Լրահոս

Ուիլիըմ Սարոյեանին Նուիրուած Ցուցահանդէս՝ Երեւանի Մէջ

ԵՐԵՒԱՆ․- Սեպտեմբեր 5–11 ընթացող «Սարոյեանական օրեր»-ու ձեռնարկներու ծիրէն ներս, «Եղիշէ Չարենց» գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Սարոյեանական գոյներ․ բառերէն անդին» առժամեայ ցուցադրութեան, որուն ներկայ եղած են կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի փոխնախարար Ալֆրետ Քոչարեան, Հայաստանի մէջ Ա․Մ․Ն․-ի դեսպան Քրիսթինա Քվիըն եւ «Ուիլիըմ Սարոյեան» հիմնադրամի տնօրէն Սքոթ Սեդրակեան։

Ցուցադրութիւնը պիտի շարունակուի մինչեւ Յունուար 30։

Վերոնշեալ հիմնադրամին հետ գործակցաբար կազմակերպուած ցուցահանդէսին ներկայացուած են Սարոյեանի 100-է աւելի նկարչական աշխատանքները, ինչպէս նաեւ գրողին հեծանիւը, զոր ան հայրենիքի ճամբաներէն անցնելէ ետք նուիրած է «Եղիշէ Չարենց» թանգարանին։

 

 

Armenian Weekly Magazine Armenian Weekly Magazine

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button