Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԺԱՄԱՆԵՑ ՎԱՏԻԿԱՆ

Կիրակի, 17 Մայիս 2026-ի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը պաշտօնական քառօրեայ այցելութեամբ ժամանեց Վատիկան։
առանձին, ապա հրապարակային հանդիպումներ պիտի ունենայ Լեւոն ԺԴ. Պապին հետ, ինչպէս նաեւ Վատիկանի արտաքին յարաբերութեանց պատասխանատու Քարտինալ Փարոլինի, միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Քարտինալ Քոխի, արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու պատասխանատու Քարտինալ Կիւճերոթիի, միջ-կրօնական երկխօսութեան պատասխանատու Քարտինալ Քուաքաթի եւ այլ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Պաշտօնական այցելութեան ծիրէն ներս, Նորին Սրբութիւնը դասախօսութիւն պիտի տայ Վատիկանի Արեւելեան համալսարանին մէջ:
Ժամանումէն անմիջապէս ետք, Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Վատիկանի պատասխանատուներուն հետ՝ յառաջիկայ օրերու ծրագիրներուն առնչուած։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Կաթողիկոսին այցելութեան յատուկ կարեւորութիւն տուած է Վատիկանը, յատկապէս լայն տեղ տալով հանդիպուներու առնչուած տեղեկութիւններուն։
Ստորեւ կը գտնէք Վատիկանի հաղորդագրութիւնը Հայրապետին այցելութեան գծով.
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառին պաշտօնական այցելութիւնը Լեւոն ԺԴ. Պապին
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա. Վեհափառը Երկուշաբթի, 18 Մայիս 2026-ին, այցելութիւն պիտի տայ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապին։ Այս մէկը պիտի ըլլայ Վեհափառ Հայրապետին առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Լեւոն Պապին։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ, թէ Քահանայապետի եւ Վեհափառ Հայրապետի միջեւ կայացած Երկուշաբթի օրուան առանձնական հանդիպման պիտի յաջորդէ աղօթքի պահ մը Առաքելական Պալատի Ուրպանոս Ը. մատրան մէջ։
«Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. նաեւ պիտի այցելէ Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման Քահանայապետական Վերատեսչութիւնը եւ Հռոմէական Քուրիայի այլ գրասենեակներ։ Իսկ Մայիս 19-ին, Քահանայապետական Արեւելեան Հիմնարկին մէջ, Վեհափառ Հայրապետը հրապարակային դասախօսութիւն մը պիտի տայ Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու մարտահրաւէրներուն մասին», նշուած է Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակին հրատարակած հաղորդագրութեան մէջ։
Թէեւ այս այցը կը հանդիսանայ Արամ Ա. Վեհափառի առաջին պաշտօնական այցը Լեւոն Պապին հարկ է նշել, որ անոնք հանդիպելու առիթը ունեցան Լեւոն ԺԴ.-ի Լիբանան կատարած առաքելական ճամբորդութեան ընթացքին։ Բացի վերոնշեալ հանդիպումներէն Վեհափառ Հայրապետն ու իր պատուիրակութիւնը հիւրը պիտի հանդիսանան նաեւ Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանին, ի ներկայութեան Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ին։
Այս առիթով նշենք նաեւ, որ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը տարբեր առիթներով այցելած է Վատիկան ու հանդիպումներ ունեցած է տարբեր Քահանայապետներու հետ, ինչպէս Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ.-ի հետ 1997-ին, ստորագրելով համատեղ յայտարարութիւն մը, ապա 2000 թուականի Յոբելենական տարուան առիթով։ Ան այցելած ու հանդիպած է նաեւ երջանկայիշատակ Պենետիկտոս ԺԶ. Պապին հետ 2008-ին Նոյեմբերին, ապա հայասէր Քահանայապետ Փրանկիսկոսին հետ, տարբեր առիթներով` 2014-ին, 2015-ին, 2018-ին, 2021-ին եւ 2024-ին:
Այցելութիւններ, որոնք կը հաստատեն երկու եկեղեցիներուն միջեւ սերտ ու բարեկամական կապերը եւ համամիութենական ուղիով անոնց ընթացքը։
Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն՝
Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան,
Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան,
Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան,
Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան,
Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան,
Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան,
Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան,
Գերշ. Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեան,
Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Եմիշեան,
Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան,
Հոգշ. Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարճեան
Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան:

