ՈՂ­ՋՈՒ­ՆԵ­ԼԻ ՔԱՅԼ ՄԸ ՈՒ­ՐՈՒԿ­ՈՒԱ­ՅԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:5 Minute, 0 Second

p6 khosk-arnoghner  ՎԱՐԴԱՆ ՄԱՏԹԷՈՍԵԱՆ

 

1964ին, ու­րուկ­ուա­հայ հա­մայն­քի երի­տա­սար­դա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մի­աց­եալ նա­խա­ձեռ­նու­թիւնը առաջ­նոր­դած էր Մեծ Եղեռ­նի 50ամ­եա­կի ան­նա­խըն­թաց ոգե­կոչ­ման եւ Ու­րուկ­ուա­յի կող­մէ որ­պէս ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման` 1965ին: Յու­լիս 5, 2013 թուա­կիր հա­ղոր­դագ­րու­թիւն մը, ստո­րագ­րու­թեամբ Ու­րուկ­ուա­յի Հայց. Առա­քե­լա­կան Եկե­ղեց­ւոյ թե­մի առաջ­նորդ Յա­կոբ Արք. Գլընճ­եա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան պա­տուոյ հիւ­պա­տոս Ռու­բէն Աբ­րա­համ­եա­նի, կը տե­ղե­կաց­նէ, որ կազմ­ուած է Ու­րուկ­ուա­յի Հայ Հա­մայն­քի Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Հա­րիւ­րամ­եա­կի Ոգե­կոչ­ման Յանձ­նա­խում­բը: Այս յանձ­նա­խում­բը կազմ­ուած է հա­մայն­քի (կեդ­րո­նա­ցած` մայ­րա­քա­ղաք Մոն­թէ­վի­տէ­ո­յի մէջ) բո­լոր կրօ­նա­կան ու աշ­խար­հա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­ննե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րով: Ու­րուկ­ուա­յի հա­մայն­քը, ինչ­պէս ծա­նօթ է (կամ այն­քան ալ ծա­նօթ չէ), ներ­քին սուր բա­ժա­նում­ներ ու տագ­նապ­ներ ու­նե­ցած է 1960ական թուա­կան­նե­րու վեր­ջա­ւո­րու­թե­նէն, որոնք առանց դա­դա­րի եւ մի­եւ­նոյն սրու­թեամբ, կա­րե­լի է ըսել, շա­րու­նա­կած են գո­յա­տե­ւել նոյ­նիսկ 1991ին Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան հռչա­կու­մէն ետք: Այլ առի­թով ըսած ենք, որ Պեր­լի­նի պա­տը չէ ին­կած Ու­րուկ­ուա­յի մէջ, եւ այս պատ­կե­րա­ւոր ասոյ­թը կրնայ շատ խօ­սուն ըլ­լալ` գէթ մին­չեւ վեր­ջերս տի­րող մթնո­լոր­տը բնո­րո­շե­լու հա­մար: “Ես ըրի, դուն չը­րիր“ի կամ “Ես ըրի, դուն ըրիր“ կամ “Ես չը­րի, դուն չը­րիր“ երեք տար­բե­րակ­նե­րը ան­պա­կաս եղած են միշտ, փո­խա­նակ ան­գոյ ու կեն­սա­կան “Մենք բո­լորս մի­ա­սին ըրինք“ խօս­քին: Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն, աւե­լի ողջ­միտ մօ­տե­ցու­մի մը որոշ նշան­ներ սկսած են ի յայտ գալ: Այս վեր­ջին իրա­դար­ձու­թիւնը` մի­աց­եալ յանձ­նա­խում­բի մը կազ­մա­կեր­պու­թիւնը, որ­քան որ կրնայ “սո­վո­րա­կան“ երե­ւոյթ մը նկատ­ուիլ երբ ար­դէն հա­մազ­գա­յին ոգե­կոչ­ման յանձ­նա­խումբ մը ստեղծ­ուած է ամե­նա­բարձր հա­մա­հայ­կա­կան մա­կար­դա­կով, չի դադ­րիր ան­ս­ո­վոր ըլ­լա­լէ, երբ հաշ­ուի կ՛առ­նենք, որ եղած են ժա­մա­նակ­ներ` ոչ շատ հե­ռու անց­եա­լին, երբ Ու­րուկ­ուա­յի հայ հա­մայն­քը Մեծ Եղեռ­նը ոգե­կո­չած է… եր­կու­քէն մին­չեւ չորս “հա­մա­գա­ղու­թա­յին“ ձեռ­նարկ­նե­րով: p6 nerga-joghovurt  Բայց “ան­սո­վո­րու­թիւնը“ մէկ­դի ձգած, կը կար­ծենք որ խիստ ող­ջու­նե­լի ու կա­րե­ւոր քայլ մըն է, որ, կը յու­սանք, պի­տի առաջ­նոր­դէ աւե­լի լայն հաս­կա­ցո­ղու­թեան ու փո­խըմբռ­նու­մի, ինչ­պէս եւ հա­մայն­քա­յին կա­րե­ւոր ու սկզբուն­քա­յին հար­ցե­րու լու­ծու­մին: Ու­րուկ­ուա­յի թիւ 18834 օրէն­քը, որ Նո­յեմ­բեր 4, 2011ին վա­ւե­րացո­ւած էր Խորհր­դա­րա­նի եր­կու պա­լատ­նե­րուն կող­մէ (հրա­պա­րակ­ուած` Նո­յեմ­բեր 17, 2011ին), իր 205րդ յօդ­ուա­ծին մէջ կ՛ըսէ.-

“Կրթու­թեան եւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թեան կը յանձ­նա­րար­ուի “Հայ­կա­կան Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան“ի զար­գա­ցու­մը` Ու­րուկ­ուա­յի հայ հա­մայնք­նե­րու խորհր­դակ­ցու­թեամբ: Յիշ­եալ թան­գա­րա­նին նպա­տա­կը պի­տի ըլ­լայ Ի. դա­րու սկզբնա­ւո­րու­թեան տե­ղի ու­նե­ցած հայ ժո­ղո­վուր­դի ցե­ղաս­պա­նու­թեան ծա­նօ­թա­ցու­մը, մեր երկ­րին մէջ հայ մշա­կոյ­թի տա­րա­ծու­մը եւ Ու­րուկ­ուայ հաս­տատ­ուած հայ գաղ­թա­կա­նու­թեան մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու հա­ւա­քու­մը: Այս նպա­տա­կով, յիշ­եալ նա­խա­րա­րու­թիւնը պի­տի ու­նե­նայ սե­փա­կան կալ­ուած մը, կամ այլ պե­տա­կան բա­ժան­մունք­ներ որոնք փո­խանց­ուած ըլ­լան այդ նպա­տա­կով, եւ պի­տի զար­գաց­նէ զայն մի­եւ­նոյն նա­խա­րա­րու­թեան խնա­յո­ղու­թիւն­նե­րով եւ նուի­րատո­ւու­թիւն­նե­րով կամ կտակ­նե­րով, զորս կրնայ ստա­նալ այդ նպա­տա­կին հա­մար“: Ող­ջու­նե­լի է նա­եւ, որ Ու­րուկ­ուա­յի Կրթու­թեան եւ Մշա­կոյ­թի նա­խա­րա­րու­թիւնը եւ Ոգե­կոչ­ման Յանձ­նա­խում­բը ար­դէն հրա­պա­րա­կած են մի­աց­եալ հրա­ւէր մը մաս­նակ­ցե­լու Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րա­նի յա­ռա­ջի­կայ գոր­ծադ­րու­թեան հրա­պա­րա­կա­յին յայ­տա­րա­րու­թեան, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նար Յու­լիս 17ին նա­խա­գա­հա­կան պա­լա­տին մէջ, Մոն­թէ­վի­տէօ: Մաղ­թենք, որ պե­տա­կան օրէն­քը շու­տով իրա­կա­նա­նայ գործ­նա­կան գետ­նի վրայ` տեղ­ւոյն հա­մայն­քի հա­մե­րաշխ ու մի­աս­նա­կան գոր­ծակ­ցու­թեամբ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles