
Վերջերս, Փետրուար 22-ի երեկոյեան, Կլենտէյլի (Քալիֆորնիա) Հանրային գրադարանի հայկական յայտագիրներու վարիչ Էլիզապէթ Գրիգորեան արուեստասէրներու ներկայացուց երիտասարդ արուեստագէտ մը` Հայկ Համբարձումը, որ քանի մը տարի առաջ մուտք գործած է ժապաւէններու աշխարհ եւ ահա, հանդէս կու գար իր պատրաստած երկու կարճ ժապաւէններով` “Միրհաւ“ եւ “Մեծարենց“ խորագիրներով:
Երեկոյթին ներկաները, նոյնինքն ժապաւէններուն բովանդակութեան ծանօթանալէ աւելի, ականատես վկաները եղան բազմերես ու բազմայարկանի ԵՐԵՒՈՅԹի մը, որ ապագայի հաշւոյն յոյս եւ լաւատեսութիւն կը ներշնչէ անկասկած, բազմաթիւ պատճառներով ու նկատառումներով:
Բայց նախ քանի մը խօսք ժապաւէններուն մասին:
“Միրհաւ“ը, ինչպէս խորագիրը կը թելադրէ, կապ ունի Ակսէլ Բակունցին հետ, ներշնչում առած է նոյն խորագիրը կրող պատմուածքէն: Դասական առումով ժապաւէն մը չէ անիկա, այլ բակունցեան աշխարհին մէկ արտացոլացումը, արուեստի “բառամթերքով“: Փոքրաթիւ դերակատարներով, բնութեան գոյներուն եւ ձայներուն հետ ներդաշնակութեամբ, խօսակցութենէ զերծ բանաստեղծութիւն մըն էր բառին լայն իմաստով (խօսակցութիւնները վարպետօրէն փոխարինուած էին շարժումներով, յուշերու վերարտադրութեամբ եւ թելադրական պատահարներու ետ-առաջ ոստումներով): Իսկ երբ կ՛ըսենք բանաստեղծութիւն, բնականաբար պէտք է ի մտի ունենալ անձնական մեկնաբանութիւն, ներաշխարհի մը տարազումը, այս պարագային` Հայկ Համբարձումի ներաշխարհին ու երեւակայութեան արտայայտութիւնները` ծանօթ պատմուածքին իւրայատուկ մեկնաբանութեամբ, որ պէտք չունէր տառացիօրէն կապուելու Բակունցի բնագիրին հետ:
Իսկ “Մեծարենց“ը, առաջինին մօտաւորապէս կրկինը տեւողութեամբ, աւելի քան կէս ժամ ժապաւէնը` իր ներշնչումը առած էր Միսաք Մեծարենցի բանաստեղծութեանց աշխարհէն, յատկապէս անանձնականութեան անոր ապրումներուն թելադրանքէն: Հոս կար խօսակցութիւն, պատմութիւն մը, մինչեւ իսկ կարելի է ըսել` պատմութիւններ, որոնց մէկ գիծը կը ներկայացնէր Հայկի անձնական փորձառութիւնները, հիւսուած` Մեծարենցի կերպարը բեմադրութեան մը մէջ մարմնաւորելու դրուագին հետ: Առաջին հարթակին վրայ, ժապաւէնը “կը պատմէր“ օտար աղջկան մը հետ հայ երիտասարդի մը մշակած բարեկամութեան մասին, բնական երեւոյթ` բազմազգեան “նկարագիրով“ երկիրներու մէջ, ուր հայերս բնակութիւն հաստատած ենք տասնամեակներէ ի վեր, սակայն նաեւ վերադարձ մը` դէպի արմատներ, շնորհիւ հայ բանաստեղծներու հետ ծանօթացման, անոնց աշխարհին մէջ մուտք գործելուն, ենթակայ դառնալով ա՛յլապէս բնական շարժումի մը, որ հայ երիտասարդը կը վերադարձնէ հայութեան, հայ մշակոյթի գիրկը, զայն կը ՀԱՅԱՑՆԷ իրողապէս ու իրաւապէս:
***
Քիչ մըն ալ վերը մատնանշուած ԵՐԵՒՈՅԹին մասին:
Ժապաւէններուն ցուցադրութենէն ետք, Հայկ Համբարձում ազատ ու սրտբաց զրոյց մը ունեցաւ ներկաներուն հետ, պատասխանեց շարք մը հարցումներու: Եւ հոն էր որ բացուեցան յուսատու եւ խրախուսիչ երեւոյթին ծալքերը: Արձանագրենք քանի մը մանրամասնութիւն միայն:
Պատմեց` որ ինք կրթութեամբ ու մասնագիտութեամբ ժապաւէններու արտադրութեան աշխարհին մէջ է, հայ գրողներու աշխարհին հետ իր կապը երկարաշունչ նախապատրաստութեամբ չէ եղած, այլ շնորհիւ Հայաստան այցելութեանց եւ հայկական բանաստեղծութեան հսկաներու հետ հաղորդակցութեան կամուրջներու: Ոչ-հայկական դպրոցէ շրջանաւարտ Հայկը նախ ծանօթացած է… Եղիշէ Չարենցի գործերուն, ու զարմանալի չէ, որ չարենցեան կրակը վարակած է ու ջերմացուցած` անոր հոգին, զայն հրաւիրած է կապուելու հայկական իր արմատներուն: Չարենցի էջերէն` ան ոստում կատարած է դէպի Մեծարենց, ու գեղապաշտ սերունդի այդ տաղանդաւոր ներկայացուցիչէն իր կարդացած առաջին նախադասութիւնը` “Տուր ինծի, Տէր, ուրախութիւնն անանձնական…“ գերեվարած է զինք, եւ ահա, ճամբայ ելած է Մեծարենցի կեանքէն ներշնչուած ժապաւէնի մը պատրաստութեան:
…Տարիներ առաջ, Ալեքս Հէյլի մը աշխարհը փոթորիկի ենթարկեց իր “Արմատներ“ (Roots) գիրքով: “Մեծարենց“ ժապաւէնն ալ նման վերադարձի մը պատմութիւնն է, առողջ շարժումի մը վերարտադրութիւնը (արդեօք ծանօ՞թ է Ժագ Ս. Յակոբեանի բանաստեղծաշունչ “Կռունկը կը կանչէ“ին…): Ներկաներուն հետ զրոյցին պահուն, Հայկ ամենայն անկեղծութեամբ կատարեց խոստովանութիւններ, որոնց շարքին էր այն (իսկ կարելի՞ է առանց յուզումի ու հպարտութեան լսել նման խոստովանութիւն), որ ինք, ու բնականաբար իրեն նման հայ երիտասարդներ երկու հիմնական գործօններ ունին իբրեւ հայ ապրելու եւ ստեղծագործելու համար.- ԼԵԶՈՒՆ` մեր մայրենին, եւ ՀՈՂԸ, հայրենի հողը…: Այս խոստովանութիւնը չկատարուեցաւ հրետորութեամբ ու քարոզչական հոգեբանութեամբ, այլ իբրեւ պարզ ու հարազատ արտայայտութիւն` անձնական փորձառութիւններու, հայ ըլլալու հպարտանքն ու բախտաւորութիւնը զգացած, ապրած ու մարմնաւորելու ելածի անմիջականութեամբ:
Ու մտածել, որ մեր պատանիներն ու երիտասարդները յաճախ իրենք զիրենք զուրկ կը պահեն մեր հայավարակ հեղինակներու ջերմացնող գիրի աշխարհէն, երէցներն ալ, իբրեւ կատարուած իրողութիւն, պարտութիւն կը հռչակեն` առանց ճակատամարտի մտնելու տաղտուկին…
Լեզուին ու հայրենի հողին Հայկի ակնարկութեանց կողքին, կարելի չէ անտեսել նաեւ այլ գործօններ, որոնք նպաստած են այս վերադարձին: Անոնցմէ մէկը, վստահաբար, ընտանեկան մթնոլորտը ըլլալու է (ան միայն հպանցիկ ակնարկութիւն ըրաւ ընտանիքին ընձեռած պայմաններուն մասին), իսկ մէկ ուրիշը` “Լարք“ երաժշտանոցին հայաշունչ մթնոլորտը, որուն հետ շփման մէջ եղած է ան, ժապաւէնի պատրաստութեան ընթացքին, վայելելով Վաչէ Պարսումեանի ուղղակի եւ անուղղակի հոգատարութիւնը…: Հայկ այս մասին ակնարկութիւն չըրաւ, սակայն ժապաւէնը լուռ բայց պերճախօս վկայութիւններ ունի այս մասին:
Հայկերու բազմացման վրայ է որ կը դրուին մեր գրաւները, անոնց կը կապուին հայութեան ու հայկականութեան կապուած յոյսերը:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Մարտ 2013