ՆՈՐ ԵՐ­ԿԻՐ ՄԸ` ՔԻՒՐ­ՏԻՍ­ՏԱՆ

0 0
Read Time:14 Minute, 37 Second

p10  new1  ԳԷ­ՈՐԳ ՊԵ­ՏԻԿ­ԵԱՆ

 

Եթէ իս­կա­պէս մօ­տէն կը հե­տե­ւիք Մի­ջին Արե­ւել­քի եր­կիր­նե­րու ընդ­հա­նուր տա­րած­քին կա­տար­ուած քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րուն, շար­ժում­նե­րուն, զի­նուո­րա­կան կամ ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն, յե­ղաշր­ջում­նե­րուն եւ յե­ղա­փո­խու­թեան պի­տա­կին տակ կա­տար­ուած “նո­րու­թիւն­նե­րուն“, պա­տե­րազմ ազ­դա­րա­րող սպառ­նա­լիք­նե­րուն, միլի­ո­նա­ւոր տո­լար­ներ ար­ժող զի­նար­շաւ­նե­րուն, ներ­քին կամ ար­տա­քին կռիւ­նե­րուն կամ անոնց ահա­զան­գնե­րուն, խռո­վու­թիւն­նե­րուն կամ ապս­տամ­բու­թիւն­նե­րուն եւ արիւ­նա­լի ցոյ­ցե­րուն ու, մա­նա­ւանդ. այս առ­թիւ աշ­խար­հի պատ­մա­բան­նե­րու, պատ­մա­գէտ­նե­րու եւ դիւա­նա­գէտ­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րուն, կը նշմա­րենք, որ իս­կա­պէս “նոր բա­նի մը“ ոտ­նա­ձայ­նը կը լսուի այդ շրջա­նէն ներս, որ թէ­եւ շա­տե­րու հա­մար բո­լո­րո­վին նո­րու­թիւն մը չէ, սա­կայն հետզ­հե­տէ սկսած է դառ­նա­լու տե­սա­նե­լի եւ իրաւ:

Այդ մէ­կը Քիւր­տիս­տան անու­նով նոր երկ­րի մը ծնունդն է:

Բայց…

Փոքր վե­րա­քաղ մը կա­տա­րե­լով կ՛ու­զեմ պար­զա­պէս յի­շեց­նել, թէ 20րդ դա­րը, իս­կա­պէս, մեծ առաջ­նորդ­նե­րու շրջան եղած է` իր դրա­կան ու բա­ցա­սա­կան իմաս­տով:

Այդ դա­րուն եկան Լե­նին, Ստա­լին, Մու­սո­լի­նի, Հիթ­լեր, Մաօ, Կան­տի, Չըր­չըլ, Ռուզ­վելթ, Տը Կօլ, Քասթ­րօ, Խրուշ­չեւ, Ռե­կըն, Թա­չըր, Կոր­պա­չով եւ տա­կա­ւին ու­րիշ­ներ, ինչ­պէս Ասատ, Խու­մէյ­նի, Սատ­տամ ու Քա­զա­ֆի, որոնք ճա­կա­տագ­րա­կան դե­րեր խաղ­ցան, ոչ միայն իրենց վա­րած կամ իշ­խած երկ­րին` այ­լեւ գեր­պե­տու­թիւն­նե­րու գծած կամ որ­դեգ­րած քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը տե­ղա­շար­ժի են­թար­կե­լով:

p10 e-one-logistics-in-kurdistan_f3d3d  Վե­րը յիշ­ուած­նե­րը բո­լորն ալ աշ­խար­հի քա­ղա­քա­կան թա­տե­րա­բե­մէն հե­ռա­ցած են ար­դէն: Չկան: Վերջ գտած է իրենց փառ­քի նստաշր­ջա­նը, անոնք դար­ձած են աշ­խար­հի պատ­մու­թեան էջե­րու յի­շա­տա­կում­ներ` տա­նե­լով նա­եւ իրենց տրա­մա­բա­նու­թիւնը, որ պատ­ճառ դար­ձած էր նա­եւ հա­մաշ­խար­հա­յին տրա­մա­բա­նու­թեան փո­փո­խու­թեան:

Ներ­կա­յիս, 21րդ դա­րուն մէջ ենք եւ` ակա­նա­տես նոր հա­մա­կար­գե­րու ծնունդ­նե­րու` նոր մտա­ծե­լա­կեր­պեր, նոր տրա­մա­բա­նու­թիւն­ներ, նոր վար­չա­կար­գեր` առանց գլխա­ւոր կամ յայտ­նի առաջ­նորդ­նե­րու: Այս մէ­կը ճիշդ նա­խորդ դա­րուն հա­կա­ռակ պատ­կերն է:

Արա­բա­կան աշ­խար­հի այս “յե­ղա­փո­խու­թեան“ ալի­քը, որ Թու­նու­զէն սկսե­լով հա­սած է Եգիպ­տոս եւ աւե­լի վեր, ներ­կա­յիս` Սուր­իա, ոչ մէկ գլխա­ւոր առաջ­նորդ ու­նե­ցած է: Գլխա­ւոր առաջ­նորդ­ներ կամ ղե­կա­վար­ներ չկան, այլ ներ­կայ է միայն հա­սա­րա­կու­թեան ալի­քը:

Այս մէկն ալ ձեւ կամ որ­դեգ­րում մըն է, որ ուշ կամ կա­նուխ պի­տի գծէ զինք որ­դեգ­րող երկ­րին եւ անոր բնակ­չու­թեան ճա­կա­տա­գի­րը:

Լաւ կամ վատ, ալի­քը ինք ստեղ­ծած է իր նոր իրա­վի­ճա­կը, ան­շուշտ, շնոր­հիւ Արեւ­մուտ­քի մա­տու­ցած զա­նա­զան “նոր եւ թեք­նիք“ ձե­ւե­րուն: Այ­սօր Թու­նուզն ու Լիպ­ի­ան գլխա­ւոր եւ յայտ­նի առաջ­նորդ­ներ չու­նին, այլ ու­նին միայն նոր խմբակ­ցու­թիւն­ներ, որոնց “հա­մա­կարգ“ անու­նը կը տրուի:

Հոս էա­կան եւ կա­րե­ւոր հան­գա­մանք մըն ալ կայ:

Ինչ որ ալ ըլ­լան “յե­ղա­փո­խու­թե­նէ“ մը ետք ծնունդ առած նո­րաս­տեղծ այս հան­գա­մանք­նե­րը, եթէ չեն կրցած փո­խել նախ­կին իշ­խա­նու­թեան կող­մէ որ­դեգր­ուած չա­փա­նիշ­ներն ու գոր­ծե­լա­կեր­պե­րը, այդ երկ­րին մէջ ամէն բան նոյ­նը պի­տի մնայ, ոչ մէկ բան պի­տի փոխ­ուի:

Այս բո­լո­րը յի­շե­ցինք, պար­զա­պէս ասոնց ճիշդ հա­կա­ռա­կը` քա­ղա­քա­կան հո­րի­զո­նին վրայ գծագ­րուող, նոր երե­ւոյթ մը պար­զե­լու հա­մար:

Այս­պէս, ժա­մա­նա­կէ մը ի վեր, Մի­ջին Արե­ւել­քի տա­րած­քին, անկն­յայտ ու տե­սա­նե­լի դար­ձած է Իրա­քի հիւ­սի­սը գտնուող ինք­նա­վար Հիւ­սի­սա­յին Քիւր­տիս­տա­նի մը ներ­կա­յու­թիւնը, որ կրնայ շու­տով իր ան­կա­խու­թիւնը հռչա­կել:

Նման մեծ, նոր եւ շա­տե­րու հա­մար վտան­գա­ւոր երե­ւոյթ մը մե­զի մտա­ծել կու տայ, թէ մեր հայ­րե­նի­քը` Հա­յաս­տա­նը, ի տես այս նոր երե­ւոյ­թին կամ ծնուն­դին, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ, ի՞նչ պի­տի ընէ, ի՞նչ կը մտա­ծեն իր ղե­կա­վար­նե­րը: Արդ­եօք այս նոր երկ­րին իրա­կա­նա­ցու­մով, ի՞նչ պի­տի ըլ­լայ շրջա­նի քար­տէ­սը, մա­նա­ւանդ որ, այս “նո­րը“ ոչ Թու­նուզ է, եւ ոչ ալ Եգիպ­տոս կամ Սուր­իա, կամ ալ Լիպ­իա:

Հոս, մեր վե­րը յի­շած հա­մա­կար­գի դրու­թիւնը չկայ, այլ կայ լուրջ, մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ մտա­հո­գիչ պա­րա­գայ մը:

Պէտք է ըսել, որ տա­կա­ւին քա­նի մը տաս­նամ­եակ­ներ առաջ քրտա­կան պե­տու­թեան մը ծնուն­դը իս­կա­պէս ծի­ծա­ղե­լի կը թուէր շա­տե­րուն եւ նոյ­նիսկ` անհ­նա­րին:

Տա­կա­ւին անց­եալ դա­րուն պատ­կա­նող պաղ պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին, քիւր­տե­րը նոյ­նիսկ չէ­ին կրնար պե­տու­թիւն մը ստեղ­ծե­լու մա­սին մտա­ծել: Այ­սօր սա­կայն այս մէ­կը կա­մաց-կա­մաց իրա­կա­նու­թիւն սկսած է դառ­նալ, որով­հե­տեւ Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի ներ­կա­յի քա­ղա­քա­կան մթնո­լոր­տը ի շահ քիւր­տե­րուն կը գոր­ծէ:IRAQ

Շա­տեր այս մէ­կուն իրա­կա­նա­ցու­մը “արա­բա­կան գար­նան“ իբ­րեւ պտուղ կը հա­մա­րեն կամ անոր ան­բա­ժան մէկ մաս­նի­կը կը նկա­տեն: Բայց ու­րիշ­ներ ալ ոչ մէկ նմա­նու­թիւն կը գտնեն ու կը մեկ­նա­բա­նեն ըսե­լով, թէ եղա­ծը պար­զա­պէս աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն քիւր­տե­րու իրա­րու մօտ նոյն շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րիլն է:
Բնա­կա­նա­բար Հա­յաս­տա­նի կող­քին նոր Քիւր­տիս­տա­նի մը ստեղ­ծու­մը մեծ մտա­հո­գու­թիւն պի­տի պատ­ճա­ռէ նա­եւ Իրա­քի, Թուրք­իոյ, Սուր­իոյ եւ Իրա­նի` հա­ւա­սա­րա­պէս:

Շա­տեր այն կար­ծի­քին են, թէ Թուրք­իոյ մէջ ապ­րող միլի­ո­նա­ւոր քիւր­տե­րը կրնան խա­ղալ այն դե­րը, ինչ ժա­մա­նա­կին թուր­քե­րը խա­ղա­ցին Բիւ­զան­դա­կան կայս­րու­թեան շրջա­նին եւ պատ­ճառ դար­ձան այդ հսկայ կայս­րու­թեան քան­դու­մին:

Ահա՛, երբ կ՛ը­սեն, թէ պատ­մու­թիւնը ինք­զինք կը կրկնէ, իրաւ եւ ճշմա­րիտ է:

Ներ­կա­յիս դիւա­նա­գէտ­ներ կը պար­զեն, թէ Թու­րքիան իր դի­մաց միայն եր­կու ձեւ կամ լու­ծում ու­նի: Այս­պէս. ան կամ յօ­ժար կեր­պով քիւր­տե­րուն պի­տի յանձ­նէ Արե­ւել­եան Անա­տո­լուն եւ կամ ալ միշտ զի­նուո­րա­կան մեծ, արիւ­նա­լի, վտան­գա­ւոր ու ծախ­սա­լից զի­նուո­րա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ պի­տի նա­խա­ձեռ­նէ անոնց դէմ:

Բայց ինչ որ ալ ըլ­լան եզ­րա­կա­ցու­թիւն­ներն ու շրջա­նի եր­կիր­նե­րու մտա­վա­խու­թիւն­նե­րը, այ­լեւս ար­մա­տա­ցած կ՛երե­ւի նոր Քիւր­տիս­տա­նի մը ներ­կա­յու­թիւնը:

Ուշ կամ կա­նուխ այս եր­կի­րը պի­տի ծնի, կը հաս­տա­տեն արեւմտ­եան աղ­բիւր­ներ ու կ՛աւելց­նեն, թէ նոր եւ հզօր Քիւր­տիս­տան մը, եթէ սկիզ­բը չկա­րո­ղա­նայ ազատ ու ան­կախ ապ­րիլ, գո­նէ պի­տի կա­րե­նայ Պա­ղես­տի­նի նման Մ.Ա.­Կ.ի կող­մէ ճանչց­ուիլ ու տա­րի­ներ ետք իր ան­կա­խու­թիւնը ձեռք ձգել:

Ասոր հա­մար այս հար­ցը, ինչ­պէս “արա­բա­կան գա­րու­նը“, չա­փա­զանց բարդ է:

Եթէ պատ­մու­թեան էջե­րը դա­րեր ետ դարձ­նենք պի­տի տես­նենք, որ եր­կար ատեն Մի­ջին Արե­ւել­քի մէջ իշ­խած են եր­կու կայս­րու­թիւն­ներ` Օս­ման­եանն ու Պարս­կա­կա­նը, որոնք վե­րած­ուե­ցան Թուրք­իոյ եւ Իրա­նի հան­րա­պե­տու­թիւն­նե­րու:

Խօ­սե­լով Իրա­նի մա­սին, ներ­կա­յիս ան ալ կը գտնուի դժուար իրա­վի­ճա­կի մէջ, որով­հե­տեւ իր մե­ծա­գոյն դաշ­նա­կիցն ու յե­նա­րա­նը` Սուր­ի­ան, ներ­քին կոր­ծան­ման եզ­րին կը գտնուի:

Միւս կող­մէ, Իրա­քի մէջ ապ­րող քիւր­տե­րու ան­ջա­տո­ղա­կան շար­ժու­մը կրնայ առիթ տալ Իրա­նի նաֆ­թա­յին մեծ շրջա­նին մէջ ապ­րող միլի­ո­նա­ւոր ատր­պէյ­ճան­ցի­նե­րուն, որ իրենք ալ ու­զեն եւ փոր­ձեն հե­տե­ւիլ քրտա­կան շար­ժու­մին եւ ան­ջատ­ուիլ ու մի­ա­նալ իրենց մայր եր­կիր Ատր­պէյ­ճա­նին եւ կամ‘ կազ­մել նոր, ան­կախ, ինք­նա­վար ու ան­ջատ եր­կիր մը:

Այս օրե­րուն այդ շրջա­նէն ներս շատ յստակ ու տե­սա­նե­լի են Իրան-Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վատ­թա­րա­ցումն ու թշնա­մա­կան իրա­վի­ճա­կը:

Դիւա­նա­գէտ­նե­րու հա­մա­ձայն, Մեր­ձա­ւոր Արե­ւել­քի միւս բե­ւե­ռը` Թուրք­ի­ան, շրջա­նէն ներս այ­լեւս չի կրնար քրտա­կան շար­ժու­մի մը եւ անոր պե­տու­թիւն մը կազ­մե­լու իրա­կա­նու­թեան առ­ջեւ իր ղե­կա­վա­րի դե­րը շա­րու­նա­կել: Ուս­տի` Քիւր­տիս­տան անու­նով նոր երկ­րի մը ստեղ­ծու­մը պի­տի դառ­նայ շատ հա­ւա­նա­կան:

p10 Shaqlawa is a city in Arbil kurdistan  Գա­լով մե­զի, Հա­յաս­տա­նի հա­մար քրտա­կան պե­տու­թեան ստեղ­ծու­մը կրնայ ու­նե­նալ դրա­կան եւ մա­նա­ւանդ ալ ժխտա­կան ծանր հե­տե­ւանք­ներ:

Այս­պէս, եթէ Քիւր­տիս­տան մը ինք­զինք ան­կախ հռչա­կէ, այս մէ­կը առա­ջին հեր­թին դրա­կան հե­տե­ւանք կրնայ ու­նե­նալ Ղա­րա­բա­ղի ինք­նու­թեան վրայ: Միւս կող­մէ, Քիւր­տիս­տա­նի մը ծնուն­դը Հա­յաս­տա­նը պի­տի դնէ նոր իս­լամ դրա­ցի եր­կիր մը ու­նե­նա­լու դէմ հան­դի­ման, որ կազմ­ուած պի­տի ըլ­լայ ոչ միայն Իրա­նի, Իրա­քի եւ Սուր­իոյ հո­ղա­մա­սե­րու մեծ ու փոքր տա­րածք­նե­րէն, ուր ներ­կա­յիս միլի­ո­նա­ւոր քիւր­տեր կ՛ապ­րին, այ­լեւ` Թուրք­իա­յէն խլե­լով Արե­ւել­եան Անա­տո­լուն, պի­տի կազ­մէ իր հսկայ եր­կի­րը:

Ահա այս վեր­ջինն է, որ մեզ կը մտա­հո­գէ, որով­հե­տեւ թրքա­կան այս հո­ղա­մա­սը ու­րիշ բան չէ, եթէ ոչ ան­բա­ժան մէկ մաս­նի­կը մեր պատ­մա­կան Հա­յաս­տա­նին, իր բո­լոր գա­ւառ­նե­րով մի­ա­տեղ:

Ուս­տի, Քիւր­տիս­տա­նի մը ստեղ­ծու­մը մե­զի հա­մար երկ­սայ­րի սու­րի պի­տի նմա­նի. ինք­նա­բե­րա­բար պի­տի ու­նե­նանք որոշ ու մեծ հար­ցեր, հսկայ մար­տահ­րա­ւէր­ներ:

Այս առ­թիւ պէտք է շեշ­տել նա­եւ, թէ ար­դէն նման երկ­րի ստեղծ­ման գա­ղա­փա­րը նոյ­նիսկ Թուրք­իոյ հա­րաւ արե­ւել­քը ապ­րող քիւր­տե­րուն մեծ ու­րա­խու­թիւն եւ խան­դա­վա­ռու­թիւն պատ­ճա­ռած է:

Ներ­կա­յիս քիւր­տե­րը զին­ուած են շատ ծանր ու արդ­ի­ա­կան զէն­քե­րով եւ վճռա­կա­նօ­րէն որո­շած են ու­նե­նալ իրենց ազատ եւ ան­կախ հայ­րե­նի­քը` Քիւր­տիս­տա­նը:Նոյ­նիսկ ծրագ­րած ու որո­շած են իրենց մայ­րա­քա­ղաք հռչա­կել մեր պատ­մա­կան Տիգ­րա­նա­կեր­տը:

Այս ձե­ւով հայ-քրտա­կան սահ­մա­նը կը դառ­նայ շատ աւե­լի վտան­գա­ւոր:

Հար­ցը հե­տեւ­եալն է. արդ­եօ՞ք ներ­կա­յիս մենք ազ­գո­վին պատ­րաստ ենք նման մար­տահ­րա­ւէ­րի դի­մաց կանգ­նե­լու. հա­յե­րու թիւը գե­րա­զան­ցող հսկայ եւ նոր իս­լամ պե­տու­թիւն մը պի­տի հիմն­ուի ու մեզ պի­տի օղա­կէ կրկին ան­գամ:

Կը կար­ծեմ, որ մե­զի կ՛իյ­նայ, Սփիւռք եւ հայ­րե­նիք, եր­կար եւ լուրջ քննել, ամէն բան ընել, որ 20րդ դա­րու սկզբի մեր սխալ­նե­րը չկրկնուին:

Ներ­կա­յիս առ­կայ է “կլո­պալ“ քա­ղա­քակր­թու­թիւն ըս­ուա­ծը եւ անոր տրա­մա­բա­նա­կան զար­գա­ցու­մը: Ուս­տի, պէտք է զայն լա­ւա­պէս ըմբռ­նել, ետե­ւէն հաս­նիլ, որ­պէս­զի ապա­գա­յին ազ­գո­վին չ՛ափ­սո­սանք:

Էա­կան է նա­եւ յստա­կօ­րէն պատ­կե­րաց­նել մեր շուր­ջը ստեղծ­ուած փո­թո­րի­կին տա­րո­ղու­թիւնը ու անոր հա­մա­ձայն պատ­րաստ­ուիլ:

Ճիշդ է, որ եր­կար ատե­նէ ի վեր դար­ձած ենք ճա­կա­տագ­րա­պաշտ: Ուս­տի այս մէ­կէն ձեր­բա­զա­տե­լու հա­մար, կա­րե­ւոր է, որ մենք ազ­գո­վին փո­խենք մեր մտա­ծե­լա­կեր­պը, որ այս պա­րա­գա­յին կախ­եալ է մեր առաջ­նորդ­նե­րէն եւ ոչ թէ մեզ­մէ:

Մեր շուր­ջը “մեծ խաղ“ մը կը պատ­րաստ­ուի: Այս մէ­կուն պէտք է պատ­րաստ ըլ­լանք, որ“ծու­ղա­կը“ չիյ­նանք: Նա­խա­պայ­ման է, որ լաւ ճանչ­նանք մեր հին ու նոր թշնա­մին եւ ան­շուշտ մեր հին ու նոր բա­րե­կամ­նե­րը, որով­հե­տեւ, վերջ ի վեր­ջոյ, բո­լոր պատ­րանք­նե­րը տե­ղի կու տան դառն իրա­կա­նու­թեան եւ մերկ ճշմար­տու­թեան առ­ջեւ:

Վեր­ջա­պէս պէտք է հա­մոզ­ուինք, որ հայ­րե­նիք եւ Սփիւռք մի­ա­կամ ու­ժե­րով կոչ­ուած ենք կեր­տե­լու մեր կեան­քը: Ըսած եմ յա­ճախ, որ մեր հար­ցե­րը պէտք է լու­ծենք առանց անց­եա­լի մի­ջամ­տու­թեան, մերկ լոյ­սի տակ, առանց լա­լու, առանց տրտնջա­լու, առանց աղ­մու­կի եւ աւե­լորդ ցու­ցա­պաշ­տու­թեան ու` գաղտ­նօ­րէն:

Առանց զի­րար խա­բե­լու եւ խաբ­ուե­լու որո­նենք մեր ինք­նու­թիւնը, որ շա­տե­րու մօտ ար­դէն կորս­ուած է: Մռայլ եւ անմե­հի դար մըն է 21րդ դա­րը, ուր մեծ դա­ւեր ու խա­ղեր կը սարք­ուին ամէն օր:

Ո՞ւր ենք այս բո­լո­րին մէջ, ի՞նչ ընել կ՛ու­զենք: Երբ մեր հայ­րե­նի­քը իրա­կա­նա­ցած երազ է, ո՞ւր հա­սած է մեր ինք­նա­գի­տակ­ցու­թիւնը: Վերջ դնենք “արի տուն“ լո­զուն­քին եւ զայն փո­խա­րի­նենք “մնանք տու­նը“ով: Այս թէ­եւ ու­րիշ հարց է, բայց պէտք է ան­պայ­ման մտա­ծել:

Վեր­ջա­պէս ներ­կա­յիս առ­կայ է հե­տեւ­եալ իրա­կա­նու­թիւնը. Նոր Քիւր­տիս­տա­նով ո՞ւր պի­տի մնայ պատ­մա­կան Հա­յաս­տան հաս­կա­ցո­ղու­թիւնը: Թուղ­թի վրա՞յ:

Չմոռ­նանք, որ շու­տով մեր քի­թին տակ նոր եր­կիր մը պի­տի ստեղծ­ուի Քիւր­տիս­տան անու­նով` շուրջ քա­ռա­սուն միլի­ոն բնակ­չու­թեամբ:

Մե­զի կ՛իյ­նայ այս մէ­կուն պա­տե­հու­թիւն­ներն ու ան­պա­տե­հու­թիւն­նե­րը այ­սօր­ուը­նէ իսկ չա­փե­լու, որով­հե­տեւ վա­ղը միշտ ուշ է:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles