ՇԻՔԱԿՈՅԻ ՄԷՋ “ՀԱՅՐԵՆԻՔ“Ի 115-ԱՄԵԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ

0 0
Read Time:2 Minute, 54 Second

unnamed10 Թղթակից Լուսանկար՝ Թինա Չոլաքեանի “Հայրենիք“ի 115-ամեակի ձեռնարկներուն գծով, Շաբաթ, Մայիս 17-ին, հովերու քաղաքին՝ Շիքակոյի մէջ, տեղի ունեցաւ յիշատակելի ձեռնարկ մը: Արփի Սեֆէրեան, ամէնայն սիրայօժարութեամբ հիւրընկալած էր եւ իր տան դռները լայն բացած: Նաեւ, ան ստանձնած էր այս ձեռնարկին մատակարարումը:unnamed12 Յիսուն ներկաներու մասնակցութեամբ, այս դրամահաւաքի ձեռնարկը մեծ յաջողութեամբ կատարուեցաւ: Երեկոյեան ժամը 7:00-ին, հիւրասիրութեամբ սկսաւ ձեռնարկը: Ապա, շրջանի հովիւ Տէր Հայր Զարեհ Սահակեան աղօթքով մը օրհնեց օրուան սեղանը: Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անունով խօսք առաւ Անդրանիկ Գասպարեան, որ նաեւ օրուան հանդիսավարն էր: unnamed8  Ան նշեց թէ, այս տարի երեք յիշատակելի տարեդարձներ կը նշուին` “Հայրենիք“ թերթի եւ հրատարակչատան 115-ամեակները, նաեւ անգլերէն բաժնի՝ “Արմինիըն Ուիքլի“ի 80-ամեակը: Ան քանի մը տողով ներկայացուց թէ մամուլէն ներս որքան բան փոխուած է, տեղեկացնելով թէ ՛՛Հայրենիք՛՛ հաստատութիւնը քայլ պահած է այս ճեպընթացող փոփոխութիւններուն հետ, յատկապէս շեշտելով թէ, նոյնիսկ համակարգիչի փոխարէն, բջիջային հեռաձայնի պաստառիկներէն կարելի է կարդալ ու հետեւիլ մամուլին: Նաեւ, ան անդրադարձաւ հրատարակչատան մասին, որ վերջերս լոյս ընծայած է ե-հրատարակութիւններ եւ անշուշտ պատմութիւն կերտած հրապարակախօսներ եւ գործիչներ ներկայացնող՝ ՝՝Voices from the Past՝՝ (Անցեալի Ձայներ) հրատարակութիւնը, որմէ օրինակներ, ինչպէս նաեւ ՝՝Հայրենիք՝՝ի Ապրիլ ամսուայ երկլեզու բացառիկ թիւը տրամադրուած էին ներկաներուն:unnamed6 Ապա, խօսք առաւ “Հայրենիք“ի խմբագիր՝ Զաւէն Թորիկեանը, որ իր կարգին անդրադարձաւ հայ թերթի կարեւորութեան մասին, նշելով թէ բոլոր գաղութներէն ներս, մեծ թէ փոքր հայորդին, եկեղեցւոյ, հայ կեդրոնի եւ կրթօճախի կողքին, ունեցած է թերթը: Ապա, ան յայտնեց թէ, շնորհիւ գաղութներու ցուցաբերած գորգուրանքին, կարելի եղած է պահել հայ թերթը եւ այս պարագային “Հայրենիք“ը: Ապա, բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան բանախօսը՝ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան, որ այդ օրն իսկ վերադարձած էր Լիբանանէն: Յատկապէս, ան անդրադարձաւ ուսանողութեան օրերուն, Լիբանան կեցութեան ընթացքին ձեռք ձգած փորձառութեան մասին: Ան պատմեց հետաքրքրական ու տպաւորիչ դրուագներ: Մօտաւորապէս վաթսուն տարի առաջ կատարած իր ութամսեայ այցելութեան մասին սահիկներ ցուցադրելով, ան մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծեց, շարունակ բաղդատելով աշխարհաքաղաքական եւ ընկերային ներկայի իրավիճակին հետ: Իր իւրայատուկ սրամտութեամբ, թէ՛ հայերէնով եւ թէ՛ անգլերէնով, ան առիթ մը ընծայեց ներկաներուն, որպէսզի քանի մը վայրկեանի համար, փոխադրուին Միջին Արեւելքի առաջնորդող գաղութներէն՝ Լիբանան եւ ականատես ըլլան ու ըմբոշխնեն այդ շրջանի եւ գաղութի կազմաւորման ամէնէն փայլուն հանգրուանի օրերու մթնոլորտը: unnamed11  Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան անդրադարձաւ իր մանկութեան, պատանեկութեան եւ երիտասարդական եւ յատկապէս ազգային բնագաւառէն ներս կազմաւորման գլխաւոր հանգրուաններուն եւ անշուշտ իր կեանքին վրայ մեծ ազդեցութիւն ունեցած անձնաւորութիւններուն վրայ, որոնց կարգին յատկապէս Հայաստանի նախկին վարչապետ՝ Սիմոն Վրացեանին մասին: Անոր համար ամենէն աւելի տպաւորիչն ու յիշատակելին այն էր թէ.- “Պարզ ապրելաձեւ ունէին անոնք, հակառակ իրենց անցեալին ու հռչակին, որ համեմատած ներկայի ստեղծուած իրավիճակին…կարելի չէ բաղդատել“: Ներկայ Պէյրութին հետ բաղդատած գրեթէ անճանաչելի, ցուցադրուած արխիւային բնոյթ ունեցող լուսանկարները կը ներկայացնէին զանազան ազգային հաստատութիւններ, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Մայրավանքը, որ այդ օրերուն Անթիլիասի նարնջենիներուն, նաեւ կառոյցի հազուագիւտ կառոյցներէն մէկն էր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Պէյրութի քաղաքի կեդրոնէն տեսարաններ, որոնք այսօր բոլորովին քանդուած եւ տեղ տուած են նոր կառոյցներու: Ներկաները նաեւ ըմբոշխնեցին տեսարաններ՝ Էշրեֆիէի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանէն, Սուրբ Յակոբ եկեղեցիէն, Պուրճ Համուտի Սուրբ Աստուածածին եւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցիներէն, նաեւ Պէյրութի “Նշան Փալանճեան“ ճեմարանի շրջափակէն:unnamed5 unnamed3  ՝՝Այս անձնաւորութիւններն ու գաղութը ինծի դաստիարակեց ու փոխանցեց ինքնագիտակցութիւն…երախտապարտ եմ“, եզրակացուց փրոֆ. Յովհաննէսեան: Ձեռնարկի աւարտին, հանդիսավար՝ Անդրանիկ Գասպարեան, անգամ մը եւս շնորհակալութիւն յայտնեց այն անհատներուն, որոնք շարունակ նեցուկ կը կանգնին հայ մամուլին թէ՛ բարոյապէս եւ թէ՛ նիւթապէս: Ապա, խօսք առաւ Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Անժէլ Մանուկեան, որ 115-ամեակի ձեռնարկներու պատասխանատուն է: Ան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ յատկապէս Արփի Սեֆէրեանի, որ ամէնայն բծախնդրութեամբ եւ նուիրումով կազմակերպած էր այս ձեռնարկը: Սեֆէրեան, իր կարգին յայտնեց թէ, իրեն համար պատիւ է նմանօրինակ հիւրասիրութիւն մը կազմակերպելը: Նշենք թէ, այս առթիւ կարելի եղաւ հաւաքել 25 հազարի շուրջ տոլարի գումար մը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles