
“Բուն հերոսը այն է, որ կը հետապնդէ իր նպատակը`
կեանքն ու մահը խառնելով իրարու,
բայց առանց գիտակցելու, թէ ինք հերոս է:”
Ռուբէն
Պոռթկումն ու զայրոյթը արցունքը կը խեղդեն… ինչո՞ւ… ինչո՞ւ… ինչո՞ւ հայրենի հողի համար տարիներ թշնամիին դէմ կենաց մահու մարտերուն մասնակից ազատամարտիկը, դաւադիր փամփուշտի զոհ պիտի դառնայ, իր իսկ կերտած ու անոր խորհրդանիշներէն մէկը դարձած հայրենիքի մէջ եւ “հայ“-ու ձեռքով…
***
Հրաչ էր անունդ ու հուր կար արծուաբիբ հայեացքիդ մէջ, անհատականութիւն էիր, որուն կուրուստին համար ողբն ու լացը անընդունելի է, այո՜ անընդունելի… այդպէս կոփեցիր շրջապատդ, նախապատրաստեցիր ոչ պակաս հերոսուհի կինդ եւ զաւակներդ…
Մեծ որդիդ` Գէորգ Չաւուշի անունը կրելու արժանի 14-ամեայ պատանին, իսկական տղամարդ է, զուսպ ու հզօր, ամուր ու խելացի, կոփուած` ինչպէս մեծ փորձ ունեցող զինուորական, իսկ ութամեայ Կարօտդ սպայ կ՛ուզէ դառնալ, ան արդէն բռնած է իր անուանակիցի եւ քու ճանապարհդ` ան առանց յուսահատելու` կ՛ուզէ, որ բարին յաղթէ,-
“-մամ, ո՞վ է գիւղապետ լինելու, էդ չարե՞րը,
=չէ տղես պապայիդ նման մի բարի մարդ,
– ո՞վ մամ,
=չգիտեմ տղես, մէկին կը գտնեն
-Տէ լաւա, թող բարին լինի:
Արցախի մէջ ծնած 15-ամեայ Նարէն եւ չարի դէմ ըմբոստացող եւ 13-ամեայ Հայկուհին` իսկական հայուհիներ են, համեստ, սրտցաւ, կիրթ ու զուսպ, հայրենասէր եւ ուժեղ, որովհետեւ,- “պապան թոյլ մարդ չի սիրում“:
Հերոսին վայել նման արժանաւոր զաւակներ ունենալու մէջ մեծ դեր ունի նաեւ ազատամարտիկ ընկերոջդ աղջիկը` Արցախցի կինդ, որ ի սկզբանէ համաձայնեցաւ իր կեանքը կապելու ազատամարտիկ դաշնակցականի հետ, եւ քեզի հետ անցնելու փշոտ ճանապարհը…
***
Հրա՛չ, իմ խոնարհ հերոս եղբայր, յո՞ երթաս, կարծես մեր երազանքներու Հայաստանը քեզի հետ կը տանիս, թեւաթափ եղանք… խորհրդանիշն էիր ներողամիտ մեծ մարդու, իսկական դաշնակցականի, հերոս ազատամարտիկի, իտէալական հայրենասէրի ու ղեկավարի, քեզի համար հայ գիւղացիի կարիքներու ապահովումն էր հրամայական, իսկ զազրախօսի համար միայն գանձագողութիւնը եւ ան իր չափանիշներով գնահատեց քեզ…
“ՄԻ ԽԱՌՆԷՔ ՄԵԶ ՁԵՐ ՎԱՅՐԻ ԱՐՋԻ ՑԵՂԵՐԻՆ“…
Եթէ այսքան մարտնչումներէդ ու զոհաբերութիւններէդ ետք նման աւարտ պիտի դրուէր կեանքիդ, ինչի՞ յոյսով ապրինք… ներող եղիր եղբա՜յր, պահեր եղան, որ տկարացայ, յուսահատեցայ, սակայն ինծի ուժ տուին զաւակներդ եւ հերոսուհի կինդ, ի վերջոյ խօսքերդ ու ապրած կեանքդ…
Հասկցայ, որ անմահ ես քու պանծալի անցեալովդ, ժառանգորդներովդ, մահովդ անգամ համախմբեցիր հազարաւոր հայորդիներ, տարակարծիք կուսակցութիւններ ու կուսակցականներ, յիշեցուցիր, որ ինչքան գործ կայ ընելու, պարզեցիր, որ մեր ազգի մէջ ինչքան աղտ ու թարախ կայ, զոր պէտք է մաքրենք` ապրիլ կարենալու համար, մեր երազանքի Հայաստանը ունենալու համար…
Յուղարկաւորութեանդ երթի ընթացքին ողբ ու լացէն աւելի պոռթկում ու զայրոյթ կար իւրաքանչիւրիս սրտին մէջ, “հայ“ թշնամիներուդ անթիւ անէծքներ ուղղուեցան, նոյնիսկ իրենց կեանքի մէջ չանիծող հայորդիներէն, այսքան միասնական ու սրտափուխ անէծքներ հայ ժողովուրդէն լսուած էր միայն թուրքերուն հանդէպ… կը հաւատամ, որ Աստուած կայ եւ նման անէծքներու ականջալուր կ՛ըլլայ… իսկ եթէ կա՜յ, ինչո՞ւ թոյլ տուաւ… թոյլ տուաւ որպէսզի սթափինք, պոռթկանք ու պահանջենք, ձգտինք ու կերտենք քու երազներուդ Հայրենիքը… Պռոշեանը պէտք է ծաղկի յանուն հոգիիդ խաղաղութեան…
Սթափեցման, ահազանգը դաժան էր… բայց եղաւ… Նոյն ինքն Աստուած լացաւ յուղարկաւորութենէդ ետք, անոր անձրեւային արցունքները ծաղկած ծիրանիները ծաղկաթափ ըրին ու կարծես արիւն լացին` րոպէի ընթացքին կարմիրի մէջ թաղուեցան ծառերը… սակայն յետոյ… յետոյ նոյն այգիիդ ծիրանիները պիտի կանաչին ու բերք տան… չարագործերն ու զազրախօսները պիտի խեղդուին իրենց թափած թարախին մէջ, միահամուռ հազարաւոր մարդոց անէծքներն ալ պիտի շանթահարեն ու արմատախիլ ընեն այդ թրքաբարոյ արարածները…
“Բարբարոսներ շատ կը գան ու կ՛անցնեն անհետ,
արքայական խօսքը մեր կը մնայ յաւէտ“:
ԱՅՍ ՉԱՐԻՔԸ ԵԹԷ ՄՈՌՆԱՆ ՄԵՐ ՈՐԴԻՔ…
Մեր խոնա՜րհ հերոս` համալրեցիր անմահներու շարքը… միացար այն ընկերներուդ, որոնց կորուստին համար այնքան ցաւ ապրեցար ու մեղաւոր կը զգայիր, որ իրենք գացին ու դուն վերադարձար… Բոլորդ անմահ էք… 14-ամեայ արժանի ժառանգորդդ` Գէորգը, բոլորիս տուաւ այն դասը, որ անմահներու ետին լաց ու կոծը անընդունելի է, սկսած գործը պէտք է շարունակել` հետեւելով քու պատգամիդ,-
“Մեր երկրի կառուցման համար չպէտք է խնայենք ոչինչ, պետական մտածելակերպ դրսեւորենք եւ լաւ հայ լինելու պատուին արժանանանք: Փոքր ազգ լինելու հանգամանքը մեզ աւելի պիտի պարտադրի հայրենասէր, ազգասէր ու միասնական լինել“: