
Թղթակից
Աւելի քան 400 մշակութասէր հանդիսատեսներու, Շաբաթ, Հոկտեմբեր 13-ի երեկոյեան, Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետներու տօնին, Շիքակոյի “Համազգային“ Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան “Սարդարապատ“ պարախումբի ելոյթը բացառիկ յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Արդարեւ, երեք տարիներու վրայ երկարող անդուլ աշխատանքի պտուղն էր, որ վայելեցին ներկաները: Շնորհիւ անշահախնդիր պարուսոյցներ տիկ. Հուրի Փափազեանի եւ օր. Սօնա Պիրազեանի անվերապահ ու տքնաջան աշխատանքին:
Երեկոյի բացումը կատարեց վարչութեան անդամ պրն. Թովմաս Օհանեան:
Ապա բեմ բարձրացաւ վարչութեան ժրաջան ատենապետ պրն. Յարութ Միքայէլեան, որ Շիքակոյի Համազգայինի ու պարախումբի հակիրճ պատմականը ընելէ ետք, խօսքը տուաւ Արեւելեան Ամերիկայի “Համազգային“ի Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ պրն. Յակոբ Մելքոնեանին:
Այնուհետեւ բեմահարթակը ամբողջութեամբ տրամադրուեցաւ Շիքակոյի “Սարդարապատ“ եւ Տիթրոյթի “Համազգային“ի “Արաքս“ պարախումբերուն, որոնք “Երազ Իմ Երկիր“ կարգախօսին ներքեւ յաջորդաբար ներկայացուցին “Բերդ Պար“, “Երազ Իմ Երկիր“, “Ծիրանի Ծառ“ եւ “Կագաւի Երգը“, “Զառօթնուկ“, “Շիրակի Պար“, “Ուրմիացի Պար“, “Լորի-ի Կանանց պար“, “Քոչարի“, “Աղջիկների Խաղ Պար“, “Տօնական“ եւ “Աւարայր“:
15 վայրկեան դադարէ մը ետք, անոնք շարունակեցին հմայել ներկաները, պարելով “Ծովից Ծով“, “Թամզարա“, “Մանրանկար“, “Նինօ“, “Սօնուրի“, “Ծամերով Պար“, “Նունուֆար“, “Վարագայ Լեռնի Պար“, “Հզօր Հայաստան“ եւ վերջապէս “Ես Սիրում Եմ Իմ Երկիրը“: Ու ապա յոտնկայս ծափահարութիւններու տարափին ներքեւ, վարչութեան անդամները ծաղկեփունջեր ներկայացուցին զոյգ պարախումբերու պարուսոյցներուն, որմէ ետք, Շիքակոյի վարչութեան ատենապետը բարձր գնահատելով տեղւոյս պարախումբի պարուսոյցները, յանուն վարչութեան, անոնց յանձնեց յուշատախտակներ եւ ոսկեայ մանեակներ:
Արդար գնահատանքի արժանացաւ ու ոսկեայ մանեակ մը տրուեցաւ նաեւ տիկ. Հերմինէ Խոլամեանին:
Իսկապէս անմոռանալի երեկոյ մը, որու ընթացքին ասմունքով ելոյթ ունեցան տիկիններ` Լուսինէ Թորեան եւ Նարինէ Ասատրեան:
Յատուկ շնորհակալութիւն ձեռնարկը հովանաւորող ազգայիններուն եւ բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն ձեւով օգտակար դարձան այս ձեռնարկի յաջողութեան: