Ամերիկահայ

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԳԻՐ՝ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ Ա.Մ.Ն. Հ.Օ.Մ.ԻՆ

Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկանանք թէ, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը ստացած է շնորհաւորագիր մը Նիւ Ճըրզիի Հատսըն շրջանի քաղաքապետ՝ Պրայըն Փ. Սթաքէն:
Սոյն գրութեան մէջ նշուած է թէ՝ Հատսըն շրջանը ուրախութեամբ կը պատուէ Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ հայ գաղութը, հայկական դրօշակին բարձրացման արարողութեան առթիւ:
»Հայ գաղութը իր կարեւոր նպաստը բերած է Իւնիըն Սիթի քաղաքի բարելաւման համար, իր նպաստով արուեստի եզրէն, երաժշտութեան, առեւտուրի եւ զանազան այլ մարզերէ ներս:  Միացեալ Նահանգներ գաղթող հայերու եւ հայերու շառաւիղներուն քաջութիւնն ու վճռականութիւնը բաւական նշելի յաջողութեան պատմութիւն մըն է, եւ կը բովանդակէ Ամերիկայի բնակչութեան ընդհանրական երեւոյթը:Հայ Օգնութեան Միութիւնը, ճշմարիտ օրինակ մըն է հայ ժողովուրդին ոգիին եւ բնաւորութեան«, կÿեզրակացնէ գրութիւնը:
Այս առթիւ, Արեւելեան Ա.Մ.Ն.ի Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկերուհի Սիլվա Գույումճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց ընկերուհի Վերժին Թեկրարեանին, իր տարած աշխատանքին համար, Հ.Օ.Մ.ին նուիրուած այս շնորհաւորագրին ապահովման ծիրէն ներս:

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button