Յօդուածներ
Ուղեղի Գործունէութեան Տոկոսը
Խորէն Փիլաւճեան Հալէպ
Նեարդաբանական, Կենսաբանական եւ Հոգեբանական Վերլուծմամբ` մարդ արարածը իր ուղեղը կ’օգտագործէ 100 առ 100։ Այն տարածուած կարծիքը, թէ մենք կը գործածենք ուղեղին միայն մէկ փոքր տոկոսը, գիտական ոչ մէկ հիմք ունի։ Իրականութեան մէջ, ուղեղի տարբեր բաժիններ ունին տարբեր գործառոյթներ` մէկ մասը պատասխանատու է գիտակցական մտածողութեան եւ տրամաբանութեան համար, իսկ մնացած հսկայական մասը անդադար կ’աշխատի ենթագիտակցութեան մէջ` կազմակերպելով եւ կարգաւորելով մարմինի բոլոր հիւսուածքներն ու կենսական համակարգերը։
Ուղեղի միայն 10%–ը օգտագործելու գաղափարը զուտ շուկայական եւ գրաւիչ տեսակէտ մըն է, որ ժամանակի ընթացքին տպաւորուած է հանրութեան գիտակցութեան մէջ եւ վերածուած «օրէնքի»։
Այս թիւրիմացութիւնը յաճախ սխալմամբ կապուած է Այնշթայնի անուան հետ, սակայն փաստացի ոչ մէկ աղբիւր կայ, որ ան նման բան ըսած ըլլայ։ Անոր խօսքերը պարզապէս բառացի մեկնաբանուած է, մինչդեռ ան այլաբանական է։
Յերիւրանքի իրական արմատները կը հասնին 19-րդ դարու հոգեբան Ուիլիըմ Ճէյմսին։ Ան նշած էր, որ մարդիկ կ’օգտագործեն իրենց մտաւոր եւ մարմնային պաշարներու միայն մէկ մասը` նկատի ունենալով ներուժը։ 20-րդ դարուն այս միտքը ձեւափոխուեցաւ եւ ստացաւ հետեւեալ սխալ ձեւակերպումը` «Մարդը կ’օգտագործէ իր ուղեղի միայն 10 տոկոսը»։
Ինչո՞ւ 19-րդ եւ 20-րդ դարերու գիտնականները յանգեցան այս սխալ եզրակացութեան։ Պատճառն այն էր, որ այն ժամանակ դեռ չէին կրնար ամբողջովին պարզել ուղեղի բոլոր բաժիններուն եւ բջիջներուն ճշգրիտ պարտականութիւնները։ Ուղեղին մէջ կան երկու հիմնական տեսակի բջիջներ` Նեարդաբջիջներ որոնք կը կատարեն հիմնական մտածողական եւ ազդանշանային աշխատանքը։
Շերտաւորուած բջիջներ` որոնց գլխաւոր դերը նեարդաբջիջները իրար փակցնելն է, հիւսուածքը կազմելը, սնուցումն ու պաշտպանութիւնը ապահովելը։
Քանի որ շերտաւորուած բջիջները քանակով աւելի շատ են, քան նեարդաբջիջները, սկզբնական շրջանի հետազօտողները կարծեցին, թէ անոնք որեւէ աշխուժ պարտականութիւն չունին եւ անգործ են։ Այսպէս յառաջացաւ այն սխալ միտքը, թէ ուղեղին երեք քառորդը պարզապէս դատարկ տեղ կը գրաւէ եւ գործառոյթ չունի։
Եթէ հարցին նայինք կենսաբանական եւ եղափոխութեան տեսանկիւնէն, ուղեղի 90%–ը չօգտագործելը բացարձակապէս անհնար է։
Ուղեղի նիւթափոխանակութեան յարաբերակցութիւնը` ուղեղը կը կազմէ մարդու մարմինի ընդհանուր կշիռքի ընդամէնը 2%–ը, օրինակ՝ 100 քիլոյի պարագային՝ 2 քիլօ, 50 քիլոյի պարագային՝ 1 քիլօ։
Սակայն, այս փոքր անդամը առանձին կը սպառէ մարմին մտնող թթուածինի եւ ներուժի 20%–ը։
Եթէ ուղեղի երեք քառորդը չաշխատէր, եղափոխութիւնը երբեք թոյլ չէր տար նման շռայլութիւն։ Բնութիւնը ժամանակի ընթացքին կը պզտիկցնէր այդ աւելորդ բաժինը, որպէսզի ներուժը խնայէր, ըսելով` «քանի որ դուն արդէն թթուածին կ’ուտես եւ երեք քառորդդ չաշխատիր, ինչո՞ւ քեզի պահեմ՝ կը պզտիկցնեմ»։
Մարմինի կառուցուածքին մէջ գոյութիւն ունի ապաճման երեւոյթը, երբ անդամ մը, կամ անոր մէկ բաժինի գործածութիւնը կը նուազի, մարմինը ինքնաբերաբար կը սկսի մեռցնել այդ հատուածը՝ դադրեցնելով արեան մատակարարումը։ Ասիկա կը նմանի նաեւ որոշ տարիքէ ետք կուրծքի կամ շագանակագեղձի մէջ յառաջացող խնդիրներու` քաղցկեղի, թէեւ քաղցկեղի պարագային այլ բազմաթիւ գործօններ ալ կան։ Հետեւաբար, եթէ ուղեղի 90%–ը չաշխատէր, ան պարզապէս կ’ապաճէր եւ կը մեռնէր։
Իրականութեան մէջ ուղեղը անդադար կը գործէ՝ թէ՛ արթուն, թէ՛ քնացած ատեն։ Ան կը կարգաւորէ շնչառութիւնը, սրտի զարկերը, հորմոնները, մարսողութիւնը, իսկ քնացած ժամանակ ալ կը վերլուծէ երազները։
Իսկ ի՞նչ կը վերաբերի ուղեղի մէջ գոյութիւն ունեցող հայրենասիրութեան հատուածին` ապա կը տեսնենք ուղեղի դիմադրութիւնը փոփոխութիւններու նկատմամբ` հայրենասիրութեան եւ ինքնութեան հոգեբանութիւնը` նեարդաբանական կառուցուածքով կրնանք բացատրել նաեւ մարդկային համոզմունքները, օրինակ՝ խոր արմատներ ձգած հայրենասիրութիւնը։ Ժողովուրդը յաճախ կ’ըսէ. «Այսինչին ուղեղը լուացուած է հայրենասիրութեամբ»։
Նեարդաբանականօրէն՝ երբ գաղափարները տարիներով կը կուտակուին եւ կ’ամրագրուին ուղեղին մէջ, ուղեղը կը ստեղծէ ապահովութեան գօտի եւ չի սիրեր փոխուիլ։ Ուղեղը միշտ կը դիմադրէ նոր մտածողութեան, որովհետեւ փոփոխութիւնը մեծ ներուժ կը պահանջէ։ Ասիկա կը նմանի միօրինակ ապրելակերպին, մարդիկ կը վախնան դուրս գալ ծանօթ միջավայրէն, որովհետեւ կը մտահոգուին, որ չեն կրնար ընտելանալ նորին։
Սակայն ինքնութեան փնտռտուքը՝ հաւաքական թէ՞ անհատական ըլլալո՞ւ է։
Երբ մարդուն հարցնենք՝ «Ո՞վ ես դուն», ան ընդհանրապէս նախ կը նշէ իր երկիրը, ազգը կամ կրօնը, փոխանակ ներկայացնելու իր անուն մականունը, կրթութիւնը, նախասիրութիւնները, ձիրքերն ու անձնական ձեռքբերումները։
Ինչո՞ւ մարդիկ իրենց արժանիքները կը կապեն հաւաքական գաղափարներու հետ`ազգ, հռչակաւոր գերդաստան եւայլն։
Անհատական ինքնութիւնը կը պահանջէ ինքնուրոյն աշխատանք։ Եթէ փոխես համակարգը, կրնայ հարուածուիլ քու իսկական ինքնութիւնդ, ինչ որ ներքին վախ եւ մտավախութիւն կը յառաջացնէ։
Հաւաքական պատկանելիութիւնը` քեզ կը տանի դէպի աւելի մեծ եւ պատրաստի համակարգ։ Եթէ հարցադրողը քու ընտանիքէդ չէ, անհատական պատկանելիութիւնդ կրնայ անհեթեթ թուիլ իրեն։ Բայց եթէ հարցը տանիս դէպի ազգային մակարդակ, ուր հարցնողն ու պատասխանողը նոյն ազգէն են, անոնք միասին կ’ուրախանան եւ կը հպարտանան նոյն արմատներով՝ առանց անձնական ճիգի։
Աւելի ճիշտ կ’ըլլայ, որ մարդիկ իրենց ինքնութիւնը կերտեն սեփական ուժերով, զատորոշելով զայն երկրէն, լեզուէն կամ կրօնէն, որպէսզի «դուն դուն ըլլաս»։
Հարցման պարագային՝ նախ տան իրենց անունը, ապա ներկայացնեն իրենց գիտական կոչումներն ու արժէքները, քանզի իսկական ինքնութիւնդ դուն քեզի պիտի շինես։
Իսկ հաւաքական գաղափարները, երբ անդադար կը սերմանուին առանց քննական մտածողութեան, ուղեղի՝ փոփոխութիւններ մերժելու յատկութեան պատճառով, կրնան կամաց-կամաց արմատաւորուիլ եւ հետզհետէ վերածուիլ կուրօրէն մոլուցքի։

