Յ. ՀԵԼՎԱՃԵԱՆ
Պէյրութ
Ծնողքս չափազանց աղքատ էր: Ընկերներս ալ աղքատի զաւակներ ըլլալով, երբեք ստորակայութեան բարդոյթ չեմ ունեցած: Սակայն երբ ճամբան նոր հագուստներով հասակակից մը տեսնէի, այն ատեն գունաւոր կարկտաններով տաբատիս պատճառով կ’ամչնայի եւ արագ տուն կը վազէի ու կը փոխէի տաբատս, հագնելով… նուազ կարկտաններով այլ տաբատ մը:
Ամէն Նոր Տարիի հետ նոր տաբատ մը կ’ունենայի: Սակայն Յունուար 2ին նոր տաբատս պահարանին մէջ իր տեղը գտած կ’ըլլար, դուրս գալու համար Յունուար 6ին, Յովհաննու Կարապետին, Ծաղկազարդին, Զատկին, հարսնիքներուն եւ այլ «պաշտօնական» այցելութիւններու ժամանակ:
Ամառ մը, Օգոստոս ամսու Կիրակիներէն մէկն էր, չեմ մոռնար, հարսնիքի հրաւիրուած էինք, եւ ձմեռնային պաշտօնական տաբատս հագած էի: Ընթերցողը թերեւս հետեւցուց, թէ ինչ երանական վիճակի մէջ կը գտնուէի:
Դպրոցին մէջ մասնաւոր բարերարներու կողմէ տրամադրուած ճաշերով կը սնէինք: Միօրինակ ճաշերուն ամենահամեղը սիսեռով նիւնիւկը կ’ըլլար, իր հազուագիւտ ու անգտանելի միսերով: Եթէ պատահէր, որ միսի կտոր մը սահէր մեր պնակին մէջ, մեր ուրախութիւնը անսահման կ’ըլլար…:
Սիսեռով փիլաւը եւ վարդապետի ապուրը շատ սիրահարներ չունէին: Սակայն ստամոքսները տեղի տալով, կը զիջէին, ու կ’ուտէինք պնակ մը լեցուն վարդապետ ապուրը, որուն մէջ շատեր լման հաց կը բրդէին, լաւ կշտանալու համար: Իսկ փիլաւները լեցուն պնակներուն մէջ, բայց առանց սիսեռի, ճաշասեղանին վրայ կը մնային որբի պէս:
Մայրիկը դժգոհելով եւ տրտնջալով կը հաւաքէր սեղանը.
- Սիսեռը կ’ուտեն, փիլաւը կը ձգեն: Թէ՛ աղքատ են, թէ՛ քիթերնին բարձր է: Բան չեն հաւնիր,- կ’ըսէր, տեսակ մը վիրաւորական շեշտով:
Չեմ մոռնար թէ ինչպէս աստիճաններէն շատ արագ ու վտանգաւոր կը վազէինք ճաշարան, երբ ճաշի զանգը հնչէր, մանաւանդ այն օրերը, երբ գիտէինք որ ճաշը միսով նիւնիւկ էր: Ճաշի տեսակը հետաքրքիր աղջիկները մայրիկներէն կ’իմանային ու մեզի կը հասցնէին ուրախ կամ տխուր լուրը:
Ուսուցիչները եւ ճաշարան չիջնող աշակերտները մեր տրամադրութենէն կ’իմանային ճաշին տեսակը:
Օր մը աստիճաններէն արագ եւ ուրախ իջած ատենս տնօրէնը դէմս ելաւ ու խնդալով հարցուց ինծի.
- Այսօր միսով նիւնի՞ւկ է ճաշերնիդ:
- Այո, պարոն տնօրէն,- ըսելս ու ճաշարան վազելս մէկ եղաւ: Այդ օր ուշանալուս պատճառով ոտքի վրայ ճաշեցի համով ապուրը եւ չյոգնեցայ:
Մինչեւ այսօր նիւնիւկով ճաշը նշանակութիւն ունի ինծի համար: Նոյնիսկ ճաշած ատենս խորհրդաւոր պահ մը կ’ապրիմ ու կ’անջատուիմ ներկայէս, պատանեկութեան օրերուս կը վերադառնամ, կը մտնեմ ճաշարան, Յակոբին, Դաւիթին եւ Յովսէփին հետ, եւ զիրար հրմշտկելով անյագաբար կ’ուտենք շատ համով աղքատի ճաշը…: