
Read Time:24 Second
ԵՐԵՒԱՆ․- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին Պռօշեան գիւղի Զօրաց պանթէոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ գումարտակի 2-րդ վաշտի կամաւորներէն Գէորգ Հաճեանի եւ իր 5 ընկերներուն` Երուանդ Թադեւոսեանի, Կարէն Բադալեանի, Արման Խաչատրեանի, Տաւրոս Աբրահամեանի եւ Դանիէլ Թովմասեանի յուղարկաւորութիւնը:
Արարողութեան ընթացքին ելոյթով հանդէս եկաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Նոյն օրը,կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, «Եռաբլուր»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ գումարտակի 2-րդ վաշտի կամաւորներէն Քրիստափոր Արթինի եւ Սուրէն Վանցեանի յուղարկաւորութիւնը: