(Յաւելումներ)
Վերոյիշեալ վերնագրով յօդուածը ընկհ. Արեւիկ Գաբրիէլեանի ստորագրութեամբ, լոյս տեսաւ վերջերս “Հայրենիք“ Շաբաթաթերթին մէջ: Ամբողջացնելու համար Նարեկի “Մատեան Ողբերգութեան“ գրքի ոդիսականը ինչպէս նաեւ Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղի հոգատարութիւնը եւ գիտակից որոշումն ու գործադրութիւնը՝ թող թոյլատրուի ինծի նշել մի քանի յաւելեալ կէտեր:
Ա. Մասնագէտներու կողմէ առաջարկուած էր՝ Նարեկի “Մատեան Ողբերգութեան“ 1763-ին տպագրուած գիրքը յանձնել Նիւ Եորքի համալսարաններէն մէկուն, ուր հետաքրքրուողները պիտի կրնային ուսումնասիրել զայն, եւ այս նախաձեռնութիւնը միաժամանակ կոկիկ գումար մը պիտի ապահովէր Համազգայինի գանձին: Սակայն մասնաճիւղիս անդամական ընդհանուր ժողովը, ի պատիւ Նիւ Եորքի “հայ հոգեկան և իմացական արժէքներու“ պահապաններուն՝ հայկական ԳԱՆՁ մը պահպանելու ազնիւ մտահոգութենէն մեկնելով, անտեսեց նիւթականը եւ նախընտրելով բարոյականը որոշեց գիրքը Հայաստան ղրկել: Յայտնենք նաեւ որ տարիներով անգիր օրէնք էր, որ իւրաքանչիւր շրջանաւարտ վարչութիւն, իր տարեվերջի տեղեկագրին մէջ անպայման նշէր “Մատեան“ը որպէսզի յաջորդական վարչութիւնները տեղեակ ըլլային եւ մոռացութեան չտրուէր:
Բ. “Մատեան“ը պահ դրուեցաւ Համազգայինի հիմնադիրներէն Յովհաննէս եւ Սոնիա Պզտիկեաններու քով: Նշենք որ երկուքն ալ եղած են միութեանս հաւատաւոր ու գործունեայ անդամներէն, իւրաքանչիւրը առանձնապէս վարած է միութեանս ատենապետի պաշտօնը տարբեր թուականներու: Երկուքն ալ Նիւ Եորքի Համազգայինի թատերախումբի սիւները եղած են անցնող 46 տարիներուն: Պզտիկեանները շուրջ 20 տարի գուրգուրանքով պահեցին “Մատեան“ը եւ իրենց տան շինարարութեան ընթացքին լրագիրներով փաթթած զգուշութեամբ սենեակէ սենեակ կը փոխադրէին “Մատեան“ը փոշիներէն պաշտպանելու համար:
Գ. Թէեւ Նիւ Եորքի Համազգայինը սկիզբէն որոշում առած էր “Մատեան“ը Հայաստան ուղարկել, սակայն զանազան պատճառներով որոշումը չէր գործադրուած: Այս տարի շնորհիւ ընկ. Գրիգոր Գրիգորեանի, կրկնակի յիշեցումներուն՝ մասնաճիւղս կրցաւ իրականացնել այդ քայլը, եւ “Մատեան“ը Հայաստան ուղարկուեցաւ Յուլիս 15, 2014 ին, մասնաճիւղիս անդամներու միջոցաւ: Աւելցնենք որ տարիներ առաջ, Հայ Կեդրոնի շինարարութեան ընթացքին, ընկ. Գ.Գրիգորեան եւ մեր Հ.Օ.Մ.ուհիներէն լուսահոգի Մարի Սարուխանեան, Համազգայինի գրադարանի գրքերը խնամքով տեղաւորած են սնտուկներու մէջ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի երիտասարդներու օգնութեամբ փոխադրած եւ պահ դրած յատուկ պահարաններու մէջ: Իսկ “Մատեան“ը ընկ. Գրիգորեան իրենց բնակարանը տարած ու գուրգուրանքով պահած էր մինչեւ Հայ Կեդրոնի շինարարութեան աւարտը:
Համազգայինի անդամներու այս բծախնդիր կեցուածքը՝ պահելու, պաշտպանելու անկրկնելի Նարեկը՝ բացառիկ օրինակ մըն է “ժամանակաւոր“ պահապաններու “անկեղծ մտահոգութեան: Այո՛ “ժամանակաւոր“ պահապանները թէեւ “երկար մտմտացին“ բայց ի պատիւ իրենց արդար ու ճիշդ որոշման յանգեցան:
Անհուն շնորհակալութիւններ Պզտիկեան ամոլին, որ “Մատեան“ը երկար տարիներ պահեցին ու պաշտպանեցին, ընկ. Գրիգոր Գրիգորեանին որ շրջան մը պահելէ ետք մասնաճիւղիս վերյիշեցուց եւ յարատեւօրէն թելադրեց “Մատեան“ը ՀԱՅՐԵՆԻՔ փոխադրել եւ ընկհ. Արեւիկ Գաբրիէլեանին, որ “Մատեան“ի յանձնումի նկարագրութիւնը հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց:
ԺԱՆԷԹ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Անդամ՝ Նիւ Եորքի Համազգայինի