ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ.- ԳԵՐՇ. ԱՆՈՒՇԱՒԱՆ ԵՊՍ. ԴԱՆԻԷԼԵԱՆԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 40ԱՄԵԱԿԻ ՆՇՈՒՄ

0 0
Read Time:5 Minute, 36 Second

 Վ.Մ.

Կի­րա­կի, Մարտ 25ին, Նիւ Եոր­քի մէջ նշուե­ցաւ Արե­ւել­եան Թե­մի Առաջ­նոր­դա­կան Փո­խա­նորդ Գերշ. Տ. Անու­շա­ւան Եպս. Դանի­էլ­եա­նի քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան 40ամ­եա­կը: Ար­ժան եւ իրաւ հո­գե­ւո­րա­կա­նի մը մա­տուց­ուած այս մե­ծա­րու­մը յատ­կանշ­ուե­ցաւ բազ­մա­թիւ յու­զիչ եւ հո­գե­պա­րար պա­հե­րով:

1984ին Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ ժա­մա­նե­լէն ի վեր, Անու­շա­ւան Սրբա­զան հո­գե­ւո­րա­կա­նի, մտա­ւո­րա­կա­նի եւ անձ­նա­կան իր ձիր­քե­րը ի սպաս դրած է Արե­ւել­եան թե­մին` յոգ­նու­թիւն չգիտ­ցող եռան­դով ու պատ­րաս­տա­կա­մու­թեամբ ծա­ռա­յե­լով ամէ­նու­րեք: Հով­ուա­կան, յա­րա­բե­րա­կան, կազ­մա­կերպ­չա­կան ու գի­տա­կան իր գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը միշտ բարձր գնա­հատ­ուած է հա­ւա­տաց­եալ­նե­րուն կող­մէ, որոնք փու­թա­ցած էին խուռ­նե­րամ ներ­կայ գտնուե­լու մե­ծա­րան­քի եր­կու պա­հե­րուն:

Առա­ջի­նը` Կի­րա­կի առա­ւօտ­եան, Ս. Պա­տա­րա­գի յի­շար­ժան արա­րո­ղու­թիւնն էր Տակ­լըսթ­սը­նի (Նիւ Եորք) եկե­ղեց­ւոյ մէջ, որուն հո­գե­ւոր հովիւը եղած էր Անու­շա­ւան Սրբա­զան իր վար­դա­պե­տու­թեան շրջա­նին` ամ­բողջ 14 տա­րի: Ան մա­տու­ցեց Ս. Պա­տա­րա­գը` թե­միս առաջ­նորդ Բարձրշ. Տ. Օշա­կան արք. Չօ­լոյ­եա­նի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ: Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կոս Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա.ի յա­տուկ կոն­դա­կը թա­փօ­րով խո­րան բեր­ուե­ցաւ եկե­ղեց­ւոյ այժ­մու հո­վիւ Տ. Նա­րեկ քհնյ. Թրթռեա­նի կող­մէ, մինչ դպրաց դա­սը կ՛եր­գէր Ու­րախ լեր: Վե­հա­փա­ռին կոն­դա­կը հան­դի­սա­ւո­րա­պէս կար­դաց Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հայ­րը:

Կէ­սօ­րէ ետք, տե­ղի ու­նե­ցաւ յո­բե­լի­նա­կան ճաշ­կե­րոյթ մը` 360 հան­դի­սա­կան­նե­րով, Terrace on the Park ճա­շա­րա­նի շքեղ վեր­նա­յար­կին մէջ (Ֆլա­շինկ, Նիւ Եորք): Նոյ­նիսկ Ֆրան­սա­յէն հիւ­րեր եկած էին` տօ­նախմ­բու­թեան ներ­կայ ըլ­լա­լու, ու անոնց շար­քին էին Նիւ Եորք ու Նիւ Ճըրզիի շրջա­նէն, Ֆի­լա­տելֆ­իա­յէն, Ուա­շինկ­թը­նէն ու մին­չեւ Մա­սա­չու­սէց եւ Թո­րոն­թօ հաս­նող հա­մայնք­նե­րէ հո­վիւ­ներ ու ծխա­կան­ներ:

Հան­դի­սա­վա­րու­թիւնը կա­տա­րեց տոքթ. Արամ Գա­զազ­եան: Յայ­տագ­րին մէջ յատ­կան­շա­կան էր երի­տա­սար­դու­թեան ներ­կա­յու­թիւնն ու մաս­նակ­ցու­թիւնը, որ միշտ եղած է Անու­շա­ւան Սրբա­զա­նի յա­տուկ գուր­գու­րան­քի առար­կան: Այս­պէս, խօսք առին երեք երի­տա­սարդ­ներ` յո­բել­եար հո­գե­ւո­րա­կա­նի ձե­ռա­կեր­տը եղող կամ ան­մի­ջա­կան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւնը վա­յե­լած երեք կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ. Զա­րիկ Պաղ­տատլ­եան (“Ս. Գրի­գոր Տա­թե­ւա­ցի“ լսա­րան), Նուէր Օրանճ­եան (Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի LinkedIn երի­տա­սար­դա­կան հա­մախմ­բում) եւ Շանթ Սի­մոն­եան (St Sarkis “Երազ“ պա­րա­խումբ): Աւե­լի՛ն. գե­ղար­ուես­տա­կան յայ­տագ­րին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Սի­րան Չո­լաք­եան, որ  մեկ­նա­բա­նեց հայ­կա­կան ու ամե­րիկ­եան օրհ­ներ­գե­րը, եւ ապա` “Տէր կե­ցո՛“ եւ “Տես­նեմ Անին ու նոր մեռ­նեմ“ եր­գե­րը, եւ պա­տա­նի քոյր ու եղ­բայր` Թա­մըս (դաշ­նակ) եւ Մար­թա Սի­կըր (ջու­թակ):

Տիկ. Սե­դա Պալ­մա­նուկ­եան ինք­նա­գիր գրու­թեան մը աս­մուն­քով յո­բել­եա­րին ար­ժա­նիք­նե­րը ներ­կա­յա­ցուց:

Տ. Ներ­սէս Ա. քհնյ. Մա­նուկ­եան` Ֆի­լա­տելֆ­իոյ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ եկե­ղեց­ւոյ հո­գե­ւոր հո­վիւ եւ Անու­շա­ւան Սրբա­զա­նի դա­սըն­կե­րը` Ան­թիլ­ի­ա­սի դպրե­վան­քին մէջ, Կազ­մա­կեր­պիչ Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ պրն. Պետ­րոս Ճի­վէ­լէկ­եան, Տ. Նա­րեկ քհնյ. Թրթռեան եւ Օշա­կան արք. Չօ­լոյ­եան վեր հա­նե­ցին յո­բել­եար հո­գե­ւո­րա­կա­նին քա­ռաս­նամ­եայ վաս­տա­կը Հայց. Եկե­ղեց­ւոյ եւ յատ­կա­պէս ամե­րի­կա­հայ գա­ղու­թին: Շնոր­հա­ւո­րան­քի ու գնա­հա­տան­քի իր խօս­քը բե­րաւ նա­եւ Մի­աց­եալ Ազ­գե­րու Կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ` դես­պան Կա­րէն Նա­զար­եա­նը:

Գե­ղե­ցիկ անակն­կալ մըն էր` 40ամ­եա­կի կար­կան­դա­կը կտրե­լու պա­հուն, երկ­րորդ կար­կան­դա­կի մը յայտ­նու­թիւնը, որով կը նշուէր Առաջ­նորդ Սրբա­զան Հօր քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան 45ամ­եա­կը:

Քսան վայրկ­եան­նոց տե­սե­րիզ մը Անու­շա­ւան եպս. Դանի­էլ­եա­նի ան­ցած ու­ղին վե­րա­կեն­դա­նա­ցուց ներ­կա­նե­րու աչ­քին. հի­նե­րուն, որոնք վեր­յի­շե­ցին ան­ցած օրե­րու պատ­կեր­ներ, եւ նո­րե­րուն‘ որոնք ծա­նօ­թա­ցան ար­ժա­նա­ւոր եկե­ղե­ցա­կա­նին կեան­քին ու վաս­տա­կին գլխա­ւոր հանգր­ուան­նե­րուն: Մի­եւ­նոյն ժա­մա­նակ, ան պատ­մա­կան ակ­նարկ մըն էր Ազգ. Առաջ­նոր­դա­րա­նի ու քոյր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու` ի սպաս մեր ժո­ղո­վուր­դին ծա­ռա­յու­թեան բո­լո­րան­ուէր ուղի­ին: Սրբա­զա­նին շնոր­հա­կա­լու­թեան խօս­քը գե­ղե­ցիկ եզ­րա­փա­կու­մը հան­դի­սա­ցաւ այս յի­շա­տա­կե­լի հան­դի­սու­թեան, որուն հե­տե­ւե­ցան Օշա­կան Սրբա­զա­նի պահ­պա­նիչն ու “Կի­լիկ­իա“ եր­գի հա­մընդ­հա­նուր մեկ­նա­բա­նու­թիւնը:

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles