաներ կը յիշեցընեն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles