Նիւ Եորքի Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին, անցեալ Շաբաթ օր, Հայկական Շաբաթօրեայ Վարժարանի մը բացումը կատարեց: Աշակերտներն ու ծնողները դէմ յանդիման գտնուեցան թարմ, կայտառ ուժերու եւ արդիական մօտեցումով ծրագիրի եւ ուսուցիչներու:
Վարժարանը պիտի գործէ ամէն Շաբաթ օր մինչեւ Մայիս 18, ժամը 9:45-էն 1:00, Վուտսայտի Հայ Կեդրոնին մէջ:
Հայ երաժշտութիւն, մանուկներու ծիծաղ եւ գունաւոր փուչիկներ լեցուցած էին մթնոլորտը: Վարժարանին Յանձնախումբը, ուսուցիչները զբաղած էին աշակերտներու արձանագրութեամբ եւ անոնց ցոյց տալով վերանորոգուած դասարանները: Ապա Սբ. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւ եւ Վարժարանիս ժամանակաւոր տեսուչ` Տէր Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանը բացումը կատարեց աղօթքով ու բարի գալուստի երկու խօսքով` ուղղուած ներկայ ծնողներուն:
Փոքրիկ հիւրասիրութենէ մը ետք մանուկները ծանօթացան իրենց դասատուներուն ու նոր դասընկերներուն, ապա ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ իրենց ձեռքերուն գունաւոր հետքերը դրոշմեցին վարժարանին անցքին երկու պատերուն վրայ, հոն ուր իրենց հասակը կը հասնէր եւ իրենց նախասիրած գոյներով: Հնարք մըն էր յանձնախումբին կողմէ մտածուած, որպէսզի մանուկները իրենք զիրենք առաջին իսկ օրէն մտերիմ զգային այդ վայրին:
Ապա աւագ դասարանը, ուսուցչին ցուցմունքներով փոքրիկ զաւեշտ մը պատրաստեց ու ներկայացուց կրտսերներուն: Շաբաթօրեայ վարժարանին բոլոր ներկաները` ուսուցիչ, ծնողք թէ աշակերտ մեծ ուրախութիւն մը ապրեցան այդ օրը:
Մեսրոպ Քհնյ. Լագիսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վարժարանիս յանձնախումբին եւ ծնողներուն բացումի յաճելի ծրագրին եւ հաւատքով ներկայութեան համար, եւ թելադրեց բոլորը, որ յոյսով լեցուին գալիք օրերուն նկատմամբ, որ յաջողութեամբ պսակուի վարժարանին ծրագիրը ի շահ հայ մանուկին հայեցի դաստիարակութեան:
Օրուան նկարները եւ վարժարանին մասին տեղեկութիւններ կրնաք գտնել այս հասցէով.-
www.facebook.com/StIlluminatorsSatSchool.
Նոր արձանագրութիւններ տակաւին տեղի կ՛ունենան թէ ՛անձամբ` այցելելով վարժարան Շաբաթ օրերուն կամ Սբ. Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցի, է ե-նամակով` satarmenianschool@gmail.com
եւ թէ համացանցային հասցէով` www.stilluminators.org: