ԳլխաւորԼրահոս

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉ ՔԵԹԼԻՆ ՌԱՅՍԻ ՀԵՏ

Ձախէն աջ՝ Արթուր Մարտիրոսեան, ներկայացուցիչ Քեթլին Ռայս, Էլիզ Ալահվերտեան եւ Նազարէթ Մարգարեան
Ձախէն աջ՝ Արթուր Մարտիրոսեան, ներկայացուցիչ Քեթլին Ռայս, Էլիզ Ալահվերտեան եւ Նազարէթ Մարգարեան

ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գծով, Նիւ Եորքի Հայ Դատի յանձնախումբը տեսակցութիւն մր ունեցաւ ներկայացուցիչ Քեթլին Ռայսի (Դեմոկրատական – Նիւ Եորք) հետ: Յանձնախումբի անդամներ՝ Արթուր Մարտիրոսեան, Էլիզ Ալահվերտեան եւ Նազարէթ Մարգարեան իրենց տեսակցութեան ընթացքին, նաեւ արծարծեցին Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններուն դժուարութիւններն ու Արցախի հիմնահարցի առնչութեամբ անցուդարձերը:
Տեսակցութեան աւարտին, պատուիրակութեան անդամ Արթուր Մարտիրոսեան, յայտնեց թէ.- «Նիւ Եորքահայ մեր գաղութը պիտի ապաւինի ներկայացուցիչ Ռայսի եւ նեցուկ պիտի կանգնի անոր աշխատանքներուն»:

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button