
ՊՈՍԹԸՆ.- Հինգշաբթի, Ապրիլ 23-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէն յայտարարութիւն մը լոյս ընծայեց, իր դժգոհութիւնն ու ցասումը յայտնելով, Սպիտակ Տան որդեգրած քաղաքականութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ:
«Անգամ մը եւս, նախագահ Օպամա պատշաճօրէն պիտի չնշէ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆը: Կրկին եւ յաջորդաբար վեցերորդ տարին ըլլալով, Օպամա պիտի չյարգէ իր խոստումը:Նախագահը կրնար ճշմարտութիւնը փոխանցել եւ հետեւիլ Վատիկանի Փրանկիսկոս Պապի, Եւրոխորհրդարանի, եւ նոյնիսկ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի Թուրքիոյ դաշնակիցներ՝ Աւստրիոյ եւ Գերմանիոյ օրինակներուն, որոնք յատուկ յայտարարութիւններով պաշտօնապէս ճանչցան Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Սակայն դժբախտաբար, անգամ մը եւս Սպիտակ Տունը չուզէր նեղացնել յանձաւոր դաշնակից մը՝ Թուրքիան: …Ամերիկահայութիւնը կը պահանջէ պատշաճ ճանաչում:…Եթէ պիտի չնշուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Նախընտրելի է որ, ո՛չ մէկ յայտարարութիւն լոյս ընծայէ՛ք Պարոն նախագահ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Այս միեւնոյն հաստատումները կատարեց, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Շրջանի Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ՝ Հայկ Օշական, Քալիֆորնիոյ մէջ կատարուած հաւաքին, ապա Կիրակի Ապրիլ 26-ին, Նիւ Եորքի «Թայմ Սքուէր»ի մէջ, տեղի ունեցած ձեռնարկին:
excellent publication i look forward reading it every week