Լրահոս

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՅՑԵԼԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԵՐՈՍ ՍՈՂՈՄՈՆ ԹԵՀԼԻՐԵԱՆԻ ԴԱՄԲԱՐԱՆԸ

Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբերի առաւօտեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ֆրեզնօ իր կեցութեան ընթացքին, ընկերակցութեամբ հայրապետական շքախումբին, այցելեց «Արարատ» գերեզմանատունը, որ կը հանդիսանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գտնուող հայկական պատմական վայրերէն մէկը։ Հոն իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած են հայ ազգի արդի պատմութեան մեծանուն դէմքերէն ոմանք։  գերեզմանատունը։

Նորին Սրբութեան գլխաւորութեամբ հոգեւոր դասը հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարեց՝ ի խաղաղութիւն հայ ազգի քաջամարտիկ նահատակներու եւ մշակոյթի ծառայողներու հոգիներուն, մասնաւորաբար ազգային հերոս Սողոմոն Թեհլիրեանին, որ 1921 թուականին ահաբեկեց հայ ազգի Ցեղասպանութեան գլխաւոր դահիճն ու պատասխանատուն՝ Թալէաթ Փաշան, ինչպէս նաեւ` փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին, որ եղած է հայոց պատմութեան առաջատար գիտնականներէն մէկը եւ` գրագէտ Ուիլիամ Սարոյեանին, որ եղած է միջազգայնօրէն ճանչցուած հայ ազգի գրագէտ։

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button