ՆԱ­ԽԱ­ԳԱ­ՀԱ­ԿԱՆ ԵՐԴ­ՄԱՆ ԶՈՒ­ԳԱ­ՀԵՌ ԱՐԱՐ­ՆԵ­ՐՈՒՆ ԱԶ­ԳԱ­ՅԻՆ-ՔԱ­ՂԱ­ՔԱ­ԿԱՆ ԴԱ­ՍԵ­ՐԸ

0 0
Read Time:10 Minute, 16 Second

nor 17  ՆԱ­ԶԱ­ՐԷԹ ՊԷՐ­ՊԷՐ­ԵԱՆ

 

Քա­ղա­քա­մայր Երե­ւա­նէն ու հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն մին­չեւ Սփիւռ­քի մեր­ձա­ւոր թէ հե­ռա­ւոր ափե­րը, Ապ­րիլ 9-ին, աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն հայ մար­դը սրտատ­րոփ անձ­կու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հա­կան երդ­ման զու­գա­հեռ արար­նե­րու տե­սա­հո­լո­վակ­նե­րուն:

Արար Առա­ջին. Սերժ Սարգս­եան պաշ­տօ­նա­կան ու հան­դի­սա­ւոր մեծ շու­քով, մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ, կա­տա­րեց նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նի ստանձն­ման սահ­մա­նադ­րա­կան եր­դու­մը: Հան­րա­յին հե­ռուս­տա­տե­սու­թիւնը եւ պե­տա­կան միւս լրատ­ուա­մի­ջոց­նե­րը ամէն ճիգ թա­փե­ցին, որ­պէս­զի ոչինչ պղտո­րէ կամ խան­գա­րէ “վսե­մա­շուք պահ“ը “նո­րըն­տի­ր“, այ­լեւ գոր­ծող նա­խա­գա­հի պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան երկ­րորդ շրջա­նի սահ­մա­նադ­րա­կան ստանձ­նու­մին: Մին­չեւ երե­կոյ­եան ժա­մե­րը պաշ­տօ­նա­կան քա­րոզ­չու­թեան մի­ջոց­նե­րը փոր­ձե­ցին, ճնշիչ լռու­թեան թանձր վա­րա­գոյ­րով մը, ծած­կել ու աշ­խար­հի տե­սա­դաշ­տէն դուրս ձգել նոյն ժա­մե­րուն Երե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րուն մէջ ահագ­նա­ցող ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի ալի­քը:

Արար երկ­րորդ. Րաֆ­ֆի Յով­հան­նէս­եան, Ազա­տու­թիւն հրա­պա­րա­կին վրայ, ստանձ­նեց ան­պաշ­տօն “նա­խա­գա­հու­թիւն“ը իր հռչա­կած “նոր Հա­յաս­տան“ին` ան­վա­ւեր յայ­տա­րա­րե­լով պաշ­տօ­նա­պէս “վե­րընտր­ուա­ծ“ Հա­յաս­տա­նի նա­խա­գա­հին սահ­մա­նադ­րա­կան եր­դու­մին եւ իշ­խա­նու­թեան ստանձ­նու­մին… օրի­նա­կա­նու­թիւնը: Նա­խա­գա­հա­կան երդ­ման եւ իշ­խա­նու­թեան ստանձ­նու­մի ար­տա­կարգ եւ ան­նա­խըն­թաց այս երկ­րորդ արա­րը իր հեր­թին լայն տա­րա­ծում գտաւ հա­մա­ցան­ցի վրայ` մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րին մէջ պաշ­տօ­նա­պէս ըն­թա­ցող սահ­մա­նադ­րա­կան երդ­ման տպա­ւո­րիչ արա­րին հա­կադ­րե­լով մտա­հո­գիչ տե­սա­րան­նե­րը ոս­տի­կա­նա­կան պե­տու­թեան յա­տուկ “հան­րա­յին կար­գա­պա­հու­թեա­ն“ հսկող զօ­րա­յին­նե­րու հաս­տա­տած ան­ցար­գել­նե­րուն, մա­նա­ւանդ` “ան­կար­գ“ ցու­ցա­րար­նե­րու նկատ­մամբ ոս­տի­կա­նու­թեան գոր­ծադ­րած բիրտ “կար­գա­պա­հու­թեա­ն“:

Վստա­հա­բար մե­ծա­թիւ էին հայ­րե­նաբ­նակ թէ աշ­խար­հաս­փիւռ մեր ժո­ղո­վուր­դին այն զա­ւակ­նե­րը, որոնք զու­գա­հեռ ըն­թա­ցող եւ մի­ջազ­գա­յին հան­րու­թեան վայրկ­եա­նը վայրկ­եա­նին ցու­ցադ­րուող այս զոյգ եւ հա­կա­դիր արար­նե­րուն դէմ յան­դի­ման` սրտանց աղօ­թե­ցին, որ­պէս­զի “պատ­մա­կա­ն“ հնչե­ղու­թիւն ստա­ցած Ապ­րիլ 9-ի եր­կա­րա­տեւ օրը իր աւար­տին հաս­նէր, առանց 2008-ի Մարտ մէ­կը յի­շեց­նող… արիւ­նա­լի ցնցում­նե­րու:

Հա­կա­ռակ ցու­ցա­րար­ներ-ոս­տի­կան­ներ առ­ճա­կատ­ման վտան­գը լու­սար­ձա­կի տակ բե­րող տե­սա­րան­նե­րուն, Ապ­րիլ 9-ը ընդ­հան­րա­պէս պահ­ուե­ցաւ յետ-ընտ­րա­կան Հա­յաս­տա­նի ներ-քա­ղա­քա­կան դաշ­տը բնո­րո­շող խա­ղաղ հա­կադ­րու­թեան օրի­նա­պահ եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան հու­նին մէջ:
Ինք­նին կա­րե­ւոր նուա­ճում է, ան­շուշտ, որ քա­ղա­քա­կան անե­լի եւ ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան փա­կուղիի առ­ջեւ կանգ­նած Հա­յաս­տա­նի ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շար­ժու­մը, յու­սա­հա­տա­կան ու ծայ­րա­յե­ղա­կան քայ­լե­րու դա­տա­պարտ­ուած ըլ­լա­լով հան­դերձ, բախ­տո­րոշ նման պա­հե­րու ան­գամ մը եւս իր մէջ անհ­րա­ժեշտ ու­ժը գտաւ ինք­նազս­պու­մի եւ տէր ու պաշտ­պան կանգ­նե­ցաւ հայ­րե­նի­քի, ազ­գի եւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան ան­փո­խա­րի­նե­լի կա­յու­նու­թեան:

Նոյ­նը կա­րե­լի չէ ըսել գոր­ծող իշ­խա­նու­թեան մա­սին, որ վե­րան­կա­խաց­եալ Հա­յաս­տա­նի 22-ամ­եայ պատ­մու­թեան ամէ­նէն կա­տա­րե­լա­գործ­ուած ընտ­րա­կան մե­քե­նա­յու­թեանց ու ժո­ղովր­դա­յին քուէի խար­դա­ւան­քին պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնը կրե­լով հան­դերձ` աս­տի­ճան մը աւե­լի խրե­ցաւ քա­ղա­քա­կան իր կա­մա­կո­րու­թեան եւ ժո­ղովր­դա­յին կամ­քին նկատ­մամբ իր ար­հա­մար­հան­քին մէջ:

Ապ­րիլ 9-ի հան­դի­սա­շուք արա­րո­ղու­թիւնը, աւե­լորդ ան­գամ­ուան մը հա­մար, դառն ու տխուր ապա­ցոյ­ցը տուաւ հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան սպառ­նա­ցող մե­նաշ­նորհ­եալ իշ­խա­նա­ւոր­նե­րու գլխա­ւոր չա­րի­քին:

Ազ­գա­յին եւ ներ-քա­ղա­քա­կան մեր հա­մե­րաշ­խու­թիւնն ու զօ­րակ­ցու­թիւնը վտան­գող ա՛յն չա­րի­քին, որուն աղ­բիւ­րը պե­տա­կան լծակ­նե­րու չա­րա­շա­հու­մով նոյ­նինքն օրի­նա­կան իշ­խա­նու­թեան վրայ մե­նաշ­նորհ հաս­տա­տե­լու անըն­դու­նե­լի՛ վար­քա­գիծն է:

Գո­յու­թեան իր իրա­ւուն­քը շա­տոնց կորսն­ցու­ցած եւ ժա­մա­նա­կը սպա­ռած է Հա­յաս­տա­նի եկող-գա­ցող նա­խա­գահ­նե­րու հա­կա­ժո­ղովր­դա­յին ու հա­կա­ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան այդ վար­քա­գի­ծը:

Նոյ­նիսկ իշ­խա­նա­փո­խու­թեան հար­ցը այ­լեւս կորսն­ցու­ցած է իր առաջ­նա­հեր­թու­թիւնը, որով­հե­տեւ կա­ռա­վար­ման ամ­բողջ հա­մա­կար­գի խա­թար­ուա­ծու­թեան ար­մա­տա­կան վի­րա­հա­տու­մի պա­հան­ջը, իբ­րեւ մե­ծա­գոյն մար­տա-հրա­ւէ­րի, դրուած է հայ քա­ղա­քա­կան մտքի օրա­կար­գին վրայ:

Սերժ Սարգս­եա­նի վաս­տա­կով քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չը անհ­րա­ժեշտ տու­եալ­նե­րը ու­նէր, որ­պէս­զի ինչ­պէս մեր ժո­ղո­վուր­դը, նա­եւ ինք իր մէջ բա­ւա­րար ուժն ու կամ­քը գտնէր թօ­թա­փե­լու ամ­բող­ջա­տի­րա­կան դա­րաշր­ջա­նէն յա­մե­ցող իշ­խա­նու­թեան մե­նաշ­նոր­հի այդ այ­լա­սե­րած ժա­ռան­գու­թիւնը:

Եթէ նոյ­նիսկ Ար­ցախ­եան Շարժ­ման եւ Հա­յաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան վե­րա­կանգն­ման ու հա­յոց պե­տա­կա­նու­թեան վե­րա­հաս­տատ­ման ճա­կատ­նե­րուն վրայ իր ձեռք բե­րած կեն­սա­փոր­ձը բա­ւա­րար չե­ղաւ, 2008էն աս­դին իր ստանձ­նած նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թեան հնգամ­եայ պաշ­տօ­նա­վա­րու­թեան առա­ջին շրջա­նը ան­կաս­կած բա­ւա­րար պէտք է ըլ­լար Հ.Հ. գոր­ծող նա­խա­գա­հին հա­մար, որ­պէս­զի ամէն քայ­լա­փո­խի դէմ յան­դի­ման կանգ­նէր պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան այս խա­թար­ուած հա­մա­կար­գը սահ­մա­նադ­րա­կան վե­րա­նա­յու­մի ու ար­մա­տա­կան դար­մա­նու­մի են­թար­կե­լու հրա­մա­յա­կա­նին:

Բայց Հա­յաս­տա­նի “նո­րըն­տի­ր“ նա­խա­գա­հը ոչ միայն չու­զեց քայլ պա­հել նոր Հա­յաս­տա­նի ու­ղին հար­թե­լու սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դի այն­քան ծանր գի­նով ձեռք ձգուած ազ­գա­յին ու քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­սու­նաց­ման հետ, այ­լեւ` իրեն վստահ­ուած պե­տա­կան իշ­խա­նու­թեան ամ­բողջ ու­ժը որո­շեց ծա­ռա­յեց­նել կա­ռա­վար­ման այս արա­տա­ւոր հա­մա­կար­գի “արդ­ի­ա­կան փայլ­քով կա­տա­րե­լա­գոր­ծու­մի­ն“… ընդ­դէմ ժո­ղովր­դա­յին կամ­քի ժո­ղովր­դա­վա­րա­կան յաղ­թա­նա­կին:

Աւե­լի՛ն. Հա­յաս­տա­նի “վե­րընտր­ուա­ծ“ նա­խա­գա­հը ար­հա­մար­հեց նոյ­նիսկ իր երէ­կի գոր­ծըն­կեր­նե­րուն ընդ­դի­մու­թիւնը եւ նա­խա­գա­հա­կան իշ­խա­նու­թեան այս հիւանդ հա­մա­կար­գը սահ­մա­նադ­րա­կան անհ­րա­ժեշտ վե­րա­նայ­ման են­թար­կե­լու պա­հան­ջը:

Հե­տե­ւան­քին ակա­նա­տես եղաւ առն­ուազն աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թիւնը, որ հայ­րե­նի ոս­տան­նե­րէն ու աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն, Ապ­րիլ 9-ին, տխրու­թեամբ եւ դառ­նու­թեամբ հե­տե­ւե­ցաւ նա­խա­գա­հա­կան երդ­ման զու­գա­հեռ արար­նե­րուն պար­զած իրե­րա­մերժ պատ­կեր­նե­րուն:

Մէկ կող­մէ ակա­նա­տե­սը եղանք սահ­մա­նադ­րա­կան եւ օրի­նա­կան իշ­խա­նու­թեան անու­նով բե­մա­կա­նաց­ուած նա­խա­գա­հա­կան երդ­ման փա­ռա­հեղ արա­րո­ղու­թեան մը, որուն ըն­թաց­քին Սերժ Սարգս­եան ուխ­տեց գոր­ծել “ի փառս Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան եւ ի բա­րօ­րու­թիւն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ժո­ղովր­դի­ն“… որ­պէս­զի նա­խա­գա­հա­կան երդ­ման սահ­մա­նադ­րա­կան այդ ան­կա­տար բնագ­րին ժա­մա­նա­կավ­րէ­պու­թեան ան­մի­ջա­պէս անդ­րա­դառ­նա­լով` յա­ւուր պատ­շա­ճի իր լրա­ցու­ցիչ ու­ղեր­ձին մէջ սրբագ­րէ սահ­մա­նադ­րու­թեան վրի­պու­մը եւ խոս­տա­նայ գոր­ծել “ի փառս հա­մայն հայ ժո­ղո­վուր­դի­ն“:

Իսկ միւս կող­մէ ակա­նա­տե­սը դար­ձանք առ­ճա­կատ­ման թա­տե­րա­բե­մի յար­դա­րանք ստա­ցած Երե­ւա­նի կեդ­րո­նա­կան փո­ղոց­նե­րուն, ուր հա­յոց ազ­գա­յին հպար­տու­թեան խորհր­դա­նի­շը հան­դի­սա­ցող Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին Բա­նա­կին երի­տա­սարդ զօ­րա­յին­նե­րը, Հ.Հ. “նո­րըն­տիր նա­խա­գահ“ի հրա­հան­գով` հաս­տա­տած էին ժո­ղովր­դա­յին բո­ղո­քի շարժ­ման ցու­ցա­կան եր­թե­րը խա­փա­նե­լու կոչ­ուած ան­ցար­գե­լա­յին պատ­նէշ­ներ, ծայր աս­տի­ճան կա­տա­րե­լա­գործ­ուած ճնշա­մի­ջոց­նե­րով զին­ուած եւ նոյ­նինքն սե­փա­կան ժո­ղո­վուր­դը, ան­գամ հա­րա­զատ­նե­րը բրտօ­րէն “կար­գի հրա­ւի­րե­լ“ու պար­տա­կա­նու­թեան կոչ­ուած:

Ի տես քա­ղա­քա­կան փո­ղո­ցին վրայ հաս­տատ­ուած ոս­տի­կա­նա­կան պե­տու­թեան այս “կար­գա­պա­հու­թեա­ն“, մար­զա­հա­մեր­գա­յին հա­մա­լի­րէն Ապ­րիլ 9-ին հնչած “նա­խա­գա­հա­կան խոս­տում­ներ“ը պար­զա­պէս աւելի­ով կը հեգ­նեն ազ­գա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւնը աւե­լի ար­դար պե­տա­կա­նու­թեան մը կա­ռու­ցու­մը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles