ԱմերիկահայԼրահոս

Ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեան Խօսք Պիտի Առնէ Դեմոկրատականներու Համագումարին

ՄԻԼԻՈՒՔԻ․- Երեքշաբթի, Օգոստոս 18-ին, Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր համագումարին, որուն ընթացքին պաշտօնապէս պիտի յայտարարուի նախագահ Ճօ Պայտընի թեկնածութիւնը, խօսք պիտի առնէ Միշիկըն նահանգի երիտասարդ ներկայացուցիչ Մարի Մանուկեան (ծնած՝ Պըրմինկհէմ, Մասաչուսէց), որ 2018-ին, Օքլէնտ Քաունթիի շրջանէն ներս, ստանալով քուէներու 57 առ հարիւրը, գերազանցած էր Հանրապետական Տէյվիտ Ուոլքինսընը։

27 տարեկան Մարի Մանուկեան կը նկատուի ապագայ խոստացող երիտասարդ դեմոկրատականներէն։

Համագումարը պիտի աւարտի Օգոստոս 20-ին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button