Նախագահ Արմէն Սարգսեան Այցելեց Գերմանիա

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան պաշտօնական այցելութեամբ ժամանեց Գերմանիա:
Այցելութեան ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ ուցաւ Գերմանիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայերի եւ վարչապետ Անկելա Մերքելի, Ազգային ժողովի նախագահ Վոլֆկանկ Շոյպլէի հետ: Հանդիպումներուն քննարկումներու առանցքներն էին երկու երկիրներու փոխադարձ գործակցութեան օրակարգին եւ հեռանկարներուն վերաբերող բազմաթիւ հարցեր:
նախագահ Արմէն Սարգսեան Պերլինի մէջ մասնակցեցաւ Միւնիխի անվտանգութեան միջազգային համաժողովին կողմէ կազմակերպուած քննարկումին: Նախագահ Արմէն Սարգսեան իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստանը բաց է համագործակցութեան համար եւ պատրաստ է դառնալու տարաբնոյթ քննարկումներու հարթակ: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային անվտանգութեան, աշխարհի մէջ տեղի ունեցող սրընթաց փոփոխութիւններու, առկայ մարտահրաւէրներու եւ սպառնալիքներու, զանոնք դիմակայելու կարելիութիւններուն շուրջ:

