Նորթ Քարոլայնա.- Հիմնադրութիւն՝ Շարլոթի Հ.Մ.Ը.Մ.- ի Միաւորին

0 0
Read Time:1 Minute, 3 Second

hmem Charlotte 2hmem Charlotte 1

«Հայրենիք»ի թղթակից՝
Յ.Ա.
Նորթ Քարոլայնա

Կիրակի, Օգոստոս 30, 2015ին, եւ յաւարտ Սուրբ Պատարագի, Նորթ Քարոլայնա նահանգի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի Շրջանային Վարչութիւնը, ընդառաջելով տեղւոյն համայնքի դիմումին, հիմը դրաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շարլոթ քաղաքի միաւորին:DSC01376DSC01359
Հանդիպումին բացումը կատարեց եղբ. Րաֆֆի Շամուն, որ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր այն ծնողներուն, որոնք ընդառաջեցին կոչին ու իրենց զաւակներով ներկայ եղան միաւորի հիմնադրութեան արարողութեան:
Ապա յաջորդաբար խօսք առին շրջանայինի ատենապետ՚ եղբ. Վահէ Թանաշեան, անդամներ Արա Իշխանեան, Մարք Թորոսեան եւ Արամ Գայսէրեան: Մանրամասն տեղեկութիւն փոխանցուեցաւ ներկայ անդամներուն եւ ապագայ սկաուտներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.- ի պատմականին, կառոյցին եւ գործունէութեան մասին:
Շրջանային Վարչութիւնը յայտարարեց նորակազմ միաւորին Վարիչ Մարմինը, յանձին եղբ. Րաֆֆի Շամունի, քոյրեր՝ Անուշ Ճանեանի եւ Թալին Շամունի:DSC01394hmem Charlotte 1
Շրջանային վարչութիւնը յայտարարեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի որդեգրած ռազմավարական ծրագրի միաւորներ հիմնելու առաջին արդիւնաւէտ քայլն էր այս մէկը, որուն համար Շրջանային վարչութիւնը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն եւ նորանշանակ միաւորի անդամներուն, որոնց ժրաջան աշխատանքի արդիւնքն էր այս միաւորի հիմնադրութիւնը:
Հիմնադիր հաւաքի աւարտին շրջանայինի ամդամները պատասխանեցին ծնողներու եւ սկաուտներու հարցումներուն:
Գոհունակ ու տպաւորիչ տրամադրութեամբ ծնողները մասնակից դարձան պատմական այս հաւաքին Նորթ Քարոլայնայի մէջ:
Նորանոր յաջողութիւն եւ բարի երթ Հ.Մ.Ը.Մ. ի Արեւելեան Ա.Մ.Ն.-ի մեծ ու ծաղկող ընտանիքին:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles