Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՈՅԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ՝ ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ ԱՐՑԱԽԻ ՄԷՋ
Մայիսեան եռատօնին առիթով Շաբաթ, Մայիս 9-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան Արցախ հասաւ եւ Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի իր տուրքը մատուցեց զոհուած ազատամարտիկներու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին առջեւ:
Տեղւոյն օրգան՝ “Ապառաժ“-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Հրանդ Մարգարեան նշեց. “Մենք յաղթած ենք Արցախեան պատերազմին, եւ մեր յաղթանակը պէտք է կարենանք միջազգայնօրէն ամրագրել: Կարեւոր է, որ հայ ժողովուրդը միասնականօրէն ամէն տեղ ոտքի կանգնի, որպէսզի կարենանք ճնշման նոր ալիք բարձրացնել: Այս մէկը մեր արդար պահանջն է, եւ պէտք է պարտադրենք միջազգային հանրութեան եւ նախ եւ առաջ Ատրպէյճանին` ճանչնալու մեր յաղթանակը:…Այս հարցին մէջ ես ո՛չ Հայաստանի Հանրապետութեան, ո՛չ Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն, ո՛չ սփիւռքին, ո՛չ ալ որեւէ քաղաքական ուժի յատուկ դեր կը վերապահեմ. այս մէկը այն օրակարգն է, ուր մենք պէտք է մէկ ձայնով խօսինք, միասնականութիւնը այս հարցին մէջ շատ կարեւոր է: Կատարուելիք աշխատանքը բոլորիս է“:


