ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՓՈՒԼ

0 0
Read Time:1 Minute, 17 Second

 Մայիս 6-ին կատարուելիք Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններուն, մասնակցող քաղաքական բոլոր ուժերը արդէն իսկ տուած են կանաչ լոյսը,  ամենէն աւելի կարեւոր հանգրուանին` նախընտրական փուլին, որ քաղաքական սովորական գործընթացին կողքին, յատկապէս կեդրոնացած է քարոզչական աշխատանքին վրայ:

Եթէ իրապաշտօրէն ի մտի ունենանք արդար, ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւններու տեսլականը, այդ ժամանակ կարելի է եզրակացնել թէ որքա՜ն կարեւոր է այս նախընտրական հանգրուանը:

Այս գծով, Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը լրջօրէն գործի լծուած է եւ իրագործած` նախապատրաստական լայնածաւալ աշխատանք մը, պատրաստելով նախընտրական հռչակագիր մը, որուն մէջ ամէնայն մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ, պատրաստուած են զանազան բնագաւառներէ ներս նկատի առնուած համակարգային փոփոխութիւններու շարք մը:

Ներքին թէ արտաքին, ազգային թէ միջազգային, տնտեսական թէ ընկերային, մշակութային թէ կրթական մտահոգութիւններ արծարծուած են յատուկ ուշադրութեամբ: Լայնածաւալ եւ ամբողջական թղթածրար մըն է պատրաստուածը:

Յատկապէս, մեծ կարեւորութիւն տրուած է քաղաքացիական պետութեան կայացման անհրաժեշտութեան, եւ յստակ է թէ մարդ-քաղաքացի կեդրոնամէտ ծրագիր մըն է, որուն ընդմէջէն, կատարուած եւ իրագործուած աշխատանքներու իրականացման պարագային, նոյնինք քաղաքացին կը բարեփոխէ իր հողն ու երդիքը` Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Բնականաբար, այս “Ազատ քաղաքացի, համերաշխ ժողովուրդ եւ հզօր երկիր՛՛ գաղափարախօսութեան լոյսին տակ` Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը այն համոզումը ունի, որ ընկերային հարցը` նոյնինքն մարդ էակի ազատութեան հարցն է, հեռու “օգտագործող եւ օգտածործուող“  կացութիւնէն եւ “շահագործող ցեցեր“էն:

Յաչս բարգաւաճ տնտեսութիւն հիմնելու, ժամանակակից ազգային-ժողովրդավարական պետութեան մը կառուցումը, կը մնայ առաջնահերթ մարտահրաւէր մը:

Նոյնանման մարտահրաւէր մըն ալ արտաքին քաղաքական բնագաւառէն ներս կը շարունակուի, հանդիպելով թրքական եւ անոր հլու կամակատար` ազերի անձարգելներու, Հայոց Ցեղասպանութեան թէ Արցախի հիմնախնդրի առնչութեամբ:

Հոս տեղին է հարցադրել թէ, նախընտրական այս հանգրուանը, իր ամբողջական դրութեամբ եւ ժամանակային գործընթացով, իսկական արտացոլացումը պիտի ունենա՞յ ընտրութեան օրուան` Մայիս 6-ին վրայ:

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles